Որոնել

2026.06.03 Udienza Generale

Համր հանդիսատեսներ չըլլանք այլ ծիսակատարութեան մասնակցինք մեր ամբողջ էութեամբ

Ծէսը, նշանը, խորհրդանիշը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւն։ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Քահանայապետը հաւատացեալներուն բացատրեց, թէ որոնք են ծիսակատարութեան տարրերը, որոնք թոյլ կու տան «Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ վայելելու Աստուծոյ ներկայութիւնը»։ Իր կշռոյթներու վսեմ պարզութեամբ, ծէսը՝ որ պէտք է խնամուի «նուրբ ձեռքով եւ առանց կամայականութեան», կը դադրեցնէ տենդագին գործունէութիւնները՝ մեզ վերադարձնելով դէպի էականը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, շարունակելով Sacrosanctum Concilium (SC) տիեզերական ժողովի Սահմանադրութեան շուրջ քարոզախօսութիւնները , կ՚ուզենք կանգ առնել ու խորհրդածել ծիսակատարութեան քանի մը հիմնական տարրերուն շուրջ, ինչպիսիք են՝ ծէսը, նշանը եւ խորհրդանիշը»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկիզբ տուաւ 3 Յունիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ի ներկայութեան բազմահազար հաւատացեալներուն, շարունակելով  Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի Փաստաթուղթերուն նուիրած  իր խորհրդածութիւններուն շարքը։

Քրիստոնէական ծէսերը եկեղեցական միջնորդութիւն որուն միջոցաւ աստուածային պարգեւը կը հասնի մեզի

«Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը, արժեւորելով Ծիսական շարժման թանկագին աշխատանքը, մեզի օգնեց վերագտնելու շատ կենդանի ճշմարտութիւն մը՝ հին Եկեղեցւոյ գիտակցութեան եւ Հայրապետերու ուսուցումներուն մէջ։ Քրիստոնէական ծէսերը խորհրդակատարութեան խորհուրդին արտաքին քօղը կամ կամայական արարողութիւններու ամբողջութիւն մը չեն, այլ եկեղեցական այն միջնորդութիւնն են, որուն միջոցաւ աստուածային պարգեւը մեզի կը հասնի։ Ճիշդ այս պատճառով ալ Ժողովը կը հրաւիրէ հասկնալու Mysterium fidei-ն (Հաւատքի խորհուրդը), որ կ՚իրականանայ պատարագին մէջ՝ ծէսերու եւ աղօթքներու միջոցաւ (հմմտ․ SC, 4)» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Համր հանդիսատեսներ չըլլանք այլ ծիսակատարութեան մասնակցինք մեր ամբողջ էութեամբ

«Ծէսը ձեւ կու տայ պատարագային գործողութեան եւ, անոր ընդմէջէն, մեր կեանքին՝ մեզ ընդունակ դարձնելով վայելելու Աստուծոյ ներկայութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» շարունակեց Քահանայապետը աւելցնելով թէ բնականօրէն այս մէկը կարելի կը դառնայ այն պահուն երբ մենք համր հանդիսատեսներ չենք այլ ծիսակատարութեան կը մասնակցինք մեր ամբողջ էութեամբ` մարմնով, մտքով եւ հոգիով։

«Սուրբ ծէսին միջոցաւ մենք այսպէս կը ձեւաւորուինք` մտիկ ընելու համար Աստուծոյ Խօսքը, գոհաբանութեան ու երկրպագութեան, եղբայրական բաժնեկցութեան եւ եկեղեցական հաղորդութեան».  ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ հաստատեց` թէ  այսպէսով «կ՚անդրադառնանք, որ նոյն հաւատքով համախմբուած բազմադէմ հաւաքոյթ մըն ենք»։

Ծէսը չի սահմանափակեր անհատական ազատութիւնը

Ծէսը, թէեւ կը հետեւի նախապէս սահմանուած շարժումներու (նշաններու) եւ աղօթքներու, չի սահմանափակեր անհատական ազատութիւնը։ Ընդհակառակը՝ անիկա կը դադրեցնէ առօրեայ վազվզուքը եւ կ՚օգնէ վերստին գտնելու այն, ինչ որ էական է։ Ծէսին միջոցաւ կ՚ապրուի գործելակերպի այնպիսի մէկ չափանիշ մը, որ միտուած չէ արդիւնաւէտութեան, այլ անտեղ կը ճաշակուի ձրի պարգեւը, կը վերագտնուի սրտին համար վերանորոգող ժամանակ մը, եւ մարդը կ՚անդրադառնայ աստուածային շնորհքին ու իր կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիի ներկայութեան, ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ու բացատրեց, որ Պատարագին մէջ մարդուն սրբագործումը կ'արտայայտուի զգալի նշաններով եւ կ'իրականանայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին յատուկ եղանակով:

Ջուրի նշանը

Ան ապա նշեց թէ «խորհրդանշական է ջուրի նշանը. արարչագործութեան սկիզբէն մինչեւ ջրհեղեղ, Կարմիր ծովու անցումէն մինչեւ Յորդանան գետ, մինչեւ այն ջուրը, որ կը բխի Քրիստոսի կողէն եւ կը դառնայ խորհրդաբանական նշան Անոր մահուան ու յարութեան մէջ ընկղմելուն»

«Նշան» եւ «խորհրդանիշ» բառերը յաճախ կը գործածուին իբրեւ հոմանիշներ։ Իրականութեան մէջ, նշան մը խորհրդանշական է, երբ ընդունակ է ակնարկելու ոչ միայն գաղափարի մը, այլ՝ իմաստներու եւ արժէքներու ամբողջական համակարգի մը։ Այսպէս, օրինակ՝ երբ մեզի օրհնուած ջուր կը սրսկուի, մեր մէջ կը վերակենդանանայ Մկրտութեամբ ստացուած պարգեւին գիտակցութիւնը եւ Քրիստոսի մէջ նոր կեանքին մեր յարումը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով խորհրդանիշներու գործնական բնոյթին ու գործողութիւններուն` «ինչպէս ծունկի գալը եւ իրարու խաղաղութիւն տալը, կամ աւելի պարտաւորեցնող (պահանջկոտ)՝ ինչպէս իւրաքանչիւր Սուրբ Խորհուրդի հիմնադիր արարքները»։

Խորհրդանիշները կը յառաջացնեն պատկանելիութիւն, դպչելով սրտին ու միտքին

«Յատկապէս, խորհրդանիշները ունին իւրայատուկ ներգործական (կատարողական) եւ փոխակերպող չափանիշ մը ... որոնք կը յառաջացնեն պատկանելիութիւն, դպչելով սրտին ու միտքին, եւ արթնցնելով վաւերական եկեղեցական յարաբերութիւններ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «մենք պէտք ունինք թոյլ տալու, որ պատարագի ծէսերը մեզ դաստիարակեն՝ նրբանկատութեամբ եւ առանց կամայականութեան խնամելով մեր արարողութիւններուն գեղեցկութիւնը եւ ներգրաւուելով ճշմարիտ խորհրդածութեան մէջ»:

«Կենդանի եւ բարեպաշտ պատարագի մը փորձառութիւնը լաւագոյն աղբիւրն է իւրաքանչիւրին մէջ արթնցնելու այն բացուածքը դէպի Աստուծոյ հետ հանդիպումը, որ կրնայ տեղի ունենալ միայն ամբողջական մարդուն ներգրաւումով՝ միտք, հոգի եւ մարմին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2026, 10:16

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >