Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ոչ ոք կրնայ երես դարձնել ապաստան փնտռողներէն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 21 յունիսին, Մարեմեան «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքն ու օրուան խորհրդածութիւնը կատարելէ ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ մը յղեց՝ յիշատակելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած Փախստականներու համաշխարհային օրը։
Փախստականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչ
Յիշելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած Փախստականներու համաշխարհային օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի Փախստականներու կարգավիճակի մասին պայմանագրի 75-ամեակին, Պապը շեշտեց հալածեալներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:«Ոչ ոք կրնայ երես դարձնել անոնցմէ, որոնք պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն կը փնտռեն», յայտարարեց Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով ազգերու ղեկավարները առաջնորդուիլ մարդասիրական նոյն ոգիով եւ հիւրընկալել հալածանքներու զոհերը, որպէսզի անոնք կարենան արժանապատիւ ու խաղաղ կեանք մը վերագտնել:
Միջեկեղեցական երկխօսութիւն եւ ցաւակցութիւն Պրազիլին
Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց «Կաթողիկէ-Հոգեգալստական Միջազգային Երկխօսութեան» անդամներուն՝ ընդգծելով հաւատքի եւ աղօթքի փոխադարձ կապը ներկայ ժամանակներուն մէջ: Ապա, դառնալով պրազիլացի ուխտաւորներուն, Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքներն ու զօրակցութիւնը յայտնեց օրեր առաջ Պրազիլի Սէարա (Ceará) նահանգին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական ճանապարհային արկածի պատճառով մահացած երիտասարդներու ընտանիքներուն:
Աւարտին, Լեւոն ԺԴ. ողջունեց Հռոմի հաւատացեալներն ու տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները, յատկապէս Սարտինիոյ Օցիերի (Ozieri) շրջանէն եկած դրոշմի խորհուրդը ընդունող պատանիները՝ բոլորին մաղթելով բարի եւ օրհնեալ կիրակի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.