Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը ամփոփեց Սպանիոյ Ճամբորդութիւնը. «Բարձրացուցէ՛ք Ձեր Հայեացքը» մարտահրաւէրներու դիմաց

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ամփոփեց Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութիւնը՝ ընդգծելով ժամանակակից Եւրոպայի մարտահրաւէրները, մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը եւ գաղթականներու ու տառապողներու ձայնը լսելու կարեւորութիւնը։ Յղում ընելով այցելութեան «Բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը» կարգախօսին՝ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները աշխարհին ու մերձաւորին նայիլ Աստուծոյ աչքերով, այսինքն՝ սիրով, յարգանքով եւ գթասրտութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 17 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, հազարաւոր իտալացի եւ օտարերկեայ ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան, որ ներառած էր Մատրիտը, Պարսելոնան, Մոնսեռաթի վանքն ու Քանարեան կղզիները։ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց, որ ափրիկեան չորս երկիրներ այցելելէ ետք, այս մէկը ընկղմում մըն էր հինաւուրց կաթողիկէ աւանդութիւններով հարուստ եւ ընկերամշակութային մեծ փոփոխութիւններ ապրող եւրոպական երկրի մը մէջ:

Ժամանակակից Եւրոպայի մարտահրաւէրները եւ «Magnifica humanitas» շրջաբերականը

Քահանայապետը յատուկ գոհունակութեամբ յիշեց Սպանիոյ ժողովուրդին, արքայական ընտանիքին եւ քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն ջերմ ընդունելութիւնը, նշելով որ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութիւնը թէ՛ պատմական տաճարներու եւ թէ՛ արդիական մարզադաշտերու մէջ, կը փաստէ հասարակութեան մէջ առկայ ճշմարտութեան ու արդարութեան ծարաւը:

«Աւանդականի եւ արդիականի այս հանդիպումը ինծի զգացնել տուաւ Եւրոպայի կենդանի հարստութիւնը, որ հինցած իրականութիւն մը չէ, այլ՝ այսօրուան համաշխարհայնացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հզօր ժառանգութիւն»։

Այս ծիրէն ներս, Պապը յիշեցուց իր վերջին՝ «Magnifica humanitas» շրջաբերականը, որուն նպատակն է պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը արհեստական բանականութեան դարաշրջանին։

Լսել տառապողներու ձայնը

Իր հանդիպումներուն ընթացքին Սրբազան Հայրը շեշտեց յուսահատութեան մէջ գտնուող մարդկութեան յոյսի աւետիսը փոխանցելու կարեւորութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք կը տառապին սխալ զարգացման տիպարներու պատճառով։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց Սպանիա կատարած հանդիպումները,  որոնց շարքին, սեռային չարաշահումներու զոհ դարձած անձերուն հետ՝ որոնք լսուելու իրաւունք կը պահանջեն, բանտարկեալներուն  եւ անհանգիստ, բայց բաց ծրագիրներով լեցուն երիտասարդներուն հետ

Քանարեան կղզիները եւ գաղթականութեան Հարցը

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը՝ Քանարեան կղզիները հանդիսացաւ ամբողջ այցելութեան բանալին։ Աշխարհագրական այդ դիրքը, ուր տեղական Եկեղեցին կ՚ընդունի Ափրիկէյէն եկած հազարաւոր բռնի գաղթականներ։ Ան կոչ ուղղեց հարցին մօտենալու ոչ թէ սոսկ վարչական կամ քաղաքական տեսանկիւնէն, այլ եղբայրութեան ոգիով, որ հիմքն է «սիրոյ քաղաքակրթութեան» կերտման։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով.

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, այս Առաքելական Ճամբորդութեան կարգախօսն էր՝ «Alzad la mirada», «Բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը» (հմմտ. Յովհ 4,35)։ Ասոնք Յիսուսի խօսքերն են՝ ուղղուած իր առաջին աշակերտներուն, սորվեցնելու համար անոնց՝ մարդոց եւ բազմութիւններուն մէջ տեսնել կեանքի, ճշմարտութեան եւ լիութեան փափաքը։ Տէրը առաջին հերթին ինծի՛ կրկնեց այդ խօսքերը, եւ Անոր շնորհքով ես ալ այդ մէկը ապրեցայ Ճամբորդութեան ընթացքին։ Այսօր կ՚ուզեմ ձեզի հետ բաժնել այս հրաւէրը. բարձրացնե՛նք մեր հայեացքը։ Յիսուսէն սորվինք նայիլ մեր մերձաւորին, մարդոց եւ աշխարհին «Աստուծոյ աչքերով», այսինքն՝ սիրով, յարգանքով եւ գթասրտութեամբ։

Վերջապէս, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք աղօթեցին այս Առաքելական Ճամբորդութեան յաջողութեան համար, յատկապէս հայեցողական կեանք ապրող կրօնաւորուհիներուն, որոնք Սպանիոյ մէջ, Աստուծոյ շնորհքով, շատ բազմաթիւ են։ Շարունակեցէ՛ք աղօթել, որպէսզի, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, իմ ցանած սերմերս առատ պտուղներ տան։ Շնորհակալութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/06/2026, 10:04

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >