Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Աղօթքը յոյսի արարք մըն է»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին ընդգծեց ծիսական աղօթքի եւ Ժամերգութեան կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով վերագտնելու աղօթքի ճշմարիտ էութիւնը արդի սպառողական աշխարհին մէջ: Ան հաստատեց, որ Ժամասացութիւնը Եկեղեցւոյ ամենօրեայ շնչառութիւնն է, որ կը սրբագործէ մեր ժամանակը եւ հաւատացեալները աւելի սերտօրէն կը միացնէ Քրիստոսի հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2026-ին, ամառնային արձակուրդէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 5.000 հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ՝ աշխարհի տարբեր կողմերէն:

Իր խորհրածութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը շարունակեց Վատիկանեան Բ. Ժողովի «Sacrosanctum Concilium» ծիսական Սահմանադրութեան շուրջ սկսած ուսուցումներու շարքը՝ այս անգամ յատուկ անդրադարձ կատարելով ծիսական աղօթքի եկեղեցական տարողութեան:

Սուրբ Հոգին՝ Աղօթքի Ներշնչողը

Քահանայապետը իր խօսքը սկսաւ հաստատելով, թէ Պօղոս Առաքեալի ուսուցումներուն համաձայն, Սուրբ Հոգին է, որ մեզի կը հաղորդէ աղօթելու շնորհքը.

«Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ակնարկէ, Սուրբ Հոգին է, որ մեզի աղօթել կը սորվեցնէ։ Հոգեգալստեան օրէն ի վեր, Հոգին կը բնակի Եկեղեցւոյ մէջ՝ ներշնչելով անոր ամէն գործունէութիւնը եւ յատկապէս՝ աղօթքը։ Առաջին համայնքին կեանքը, որ ծնունդ առաւ Երուսաղէմի մէջ Յիսուսի Զատիկէն ետք, կեանք մըն է Սուրբ Հոգիին մէջ՝ պարգեւուած յարուցեալ Տիրոջմէն։ «Այդ ժամանակէն ի վեր,– կ՚ըսէ Ժողովը,– Եկեղեցին երբեք չդադրեցաւ համախմբուելէ՝ տօնակատարելու համար զատկական խորհուրդը. կարդալով “բոլոր Գիրքերուն մէջ այն ինչ որ իրեն կը վերաբերէր” (Ղուկ. 24, 27), մատուցանելով Սուրբ Պատարագը , որուն մէջ ներկայ կը դառնան իր մահուան յաղթանակն ու փառքը, եւ գոհութիւն յայտնելով “Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար” (Բ. Կորնթ. 9, 15) Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, “ի գովեստ իր փառքին” (Եփես. 1, 12), Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ» (Sacrosanctum Concilium, 6)։»

Աղօթքը՝ ընդդէմ սպառողական մտայնութեան

Արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով՝ Լեւոն ԺԴ. դիտել տուաւ, որ արդիւնաւէտութեան եւ սպառողականութեան վրայ հիմնուած մտայնութիւնը յաճախ աղօթքը կրնայ անօգուտ եւ ծիծաղելի բան մը թուեցնել: Այն աշխարհին մէջ, ուր գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը կը յաւակնին տալ բոլոր հարցումներու պատասխանները, աղօթելը կրնայ դիտուիլ իբրեւ իրականութենէ փախուստ:

Քահանայապետը ցաւով նշեց նաեւ, որ նոյնիսկ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ աղօթքի աւանդումը երբեմն կը տկարանայ, իսկ շատերը աղօթքը կը շփոթեն հոգեբանական վարժութիւններու կամ անձնական բարօրութեան հասնելու միջոցներու հետ: «Մինչդեռ աղօթքը, իբրեւ մեր մարդկային էութեան հիմնարար ծաւալը, արժանի է վերագտնուելու իր ճշմարտութեան մէջ»,– շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի սեսլականը. «Աստուած՝ առաջին Տեղը»

Յղում կատարելով Սուրբ Պօղոս Զ. Պապին՝ Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց 1963 Դեկտեմբեր 4-ի պատմական ճառը, ուր Սուրբ Քահանայապետը, Sacrosanctum Concilium-ի վաւերացման պահուն, հռչակած էր.

«Աստուած՝ առաջին տեղը. աղօթքը՝ մեր առաջին պարտաւորութիւնը. Ժամասացութիւնը՝ մեզի փոխանցուած աստուածային կեանքի առաջին աղբիւրը, մեր հոգեւոր կեանքի առաջին դպրոցը» (Ճառ, Սուրբ Պետրոսի Տաճար, 4 Դեկտեմբեր 1963)։

Ժամասացութիւնը իբրեւ Աստուածային Հանդիպման Վայր

Այս ծիրին մէջ, ժամասացութիւնը կը ներկայանայ ոչ թէ իբրեւ չոր ծէս, այլ իբրեւ հանդիպման վայր, ուր Աստուած Նախաձեռնողն է Իր Որդիին միջոցաւ, իսկ հաւատացեալները կանչուած են աշխոյճ եւ գիտակից մասնակցութեան:

Ժամերգութիւնը՝ Հաւատացեալի Ամենօրեայ Կեանքի ուժը

Քահանայապետը յատուկ շեշտ դրաւ «Ժամերգութեան»՝ Եկեղեցւոյ պաշտօնական աղօթքի կարեւորութեան վրայ: Ան հրաւիրեց ծխական համայնքներն ու մկրտուածները Ժամագիրքը ընդունելու իբրեւ քրիստոնէական աղօթքի ճշմարիտ դպրոց:

«Ամէն շաբաթ եւ ամէն օր, Սուրբ Պատարագն ու Ժամասացութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքի շունչն են, որոնք Սուրբ Հոգին կը շրջանառեն Անոր Մարմնոյն մէջ»: Այս աղօթքին մէջ, Քրիստոս «իրեն կը միացնէ ամբողջ մարդկութիւնը եւ զայն իրեն կ՚ընկերակցէ փառաբանութեան այս աստուածային երգը բարձրացնելու ատեն»:

Սուրբ Օգոստինոսի վկայութիւնը. Քրիստոսի ձայնը մեր մէջ

Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը. «Երբ աղօթքի մէջ Աստուծոյ հետ կը խօսինք, պէտք չէ Որդին իրմէ բաժնենք. եւ երբ Որդիին Մարմինը կ՚աղօթէ, թող իր Գլուխը իրմէ չբաժնէ։ Ուրեմն, իր Մարմնին միակ Փրկիչը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին, թող ըլլայ այն նոյն Ինքը, որ կ՚աղօթէ մեզի համար, կ՚աղօթէ մեր մէջ եւ կ՚աղօթուի մեր կողմէ։ Ան կ՚աղօթէ մեզի համար՝ իբրեւ մեր քահանան. կ՚աղօթէ մեր մէջ՝ իբրեւ մեր գլուխը. կ՚աղօթուի մեր կողմէ՝ իբրեւ մեր Աստուածը։ Հետեւաբար, Իր մէջ ճանչնանք մեր ձայնը, եւ Իր ձայնը՝ մեր մէջ»։

Ամենօրեայ Ժամանակի սրբագործումը եւ յոյսի Ուխտագնացութիւնը

Իր խորհրածութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, որ Ժամասացութիւնը կը սրբագործէ մեր ամենօրեայ ժամանակը.

Առաւօտեան․օրը կը սկսինք հաւատքով եւ գոհունակութեամբ:

Կէսօրին․ կը խնդրենք հաւատարմութեան ուժ՝ ամենօրեայ աշխատանքի յոգնութեանց մէջ:

Երեկոյեան․ Երեկոյեան Ժամերգութիւնը կ՚ընկերակցի արեւամուտին:

Գիշերային ժամուն․ կը քնանանք՝ մեզ յանձնելով Աստուծոյ խաղաղութեան:

«Ամէն Ժամ յոյսի արարք մըն է. երկրային ուխտագնացութեան ընթացքին, արթուն կը մնանք՝ ամբողջ Եկեղեցւոյ հետ միասին սպասելով Տիրոջ փառաւոր գալստեան»,– եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/08/2026, 09:39

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >