Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ծիսական տարին Քրիստոսի հետ կենդանի հանդիպում մըն է»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ամարային կարճ դադարէ մը ետք Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը անցեալ չորեքշաբթի 5 օգոստոսին վերսկսաւ իր հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները` զոր գլխաւորեց նաեւ այսօր` չորեքշաբթի 12 օգոստոսին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ գրեթէ հինգ հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Շարունակելով Վատիկանեան Բ. Ժողովի «Sacrosanctum Concilium» (SC) ծիսական Սահմանադրութեան նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը՝ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կեդրոնացուց սահմանադրութեան հինգերորդ գլուխին վրայ, որ նուիրուած է ծիսական տարւոյն. մը, որուն վրայ այսօր կ'ուզենք կանգ առնել՝ բացատրելու համար անոր արժէքը իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ»։
Ծիսական տարւոյն իմաստն ու պատմական զարգացումը
Սրբազան Պապը նշեց, թէ «ծիսական տարի» եզրոյթը եկեղեցական լեզուամտածողութեան մէջ տարածուած է Աբբայ Փրոսփէր Կէրանժէի շնորհիւ։
Մէջբերելով Պիոս ԺԲ. Պապի «Mediator Dei» շրջաբերականը՝ Ան ընդգծեց, որ ծիսական տարին անցեալի դէպքերու պարզ հանդիսատեսութիւն մը չէ, այլ փրկագործութեան մշտական արդիականացումը եւ Քրիստոսի հետ իրական հանդիպում մը, որուն միջոցաւ հաւատացեալները կը հաղորդուին Անոր խորհուրդներով։
Պիոս ԺԲ. գրած էր. «[Ծիսական տարին] նոյնինքն Քրիստոս Ինքն է, որ միշտ կ’ապրի Իր Եկեղեցիին մէջ եւ կը շարունակէ անհուն ողորմութեան այն ճանապարհը, զոր Ինք սկսած էր [...] այս մահկանացու կեանքին մէջ [...], նպատակ ունենալով մարդկային հոգիները հաղորդ դարձնել Իր խորհուրդներուն եւ զանոնք ապրեցնել անոնցմով. խորհուրդներ, որոնք մշտապէս ներկայ են ու գործօն» (թիւ 140 III Divinum Officium et Annus Liturgicus, II Cyclus Mysteriorum):
Ծիսական տարին փրկագործութեան մշտական արդիականացու
«Ուստի, ծիսական տարին պէտք է հասկնալ իբրեւ փրկագործութեան մշտական արդիականացում, զոր Քրիստոս կ’ իրագործէ պատմութեան մէջ։ Անցնելով այս ժամանակային բոլորաշրջանէն, Եկեղեցին հաղորդակից կը մնայ Տիրոջ փրկարար գործողութեան, այնպէս որ բոլոր հաւատացեալները կը լեցուին Անոր շնորհքով (հմմտ. SC, 102c)» յարեց Սրբազան Պապը։
Կիրակին՝ «Օրերու օրը»
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի Dies Domini Առաքելական Նամակին (31 Մայիս 1998), որուն մէջ երջանկայիշատակ սուրբ Քահանայապետը կը սովորեցնէ, որ «Կիրակին Տիրոջ օրն է, Եկեղեցւոյ օրն է, մարդու օրն է եւ, ի վերջոյ, «օրերու օրը»։
Խօսելով Կիրակի օրուայ մասին՝ Լեւոն ԺԴ. նշեց` որ Ժողովական Հայրերը զայն կը նկատեն ծիսական տարւոյն «հիմնաքարն ու կորիզը», «նախնական տօնի օրը» (հմմտ. SC, 106)»։ Ան ապա պարզաբանեց որ զանազան արդի լեզուներու մէջ անոր անունը կը վկայէ, որ անիկա «dies Domini»ն է՝ այսինքն «Տիրոջ օրը»։ Նոյնիսկ այն լեզուներուն մէջ, ուր տիրապետող դարձած է «արեւի օր» եզրոյթը (Sunday, Sonntag), կը նշմարուի կապը Քրիստոսի հետ. Ան է ճշմարիտ «արդարութեան արեւը», որ կը լուսաւորէ իւրաքանչիւր մարդ»։
Սուրբ Պատարագի կարեւորութիւնը.
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը էական նկատեց կիրակի օրը սրբացնել Սուրբ Հաղորդութեան (սուրբ պատարագի) կատարումով ընդգծելով որ «այս հաւաքոյթը փոխարինելի չէ լոկ վիրթուալ ներկայութեամբ մը, ոչ ալ կը սահմանափակուի սոսկ կրաւորական հաւաքով մը։ Ծիսական հաւաքոյթը արդարեւ կ՛ իրականանայ եղբայրներու եւ քոյրերու գործօն մասնակցութեամբ, որոնք միասին հրաւիրուած են «գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որ զիրենք ծնաւ, “մեռելներէն Քրիստոսի յարութեան միջոցաւ՝ կենդանի յոյսի մը համար” (Ա Պետ 1,3)» (նոյն տեղը)» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ յորդորեց նաեւ փնտռել լաւագոյն պայմանները, որպէսզի կարենան Սուրբ Պատարագին մասնակցիլ նաեւ անոնք, որոնք իրենց աշխատանքէն բացակայելու կարելիութիւնը չունին։»
Փրկագործական պատմութեան մանրակերտը
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ամփոփեց ծիսական տարւոյն կառոյցը, որ կը ներառէ.
Զատկական շրջանը. Քառասնորդաց պահքով պատրաստուող եւ Հոգեգալուստով գագաթնակէտին հասնող 50-օրեայ ցնծութիւնը։
Ծննդեան շրջանը. Աստուծոյ Բանին մարմնացման եւ աշխարհին յայտնութեան խորհուրդը։
Տիրամօր եւ Սուրբերու յիշատակութիւնը. Սուրբ Կոյս Մարիամի դերը փրկագործութեան մէջ եւ մարտիրոսներու ու սուրբերու բարեխօսութիւնը։
Ծիսական տարին ներշնչման աղբիւր եւ էական հայեցակէտ ամէն տեսակ հովուական գործունէութեան
«Ծիսական տարին այսպէս խորհրդական ձեւով վերստին կը ներկայացնէ փրկութեան պատմութեան մանկավարժութիւնը՝ հաւատացեալները առաջնորդելով Մեսիայի սպասումէն մինչեւ զատկական խորհուրդի լիութիւնը եւ ապագայ փառքի կանխավայելումը» ըսաւ խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «Անոր մէջ Եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի խորհուրդի փրկարար արդիականութիւնը՝ հաւատացեալներուն թոյլ տալով աւելի ու աւելի խորապէս մասնակցիլ անոր»։
«Ահա թէ ինչու ծիսական տարին կը հանդիսանայ ներշնչման աղբիւրն ու էական հայեցակէտը ամէն տեսակ հովուական գործունէութեան» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
