2026.05.13 Udienza Generale

Մարիամ տիպար, ընտիր անդամ եւ մայր համայն եկեղեցական համայնքին. Լեւոն ԺԴ. Պապի խորհրդածութիւնը

Սուրբ Կոյսին մէջ կ՛արտացոլայ նաեւ Եկեղեցւոյ խորհուրդը․ անոր մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը կը գտնէ իր սկզբնաւորութիւնը, իր օրինակը եւ իր հայրենիքը։ Տիրոջ Մօր մէջ Եկեղեցին կը դիտէ իր իսկ խորհուրդը, ոչ միայն որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ կուսական հաւատքի, մայրական սիրոյ եւ հարսնական ուխտին օրինակը, որոնց կոչուած է, այլ մանաւանդ որովհետեւ անոր մէջ կը ճանչնայ իր նախատիպը՝ այն իտէալական պատկերը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 13 Մայիսին, Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութիւնը մասնակցութեամբ բազմահազար հաւատացեալներու։

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը նուիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամին` որպէս տիպար Եկեղեցւոյ, հիմնուելով «Lumen gentium» ի Վատիկանեան Վարդապետական սահմանադրութեան վերջին գլուխին վրայ որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Մարիամին (Lumen gentium, 52-69), ըսաւ Ան։

Մարիամ տիպար, ընտիր անդամ եւ մայր համայն եկեղեցական համայնքին

«Ան «ճանչցուած է` որպէս Եկեղեցւոյ գերազանց եւ միանգամայն բացառիկ անդամը, անոր տիպարն ու գերազանցագոյն օրինակը՝ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ» (թիւ 53)։ Այս բառերը մեզ կը հրաւիրեն հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս Մարիամի մէջ, որ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ ընդունեց եւ ծնաւ մարմնացեալ Աստուծոյ Որդին, կարելի է տեսնել թէ՛ տիպարը, թէ՛ ընտիր անդամը եւ թէ՛ մայրը համայն եկեղեցական համայնքին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով` թէ «Մարիամ կատարեալ տիպարն է այն ամէն բաներուն, որ ամբողջ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու» եւ աւելցնելով, թէ «քանի որ ան գերազանցօրէն հաւատացեալն է, որուն մէջ մեզի կը հրամցուի Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին հաղորդութեան մէջ աստուածային խորհուրդին հանդէպ անվերապահ բացուածքի կատարեալ ձեւը, Մարիամ եկեղեցական համայնքին ընտիր անդամն է» եւ «մայրն է համայն Եկեղեցւոյ, որ կրնայ անոր դիմել որդիական վստահութեամբ՝ վստահ ըլլալով, որ պիտի լսուի, պահպանուի ու սիրուի»։

«Խորհուրդի պատկեր-կինը»

Քահանայապետը առ այդ Մարիամը ներկայացուց որպէս. «Խորհուրդի պատկեր-կինը». իրական եւ պատմական կին մը, զոր Աստուած ընտրեց Մեսիային մայրը դառնալու համար։ Անոր մէջ կը հանդիպին Աստուծոյ ձրի նախաձեռնութիւնն ու հաւատքի ազատ պատասխանը։ Այս պատճառով ալ Մարիամ կը ներկայացնէ փրկութեան աստուածային ծրագիրին լրումը, որ ամբողջութեամբ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ»։

Մարիամ, մասնայատուկ կերպով գործակցեցաւ Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան

«Ժողովը մեզի թողած է յստակ ուսուցում մը՝ Փրկագործութեան տնտեսութեան մէջ Կոյս Մարիամին վերապահուած բացառիկ տեղին մասին (հմմտ. Lumen gentium, 60-62» ըսաւ ապա Քահանայապետը ընդգծելով` թէ այս մէկը կը կատարուի առանց փոխարինելու Յիսուս Քրիստոսը՝ փրկութեան միակ Միջնորդը։ Մարիամ, որ Աստուծոյ կողմէ յաւիտենականութենէն ընտրուած էր որպէս Աստուածամայր, մասնայատուկ կերպով գործակցեցաւ Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան՝ իր հաւատքին, հնազանդութեան, յոյսին եւ սիրոյ միջոցաւ։ Այս պատճառով ալ, ան բոլոր հաւատացեալներուն համար կը նկատուի մայր՝ շնորհքի կարգին մէջ»։

Սուրբ Կոյս Մարիամը հաւատքի տիպար եւ Եկեղեցւոյ մայր

Սուրբ Կոյսին մէջ կ՛արտացոլայ նաեւ Եկեղեցւոյ խորհուրդը․ անոր մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը կը գտնէ իր սկզբնաւորութիւնը, իր օրինակը եւ իր հայրենիքը։ Տիրոջ Մօր մէջ Եկեղեցին կը դիտէ իր իսկ խորհուրդը, ոչ միայն որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ կուսական հաւատքի, մայրական սիրոյ եւ հարսնական ուխտին օրինակը, որոնց կոչուած է, այլ մանաւանդ որովհետեւ անոր մէջ կը ճանչնայ իր նախատիպը» յարեց ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները նայելու Սուրբ Կոյս Մարիամին որպէս հաւատքի տիպար եւ Եկեղեցւոյ մայր՝ հայցելով անոր օգնութիւնը, որպէսզի խոնարհութեամբ եւ յանձնառութեամբ ապրինք մեր պատկանելիութիւնը Եկեղեցւոյ։

«Քոյրեր եւ եղբայրներ, Սուրբ Հոգին, որ Մարիամի վրայ իջաւ եւ զոր մենք կը հայցենք խոնարհութեամբ ու վստահութեամբ, թող մեզի պարգեւէ այս հրաշալի իրողութիւնները լիարժէքօրէն ապրելու շնորհքը։ Եւ Lumen gentium Սահմանադրութիւնը խորացնելէ ետք, խնդրենք Կոյսէն, որ մեզի համար ընդունի այս պարգեւը. որպէսզի բոլորիս մէջ աճի սէրը՝ Սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ամէն» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2026, 10:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >