Որոնել

«Ո՞վ է իսկապէս Յիսուս ինծի համար». Լեւոն ԺԴ. Պապին Մարեմեան Աղօթքի Խորհրդածութիւնը

«Մեր կեանքի դաշտին մէջ, ուրեմն, կրնանք ստուգել՝ եթէ արդեօք Տէր Յիսուս մեզի համար պատմութեան սոսկ մեծ դէմք մըն է, որ կարեւոր բաներ ըսած եւ ըրած է, թէ՞ Աստուծոյ Քրիստոսը՝ Ան, որ ղրկուեցաւ մեզի Հօր սիրոյն մէջ մտցնելու եւ մեր կեանքն ու մեր ապրած աշխարհը փոխակերպելու համար», դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով հաւատացեալները թոյլ չտալու փակուիլ սեփական վստահութիւններուն եւ կրօնական համոզումներուն մէջ, այլ միշտ բաց մնալու Քրիստոսի հետ իսկական յարաբերութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ո՞վ է իսկապէս Յիսուս ինծի համար». Այս առանցքային հարցումը, ներշնչուած Մատթէոսի Աւետարանէն (Մատթ. 16,13-20), եղաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան կեդրոնական թեման: Օգոստոս 23-ին, Սրբազան Պապը, սովորութեան համաձայն, գլխաւորեց աղօթքը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն՝ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Անձնական հարցում մը՝ ամէն ժամանակի աշակերտներուն

Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանական հատուածը, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց, թէ ինչպէս Յիսուս, աշակերտներուն հարցնելէ ետք, թէ իր մասին ի՞նչ կը կարծէր ժողովուրդը, ուղղակիօրէն անոնց դիմելով հարց կու տայ. «Բայց դուք՝ ո՞վ կ՚ըսէք որ եմ ես» (Մատթ. 16,15):

Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ ասիկա էական հանգրուան մըն է բոլոր ժամանակներու աշակերտներուն եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ «Արդարեւ, հաւատքը մեզի տրուած չէ մէկ ընդ միշտ. ընդհակառակը, միշտ կարիքն ունինք վերագտնելու Քրիստոսի դէմքն ու իր Աւետարանը, խորացնելու իր պատգամը եւ նորոգելու մեր կեանքի ընտրութիւնները, որպէսզի համահունչ ըլլան մեր դաւանածին հետ՝ յաղթահարելով արդէն ամէն ինչ գիտնալու եւ հաւատքը սովորութեան վերածելու փորձութիւնը», նշեց Ան:

Քահանայապետը բացատրեց, որ այս հարցումը ի յայտ կու գայ յատկապէս աղօթքի ընթացքին, երբ կը խոկանք Աւետարանին վրայ, ինչպէս նաեւ այն ատեն, երբ կը գտնուինք մեր եղբայրներու վէրքերուն ու կարիքներուն դիմաց, կամ մեր խիղճը հարցաքննող իրավիճակներու առջեւ:

Պատմական դէ՞մք, թէ՞ Աստուծոյ Քրիստոսը

«Մեր կեանքի դաշտին մէջ, ուրեմն, կրնանք ստուգել՝ եթէ արդեօք Տէր Յիսուս մեզի համար պատմութեան սոսկ մեծ դէմք մըն է, որ կարեւոր բաներ ըսած եւ ըրած է, թէ՞ Աստուծոյ Քրիստոսը՝ Ան, որ ղրկուեցաւ մեզի Հօր սիրոյն մէջ մտցնելու եւ մեր կեանքն ու մեր ապրած աշխարհը փոխակերպելու համար», դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով հաւատացեալները թոյլ չտալու փակուիլ սեփական վստահութիւններուն եւ կրօնական համոզումներուն մէջ, այլ միշտ բաց մնալու Քրիստոսի հետ իսկական յարաբերութեան։

Նորոգուած հանդիպում եւ անձնական պատասխան

Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ Յիսուս մեզի կը կոչէ անհատական պատասխանի մը՝ զայն մօտիկէն ճանչնալու եւ թոյլ տալու, որ իր հետ բարեկամութիւնը մեզ ներգրաւէ։ Այս մէկը կը կատարուի միշտ նորոգուած հանդիպումի մը ընդմէջէն, որ կրնայ մեզմէ պահանջել քալել նաեւ նոր ճանապարհներու վրայ եւ կատարել մեր երեւակայածէն տարբեր ընտրանքներ: Այս իրողութիւնը վաւերական է թէ՛ մեր անձնական կեանքին եւ թէ՛ եկեղեցական ընդհանուր ուղեւորութեան համար:

Հոգեւոր քննութիւն

Խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց իւրաքանչիւր հաւատացեալ ինքնիրեն ուղղելու հետեւեալ հարցումները. «Ո՞վ է Տէրը ինծի համար։ Զայն լաւապէս կը ճանչնա՞մ։ Ի՞նչ կը խնդրէ ինձմէ այսօր իր Աւետարանը։ Ի՞նչ քայլեր եւ ի՞նչ ընտրանքներ պէտք է կատարեմ»։

Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի Ան մշտապէս առաջնորդէ մեզ հաւատքի ճշմարիտ ուղեւորութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/08/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >