Սուտանի մէջ գաղթականներ, անչափահասներ Սուտանի մէջ գաղթականներ, անչափահասներ  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ոչ ոք կրնայ երես դարձնել ապաստան փնտռողներէն»

Լեւոն ԺԴ. Պապը, Փախստականներու համաշխարհային օրուան առթիւ, կոչ ուղղեց աշխարհի ղեկավարներուն՝ հիւրընկալելու եւ պաշտպանելու հալածանքներէն փախչող անձերը: Միաժամանակ, Սրբազան Հայրը ողջունեց Կաթողիկէ-Հոգեգալստական երկխօսութեան անդամները եւ իր աղօթքներն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Պրազիլի մէջ պատահած ողբերգական արկածի զոհերու ընտանիքներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 21 յունիսին, Մարեմեան «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքն ու օրուան խորհրդածութիւնը կատարելէ ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ մը յղեց՝ յիշատակելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած Փախստականներու համաշխարհային օրը։

Փախստականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչ

Յիշելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած Փախստականներու համաշխարհային օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի Փախստականներու կարգավիճակի մասին պայմանագրի 75-ամեակին, Պապը շեշտեց հալածեալներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:«Ոչ ոք կրնայ երես դարձնել անոնցմէ, որոնք պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն կը փնտռեն», յայտարարեց Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով ազգերու ղեկավարները առաջնորդուիլ մարդասիրական նոյն ոգիով եւ հիւրընկալել հալածանքներու զոհերը, որպէսզի անոնք կարենան արժանապատիւ ու խաղաղ կեանք մը վերագտնել:

Միջեկեղեցական երկխօսութիւն եւ ցաւակցութիւն Պրազիլին

Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց «Կաթողիկէ-Հոգեգալստական Միջազգային Երկխօսութեան» անդամներուն՝ ընդգծելով հաւատքի եւ աղօթքի փոխադարձ կապը ներկայ ժամանակներուն մէջ: Ապա, դառնալով պրազիլացի ուխտաւորներուն, Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքներն ու զօրակցութիւնը յայտնեց օրեր առաջ Պրազիլի Սէարա (Ceará) նահանգին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական ճանապարհային արկածի պատճառով մահացած երիտասարդներու ընտանիքներուն:

Աւարտին, Լեւոն ԺԴ. ողջունեց Հռոմի հաւատացեալներն ու տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները, յատկապէս Սարտինիոյ Օցիերի (Ozieri) շրջանէն եկած դրոշմի խորհուրդը ընդունող պատանիները՝ բոլորին մաղթելով բարի եւ օրհնեալ կիրակի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/06/2026, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >