Որոնել

2026.08.26 Udienza Generale

«Sacrosanctum Concilium»-ի ծիսական բարեփոխումը եւ հաւատացեալներու լիարժէք մասնակցութիւնը

Ծիսական բարեփոխութեան վերջնական նպատակը միայն արարողութիւններու պարզեցումը չէ։ Ան կոչուած է հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի աւելի խոր հանդիպում Քրիստոսի հետ, դէպի Աստուծոյ հետ միութիւն եւ դէպի եկեղեցական համայնքի մէջ եղբայրական կեանք։ Այս իմաստով, «Sacrosanctum Concilium»-ի պատգամը այսօր ալ կը մնայ կենսական՝ ծիսակատարութիւնը ապրելու ոչ միայն մարմնապէս ներկայ ըլլալով, այլեւ գիտակցութեամբ, հաւատքով եւ սիրով մասնակցելով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Վատիկանեան Բ. Ժողովի «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութիւնը Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի նորոգութեան կարեւորագոյն փաստաթուղթերէն մէկն է։ Անոր նպատակն էր ոչ թէ խզում մը ստեղծել Եկեղեցւոյ աւանդութեան հետ, այլ ծէսը նորոգել՝ զայն աւելի հասկնալի դարձնելու հաւատացեալներուն եւ ապահովելու`անոնց գիտակից, աշխոյժ ու հոգեւոր մասնակցութիւնը։ Այս եղաւ հակիրճ կերպով Լեւոն ԺԴ. Պապին 26 օգոստոսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը զոր ԱՆ ներկայացուց Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ հինգ հազարէ աւելի ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ծիսական բարեփոխումը

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, Վատիկանեան Բ. Ժողովի Սուրբ Ծիսակատարութեան մասին «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութեան նուիրուած այս վերջին խորհրդածութեան ընթացքին, այսօր կ'ուզեմ անդրադառնալ այն պատճառներուն, որոնց համար Ժողովի Հայրերը ուզեցին առաջ տանիլ ծիսական բարեփոխումը» ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։

Ծիսակատարութիւնը միայն արտաքին արարողութիւն մը չէ։ Ան Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հանդիպման կենդանի միջոցն է։ Ծէսերուն, աղօթքներուն, Աստուծոյ Խօսքին եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ հաւատացեալը կը մտնէ փրկագործութեան խորհուրդին մէջ եւ կը միանայ Աստուծոյ ու եկեղեցական համայնքին։ Հետեւաբար, հաւատացեալներուն մասնակցութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն մարմնական ներկայութեամբ, այլեւ գիտակցութեամբ, հաւատքով եւ ներքին պատրաստութեամբ, դիտել տուաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը մէջբերուելով այդ ժամանակուայ Միլանի Արքեպիսկոպոս եւ ապագայ Պօղոս Զ. Քահանայապետ` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինիի 28 հոկտեմբեր 1962-ին իր Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ղրկած նամակէն հատուածներ։

Բոլոր հաւատացեալներուն հասկնալի եւ մատչելի դարձնել ծէսը

Քահանայապետը ապա բացատրեց, թէ Վատիկանեան Բ. Ժողովը ուզեց նորոգել ծիսակատարութիւնը ՝ զայն աւելի հասկնալի եւ մատչելի դարձնելու նպատակով բոլոր հաւատացեալներուն համար ապա արժեւորելով զայն իբրեւ Աստուծոյ կեանքի աղբիւր:

«Ժողովական Հայրերուն սրտին մօտ եղող նպատակը յստակօրէն բացատրուած է Sacrosanctum Concilium սահմանադրութեան 21-րդ համարին մէջ» ըսաւ Լեւոն Պապը եւ շարունակեց. «Որպէսզի քրիստոնեայ ժողովուրդը աւելի ապահովաբար ստանայ այն առատ շնորհները, որոնք սրբազան ծէսը իր մէջ կը պարունակէ, սուրբ մայր Եկեղեցին կը փափաքի ծէսին ճշգրիտ ընդհանուր բարեփոխում մը կատարել։ Արդարեւ, ծէսը կը բաղկանայ անփոփոխ մասէ մը՝ աստուածային հաստատում ըլլալուն համար, եւ փոփոխելի մասերէ, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան կամ նոյնիսկ պէտք է փոխուին, եթէ անոնց մէջ մտած են ծէսին նկարագիրին նուազ համապատասխանող տարրեր, կամ եթէ այդ մասերը այլեւս պատշաճ չեն։ Այս բարեփոխումին մէջ, բնագիրներուն եւ ծէսերու կարգաւորումը պէտք է կատարուի այնպէս, որ անոնց արտայայտած սուրբ իրականութիւնները աւելի յստակօրէն բացատրուին, եւ քրիստոնեայ ժողովուրդը կարենայ աւելի դիւրութեամբ հասկնալ անոնց իմաստը ու մասնակցիլ լիարժէք, գործօն եւ համայնական տօնակատարութեամբ»։

Ծիսական բարեփոխումը երկար պատրաստութեան մը արդիւնք

Այս սկզբունքը նոր գաղափար մը չէր։ Ծիսական բարեփոխումը երկար պատրաստութեան մը արդիւնքն էր։ Ի. դարու ընթացքին տարբեր Պապեր արդէն ընդգծած էին հաւատացեալներուն աշխոյժ մասնակցութեան կարեւորութիւնը։ Պիոս ԺԱ. շեշտեց այդ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, Պիոս ԺԲ. բարեփոխեց Աւագ Շաբթուան ծէսերը՝ զանոնք աւելի մօտեցնելով Զատկական խորհուրդի բուն ժամանակագրութեան, իսկ Յովհաննէս ԻԳ. պարզեցուց Ժամագիրքի եւ Պատարագամատոյցի կարգաւորումները։ Այս քայլերը նախապատրաստեցին Վատիկանեան Բ. Ժողովի ծիսական նորոգութիւնը։

Ծիսական բարեփոխումը` Եկեղեցւոյ ապրող աւանդութեան շարունակութիւն

Բարեփոխութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը Սուրբ Գիրքի եւ աղօթքներու աւելի լայն մատչելիութիւնն էր, ինչպէս նաեւ ծէսերու որոշ տարրերու պարզեցումը։ Սակայն այս փոփոխութիւնները չեն նշանակեր աւանդութեան մերժում։ Ծիսակատարութեան մէջ կան աստուածային եւ էական տարրեր, որոնք անփոփոխ են, ինչպէս նաեւ մարդկային եւ պատմական տարրեր, որոնք դարերու ընթացքին կրնան զարգանալ եւ յարմարիլ տարբեր պայմաններու։

Այս պատճառով, ծիսական բարեփոխումը պէտք է հասկնալ իբրեւ Եկեղեցւոյ ապրող աւանդութեան շարունակութիւն։ Անիկա չի կրնար վերածուիլ անձնական նախասիրութիւններու կամ կամայական նորարարութիւններու։ Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է բարեփոխութիւնը գործադրել Եկեղեցւոյ սահմանած կանոններուն հաւատարիմ եւ աւանդութեան հանդէպ յարգանքով։

Ուստի Վատիկանեան Բ. Ժողովի ծիսական բարեփոխումը մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ ապրող աւանդութեան եւ պէտք է անթերի կերպով գործադրուի՝ զերծ մնալով չարաշահումներէ կամ սխալ մեկնաբանութիւններէ:

Հովիւներուն պարտականութիւնը

«Ուստի, հովիւներուն, եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քահանայի գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է պահպանել ու խթանել այնպիսի ծիսակարգ մը, որ, ծիսական կանոնները յարգելով, փայլի ազնիւ պարզութեամբ (հմմտ. թիւ 34) եւ այդպէսով դրսեւորէ մէկ, սուրբ, ընդհանրական (կաթողիկէ) եւ առաքելական Եկեղեցին» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով թէ «նման ծիսակարգ մը պիտի ըլլայ նաեւ աւետարանութեան հիմնական միջոց մը, շնորհքի գործիք մը, որուն միջոցաւ, ինչպէս կը սորվեցնէ Ժողովը, պիտի կարենանք սորվիլ ընծայել մենք զմեզ եւ, Քրիստոսի միջնորդութեամբ, պիտի կատարելագործուինք Աստուծոյ հետ եւ մեր միջեւ եղած միութեան մէջ (հմմտ. թիւ 48)»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/08/2026, 10:22

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >