Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք։ Լեւոն ԺԴ. «Տիրոջ ներկայութիւնը ամէն բան կը փոխէ»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի, 9 օգոստոսի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը՝ հաւատացեալներուն ներկայացնելով աւանդական խորհրդածութիւնը:
Սրբազան Պապին պատգամը կեդրոնացաւ Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած այն հատուածին վրայ (Մատթ. 14, 22-33), ուր կը պատմուի Յիսուսին ալեկոծ ջուրերուն վրայէն քալելու հրաշքը:
Փոթորիկը, աշակերտներուն տկարութիւնը եւ Տիրոջ մօտիկութիւնը
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ հացերու եւ ձուկերու բազմացումէն ետք, Յիսուս աշակերտները մղեց նաւ մտնելու եւ բացերը երթալու, մինչ Ինք առանձնացաւ լերան վրայ՝ աղօթելու: Գիշերուան ընթացքին ալեկոծութեան ենթարկուելով՝ աշակերտները իրենք զիրենք գտան անպաշտպան ու վրդոված:
«Յառաջացած գիշերուան ընթացքին Յիսուս դէպի նաւը կ՛երթայ քալելով ալեկոծ ջուրերուն վրայ, եւ աշակերտները վրդոված կը կարծեն թէ ուրուական մըն էր: Բայց Յիսուս անոնց կ՛ըսէ. “Քաջութիւն, ես եմ, մի վախնաք”», նշեց Սրբազան Հայրը:
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը՝ Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց. «Տիրոջ ներկայութիւնը ամէն բան կը փոխէ»: Ան բացատրեց, որ Պետրոս նոյնիսկ քանի մը քայլ ըրաւ ալիքներուն վրայ, սակայն վախնալով սկսաւ ընկղմիլ, եւ Յիսուս փրկեց զինք: Երբ Վարդապետը նաւ բարձրացաւ, փոթորիկը հանդարտեցաւ, եւ աշակերտները դաւանեցան իրենց հաւատքը՝ ըսելով. «Իրապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես»:
Քահանայապետը հաստատեց, որ այս հաւատքին հասնելու համար բաւական չէր միայն հրաշքին ականատես ըլլալը. անոնք ստիպուած եղան անցնիլ իրենց տկարութեան փորձառութենէն՝ անոր մէջ ճանչնալով Աստուծոյ ներկայութիւնն ու անդորրութիւն գտնելով փոթորիկին մէջ:
Յաջողութեան առջեւ չհպարտանալ եւ մթութեան պահերուն չյուսահատիլ
«Այս հրաշքը մեզի կը սորվեցնէ նախ եւ առաջ՝ յաջողութեան առջեւ չհպարտանալ եւ բնաւ մեր անձին վրայ չվստահիլ. եւ միեւնոյն ատեն՝ չյուսահատիլ, նոյնիսկ մթութեան պահերուն, երբ խնդիրներուն դիմաց անզօր կը զգանք եւ, հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն, մեզի կը թուի թէ առաջ երթալու փոխարէն՝ աւելի ետ կը քալենք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով. «որեւէ պարագայի մէջ Յիսուս մեզ չի լքեր, եւ եթէ խոնարհութեամբ զԻնք ընդունինք մեր կեանքի նաւուն վրայ` աղօթքով, Խորհուրդներով եւ Իր Խօսքը լսելով, Իր մէջ պիտի գտնենք խաղաղութիւն, պիտի գտնենք լոյս եւ ուժ՝ մեր ճանապարհորդութեան համար»։
Լեւոն ԺԴ. խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին Բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզի ապրելու՝ Աստուծոյ հանդէպ լիակատար վստահութեամբ եւ յանձնումով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.