15 օգոստոսի Մարեմեան Աղօթք. Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխումը՝ քրիստոնէական յոյսի նշան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման մեծ տօնին առիթով, Սան Թոմմազօ Տա Վիլլանովայի Քահանայապետական Ժողովրդապետութեան մէջ Սուրբ Պատարագը մատուցելէ ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը կէսօրին Քասթել Կանտոլֆոյի Ազատութեան հրապարակին վրայ գլխաւորեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը։
Յայտնենք` որ վերոնշեալ Եկեղեցին կը գտնուի առաքելական պալատէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ ուր Քահանայապետը գնաց քալելով ապա Ազատութեան հրապարակին վրայ գտնուող Առաքելական Պալատի մուտքէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ իր խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան մեծ խորհուրդին՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման, որ կարեւոր տեղ կը գրաւէ թէ՛ կաթողիկէ աստուածաբանութեան եւ թէ՛ ժողովրդական բարեպաշտութեան մէջ։
«Այսօր մենք կը տօնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխումը», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ընդգծելով, որ այս տօնը խորապէս սիրուած եւ ապրուած է աշխարհի բազմաթիւ քրիստոնէական համայնքներուն մէջ, մանաւանդ այն վայրերուն մէջ, ուր մայր տաճարները կամ եկեղեցիները նուիրուած են Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման։
Հաւատքի այս խորհուրդին վրայ խորհրդածելու համար Քահանայապետը անդրադարձաւ երկու հիմնական պատկերագրական ձեւերուն, որոնց միջոցաւ դարեր շարունակ արուեստագէտները ներկայացուցած են Սուրբ Կոյսի Վերափոխումը։
Մարիամի Ննջումը` յաւիտենական կեանքի պատկեր
Առաջին պատկերագրական ձեւը Մարիամի Ննջումն է։ Այս պատկերացումը, որ շուրջ հազար տարի գործածուած է քրիստոնէական արուեստին մէջ, Սուրբ Աստուածածինը կը ներկայացնէ դագաղի վրայ հանգչած, մինչ առաքեալները աղօթքով կը շրջապատեն զինք։ Պատկերին կեդրոնը յարուցեալ Քրիստոսն է, որ իր գիրկը բռնած է Մարիամի հոգին եւ զայն իրեն հետ կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ փառքը։
Այս տեսարանը, նշեց Լեւոն ԺԴ., մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խոստումը, թէ Ան տեղ կը պատրաստէ իր բարեկամներուն եւ պիտի գայ զանոնք Իրեն հետ առնելու։
Ննջման այս պատկերը, հետեւաբար, կը վկայէ քրիստոնէական հաւատքի հիմնական ճշմարտութեան մը մասին. Քրիստոս Իր մահուամբ եւ յարութեամբ մարդը կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք։
«Այս պատճառով, դարերու ընթացքին, հաւատացեալները աղօթած են Ննջման պատկերներուն առջեւ՝ հոն գտնելով յոյսի նշան մը» ըսաւ Քահանայապետը այս պատկերագրական աւանդութեան որպէս կարեւոր օրինակ իշելով յատկապէս Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքայի աւագ խորանի խճանկարը։
Մարիամի Վերափոխումը՝ մեր յոյսին պատկերը
Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Վերափոխման աւելի ուշ շրջանի պատկերագրութեան, ուր Սուրբ Կոյս Մարիամ կը ներկայացուի երկնքի մէջ՝ լոյսով պատուած եւ հրեշտակներով ու սուրբերով շրջապատուած։
Այս պատկերացումը կը յիշեցնէ Յայտնութեան Գիրքին տեսիլքը՝ արեւով զգեստաւորուած կնոջ մասին, որուն ոտքերուն տակ լուսինն է, իսկ գլխուն՝ տասներկու աստղերով պսակ մը։
Որոշ արուեստագէտներ այս երկու պատկերագրական աւանդութիւնները միաւորած են՝ ներկայացնելով Մարիամը փառաւորեալ վիճակի մէջ երկնքի մէջ, իսկ անոր տակ՝ դատարկ գերեզմանը, մինչ առաքեալները դէպի վեր կը նային։
Այս պատկերը, ընդգծեց Լեւոն ԺԴ. Պապը, կը յայտնէ Վերափոխման խոր խորհուրդը. Սուրբ Կոյս Մարիամ երկինք ընդունուեցաւ հոգիով եւ մարմնով՝ իր անձին ամբողջականութեամբ։ Երկրի վրայ Քրիստոսին հետեւելէ եւ սիրոյ զոհողութեան ճանապարհը մինչեւ վերջ անցնելէ ետք՝ ան վերջնականապէս ընդունուեցաւ Իր Որդւոյն փառքին մէջ։
Վերափոխումը՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի յոյսը
Ուստի, Մարիամի Վերափոխումը կը ներկայացնէ նաեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի յոյսը․ ինչպէս Մարիամ կերպարանափոխուեցաւ ու փառաւորուեցաւ, այնպէս ալ մենք, ժամանակներու աւարտին, պիտի ստանանք նոր եւ անապական մարմին մը։
«Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ մահը վերջին խօսքը չէ․ մեզի կը սպասէ յաւիտենական եւ լիարժէք կեանք մը՝ անվերջ ուրախութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. եւ խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով փառաբանել Տէրը` որ մեծ գործեր ըրաւ իր եւ մեր Սրբուհի Մօր մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.