Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Հոգեւոր երաժշտութիւնը՝ եկեղեցական հաղորդութեան եւ Սուրբ Պատարագի անբաժանելի մասը

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ընդգծեց, որ սրբազան երաժշտութիւնը պարզ զարդարանք մը չէ, այլ պատարագի անբաժանելի մասը, որ աղօթքը կ'արտայայտէ, սրտերը կը միաւորէ եւ կը նպաստէ հաւատացեալներու գործօն մասնակցութեան։ Ան շեշտեց նաեւ Եկեղեցւոյ երաժշտական աւանդութիւնը պահպանելու, տարբեր մշակոյթներու երաժշտական ժառանգութիւնը յարգելու եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը պատարագի արժանապատուութեան համապատասխան զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ եկեղեցական հաղորդութեան արտայայտութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 19 օգոստոսին, Սուրբ Պետրոս տարաճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց հրապարակային ունկնդրութիւնը, աւելի քան 5000 հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։

Նորին Սրբութեան հրապարակային ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Հոգեւոր երաժտշութիւնը ու անոր կարեւորութիւնը սուրբ պատարագին մէջ ընդգծելով, որ երաժշտութիւնը պարզապէս տօնական զարդարանք մը չէ, այլ պատարագի գործողութեան անբաժանելի մասը։

Հոգեւոր երաժշտութիւնը՝ Եկեղեցւոյ անգին գանձը

Քահանայապետը յիշեց Բ. Վատիկանեան Ժողովի «Sacrosanctum Concilium» սահմանադրութիւնը, որ Հոգեւոր երաժշտութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ Եկեղեցւոյ անգին գանձերէն մէկը։ Ան շեշտեց, որ երգելն ու նուագելը աղօթել է՝ սիրտը միացնելով քոյրերու եւ եղբայրներու, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սրտին։ Այս առումով ան յիշեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը՝ «երգելը սիրողին յատուկ է»՝ ընդգծելով, որ երգեցողութիւնը կը բանայ սիրտը Աստուծոյ շնորհքին առջեւ։

Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց նաեւ, որ երգեցողութիւնը կը նպաստէ հաղորդութեան ստեղծման։ Ձայներու ներդաշնակութիւնը կը միաւորէ հաւատացեալները, կը յաղթահարէ տարբերութիւնները եւ բոլորը կը համախմբէ Աստուծոյ փառաբանութեան մէջ՝ դառնալով Եկեղեցւոյ բնորոշ հաղորդութեան տեսանելի արտայայտութիւնը։

Պատարագի երաժշտութեան արժանապատուութիւնը

Ան միաժամանակ շեշտեց, որ պատարագի երաժշտութիւնը պէտք է համապատասխանէ տուեալ արարողութեան բնոյթին եւ ըլլայ միաժամանակ վեհ, պարզ, բարձրորակ եւ դիւրին կատարելի, մանաւանդ երբ նախատեսուած է ամբողջ հաւաքականութեան մասնակցութեամբ։ Նոյն սկզբունքով, երգերու բնագրերը պէտք է ըլլան խորունկ, յստակ եւ դիւրըմբռնելի՝ ներշնչուած Սուրբ Գիրքէն, պատարագի գիրքերէն եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր աւանդութենէն։

Քահանայապետը յիշեց նաեւ «lex orandi, lex credendi» հին սկզբունքը՝ շեշտելով, որ աղօթքի օրէնքը նաեւ հաւատքի օրէնքն է։ Այս պատճառով անհրաժեշտ է զգուշանալ այնպիսի երաժշտութենէ եւ բնագրերէ, որոնք չեն համապատասխաներ պատարագի արժանապատուութեան եւ կրօնական իմաստին։

Հաւատացեալներու գործօն մասնակցութիւնը

Ան կարեւորեց հաւատացեալներու «գործօն մասնակցութիւնը» պատարագին՝ ընդգծելով, որ այդ մասնակցութիւնը կ'արտայայտուի ոչ միայն երգեցողութեամբ, այլեւ սաղմոսներով, պատասխաններով, հակերգներով, հաւաքական երգերով եւ լռութեամբ։ Այս բոլորը պէտք է ընթանան տարբեր ծառայութիւններու եւ պահերու ներդաշնակ հաւասարակշռութեամբ։

Գրիգորեան երգեցողութիւն եւ երաժշտական գործիքներ

Լեւոն ԺԴ. անդրադարձաւ նաեւ Գրիգորեան երգեցողութեան կարեւորութեան եւ երգեհոնի առանձնայատուկ տեղին հոգեւոր երաժշտութեան մէջ։ Միաժամանակ ան յիշեց, որ այլ երաժշտական գործիքներ եւս կրնան գործածուիլ, երբ անոնք կը համապատասխանեն սուրբ պաշտամունքի բնոյթին, եկեղեցւոյ արժանապատուութեան եւ հաւատացեալներու հոգեւոր կերտումին։

Երաժշտական աւանդութիւններու եւ մշակութային ոլորտի կարեւորութիւնը

Քահանայապետը առանձնայատուկ կարեւորութիւն տուաւ նաեւ «մշակութային ոլորտին»՝ ընդգծելով տարբեր ժողովուրդներու երաժշտական աւանդութիւնները յարգելու եւ եկեղեցական կեանքին մէջ զանոնք զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան շեշտեց նաեւ եկեղեցական երաժշտութեան կրթութեան կարեւորութիւնը դպրոցներու, ճեմարաններու, կրօնական հաստատութիւններու եւ այլ կաթողիկէ կրթական կառոյցներու մէջ։

Schola cantorum-ի հովուական առաքելութիւնը

Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ «schola cantorum-ի առաքելութեան՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ կարեւոր հովուական ծառայութիւն, որ կոչուած է ապահովելու երգերու պատշաճ կատարումը եւ միաժամանակ խթանելու հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Հոգեւոր երաժշտութեան հեղինակներուն առաքելութիւնը

Իսկ հոգեւոր. երաժշտութեան հեղինակները, ըստ Քահանայապետին, կոչուած են ճանչնալու եւ պահպանելու Եկեղեցւոյ երաժշտական հարուստ ժառանգութիւնը՝ անոր ներշնչումով ստեղծելով նոր գործեր, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից զգայնութեան եւ տարբեր մշակութային աւանդութիւններու՝ միաժամանակ պահպանելով պատարագի արժանապատուութիւնը։

«Մէկ երգչախումբ»՝ Աստուծոյ փառաբանութեան համար

Իր խօսքը եզրափակելով՝ Լեւոն ԺԴ. յիշեց Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ պատարագի երգեցողութեան տրուած մեծ կարեւորութիւնը եւ մէջբերեց Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացիի խօսքերը, ըստ որոնց հաւատացեալները պէտք է դառնան «մէկ երգչախումբ», որպէսզի միասնական ձայնով երգեն Աստուծոյ, ինչ որ կը բացայայտէ հոգւեւոր երգեցողութեան խոր իմաստը՝ Աստուծոյ փառաբանութեան մէջ բոլոր հաւատացեալներու միութիւնը եւ եկեղեցական հաղորդութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/08/2026, 09:36

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >