Լեւոն ԺԴ. «Սուրբ Հաղորդութիւնը հզօր հակաթոյն է աշխարհը հարուածող բաժանումներուն դէմ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց ամսուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Սրբազան Հայրը շարունակեց իր խորհրդածութիւններու շարքը՝ նուիրուած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի Sacrosanctum Concilium Ծիսական Սահմանադրութեան, այս անգամ յատկապէս անդրադառնալով Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի նորոգութեան, Աստուծոյ Խօսքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող խորունկ ու անքակտելի կապին։
Դառնալ այն, ինչ որ կ'ընդունինք
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, կը շարունակենք մեր սերտողութիւնը Վատիկանեան Բ. Ժողովի ծիսակատարութեան մասին սահմանադրութեան շուրջ»,- ըսաւ Սրբազան Պապը՝ յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի ուսուցումներուն։ Մեծանուն հայրապետը նոր մկրտուածներուն կը յիշեցնէր Սուրբ Պօղոսի խօսքերը. «Դուք Քրիստոսի մարմնոյն անդամներն էք», աւելցնելով՝ «Եղէ՛ք այն, ինչ որ կը տեսնէք, եւ ընդունեցէ՛ք այն, ինչ որ դուք էք»։
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Տիրոջ սեղանին մասնակցիլը սովորական արարողութիւն մը չէ, այլ իրապէս կը նշանակէ կերտուիլ Աստուծոյ Խօսքով եւ վերանորոգուիլ Սուրբ Հաղորդութեամբ (հմմտ. SC, 48)։ Զայն ընդունելով է, որ հաւատացեալները կը դառնան այն Մարմինը, որուն Գլուխը յարուցեալ Քրիստոսն է։ Այսպիսով, Սուրբ Հաղորդութիւնը կը դառնայ գալիք Արքայութեան խորհուրդը եւ ճամբորդութեան «Ճանապարհի Հացը» դէպի երկնային Հայրենիք։
«Ծիսական համայնքը Զոհաբերութիւնը կը մատուցանէ ոչ միայն քահանային ձեռքով, այլ նաեւ անոր հետ միացած» (SC, 48)։ Այս մասնակցութեամբ հաւատացեալները կը սորվին զիրենք ընծայաբերել եւ օրէ օր նուիրուիլ Աստուծոյ ու իրարու։
Խօսքի եւ Հաղորդութեան անբաժանելի միութիւնը
Սրբազան Քահանայապետը ծանրացաւ Պատարագի երկու հիմնական սիւներուն վրայ՝ հաստատելով, որ Սուրբ Հաղորդութեան մասնակցութիւնը կը բաղկանայ երկու անբաժանելի պահերէ՝ Խօսքի Ծէսը եւ Հաղորդութեան Ծէսը։ Ասոնք այնքան սերտօրէն կապուած են իրարու, որ կը կազմեն պաշտամունքի մէկ միասնական արարողութիւն (հմմտ. SC, 56)։
Աստուծոյ Խօսքը արդարեւ միայն գիրքի գիտութիւն չէ, այլ կենդանի ուժ, որ կը կերպարանափոխէ հաւատացեալը՝ զայն մեղքի վիճակէն առաջնորդելով դէպի նոր կեանք։
Սուրբ Գիրքն ու Հաղորդութիւնը փոխադարձաբար կը լուսաւորեն զիրար. Հաղորդութիւնը կ'օգնէ հասկնալու Աստուածաշունչը, իսկ Աստուածաշունչը կը բանայ հաղորդական խորհուրդի հարստութիւնը։
Այս իսկ պատճառով, ինչպէս յիշեցուց Լեւոն ԺԴ., Վատիկանեան Բ. Ժողովը Ճաշոցագիրքի միջոցաւ ընդլայնեց աստուածաշնչական ընթերցումներու ընտրանին, որպէսզի հաւատացեալները աւելի հարուստ սնունդ ստանան։
Հակաթոյն՝ բաժանումներու դէմ
Անդրադառնալով արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն՝ Լեւոն Պապը շեշտեց, որ Քրիստոսի կեանքի ոճը, որ հիմնուած է ձրի նուիրումի վրայ, Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ կը փոխանցուի մեզի։ Այս աստուածային պարգեւը մեզ կը մտցնէ միութեան շարժումին մէջ, որ «հզօր հակաթոյն մը կը հանդիսանայ բաժանման այն խմորումներուն դէմ, որոնք կը հարուածեն մեր աշխարհը, մեր համայնքները, մեր ընտանիքները եւ մեր սիրտերը»։
Մեր Փրկիչը, Վերջին Ընթրիքի ընթացքին, հաստատեց իր մարմնոյն եւ արեան հաղորդական զոհաբերութիւնը՝ Եկեղեցիին վստահելով իր մահուան ու յարութեան յիշատակը, նկատել տուաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ Խորհրդածութեան աւարտին հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները՝ հաւատքով ըմպելու աստուածային կեանքի այս աղբիւրէն եւ թոյլ տալու, որ տօնախմբուած խորհուրդը վերափոխէ իրենց կեանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
