Որոնել

Pope Leo XIV holds the weekly general audience in Saint Peter's Square at the Vatican

Պաշտօնը, որ Տէրը վստահած է իր ժողովուրդի հովիւներուն, իսկական ծառայութիւն է. Լեւոն ԺԴ.

25 Մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով Սրբազան Պապը` ներշնչուելով Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի «Lumen gentium» վարդապետական սահմանադրութեան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ Նուիրապետական կառուցուածքին վրայ նշելով որ «Կաթողիկէ Եկեղեցին իր հիմքը կը գտնէ Քրիստոսի կողմէ ընտրուած առաքեալներուն մէջ, եւ ունի աստիճանակարգային չափանիշ, որ կը ծառայէ իր բոլոր անդամներուն միութեան, առաքելութեան եւ սրբագործման»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Կաթողիկէ Եկեղեցին հիմնուած է Առաքեալներու վրայ, զոր Քրիստոս կամեցաւ որպէս Իր Մարմնի կենդանի սիւները, և ունի աստիճանակարգային չափանիշ, որ կը գործէ միութեան, առաքելութեան և բոլոր անդամներու սրբացման ծառայութեան ի սպաս: Այս սուրբ կարգը մշտապէս հիմնուած է Առաքեալներու վրայ (Եփեսոս 2:20; Հոր 21:14), քանի որ անոնք Յիսուսի յարութեան հաւատալի վկաներն են (Գործք. 1:22; Ա. Կորնթացիներ 15:7) և Քրիստոսի կողմէ առաքելութեամբ ուղարկուած աշխարհ (Մարկոս 16:15; Մատթէոս 28:19): Քանի որ Առաքեալները կանչուած են հաւատարմութեամբ պահելու Վարդապետին փրկարար ուսմունքը (Բ. Տիմոթէոս 1:13-14), անոնք իրենց ծառայութիւնը կը փոխանցեն մարդոց, որոնք մինչև Քրիստոսի վերադառնալը կը շարունակեն սրբացնել, առաջնորդել և ուսուցանել Եկեղեցին «իրենց հովուական առաքելութեան շարքային յաջորդներուն շնորհիւ» (CCC, թիւ 857)»:

Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ չորեքշաբթի` 25 Մարտ 2026-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ան շարունակեց Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի «Lumen gentium» վարդապետական սահմանադրութեան մասին խորհրդածութիւնները, այս անգամ անդրադառնալով Եկեղեցւոյ Նուիրապետական կառուցուածքին։

«Նուիրապետական Կառուցուածքը մարդկային ստեղծագործութիւն չէ այլ աստուածային հաստատութիւն

Սրբազան Պապը նշեց` որ առաքեալներու այս յաջորդութեան մասին քննարկումը կը գտնուի` «Lumen gentium» Գ. Գլխուն մէջ «Եկեղեցւոյ և մասնաւորապէս եպիսկոպոսութեան Նուիրապետական կառուցուածքը» վերնագիրով ու թէ Տիեզերական Ժողովը կը նշէ թէ «Նուիրապետական Կառուցուածքը մարդկային ստեղծագործութիւն չէ, որ կը ծառայեն եկեղեցւոյ ներքին կազմակերպման, որպէս սոցիալական մարմին (տես LG, 8), այլ աստուածային հաստատութիւն է, որ ուղղուած է յաւերժացնելու առաքեալներուն Քրիստոսէն տրուած առաքելութիւնը մինչև աշխարհիս կատարածը։

Ծառայական Քահանայաութիւն

Ժողովը, Lumen gentium-ի երրորդ գլուխին մէջ, կը կեդրոնանայ ծառայական կամ Նուիրապետական քահանայութեան վրայ, որ էականօրէն տարբեր է հաւատացեալներու ընդհանուր քահանայութենէն, թէեւ երկուքն ալ կը մասնակցին Քրիստոսի միակ քահանայութեան եւ կարգուած են մէկը միւսին նկատմամբ։

Ժողովը ուստի կը խօսի այն ծառայութեան մասին, որ կը փոխանցուի այն մարդոց, որոնք սուրբ իշխանութեամբ օժտուած են Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, մասնաւորապէս կանգ առնելով Կարգի խորհուրդի երեք աստիճաններուն վրայ՝ եպիսկոպոսութիւն, քահանայութիւն եւ սարկաւագութիւն, որպէս Կարգերու մէկ խորհուրդի աստիճաններ։

Ծառայել բոլոր անոնց` որոնք Աստուծոյ ժողովրդին կը պատկանին

Հետևաբար, «Նուիրապետութիւն» ածականով Ժողովը կը ցանկանայ ցոյց տալ առաքելական ծառայութեան սրբազան ծագումը Յիսուսի՝ Բարի Հովիւի գործողութեան մէջ, ինչպէս նաև անոր ներքին յարաբերութիւններուն մէջ:

Եպիսկոպոսները, նախ և առաջ, և անոնց միջոցաւ քահանաներն ու սարկաւագները, ստացած են պարտականութիւններ, որոնք զանոնք կը մղեն ծառայելու «բոլոր անոնց որոնք Աստուծոյ ժողովրդին կը պատկանին», որպէսզի «անոնք կարողանան ազատօրէն և կարգապահօրէն ձգտիլ նոյն նպատակին և հասնիլ փրկութեան» (Lumen Gentium, 18):

Պաշտօնը, որ Տէրը վստահած է իր ժողովրդի հովիւներուն, իսկական ծառայութիւն է

«Lumen Gentium»-ը կը յիշեցնէ առաքելական առաքելութեան հաղորդակցային եւ համադասային բնոյթը՝ վերահաստատելով, որ «պաշտօնը, որ Տէրը վստահած է իր ժողովրդի հովիւներուն, իսկական ծառայութիւն է, որը Սուրբ Գրքին մէջ նշանակալից կերպով կը կոչուի «տիաքոնիա», այսինքն՝ ծառայութիւն» (LG, 24):

Ասկէ կը հասկցուի` թէ ինչու Սուրբ Պօղոս Զ. Նուիրապետութիւնը ներկայացուց որպէս իրականութիւն մը որ «ծնունդ առած է Քրիստոսի սէրէն, կատարելու, տարածելու եւ երաշխաւորելու պտղատու եւ անխախտ հաւատքի գանձի, Քրիստոսէն իր Եկեղեցւոյ վստահած օրինակներու, խարիզմներու եւ պատուիրաններու փոխանցումը»։

Աղօթք բարի ծառաներ ունենալու համար

Սիրելի՛ քոյրեր և եղբայրներ, աղօթենք Տիրոջ, որ Իր Եկեղեցւոյ համար ուղարկէ աւետարանական բարեգործութեամբ եռանդուն ծառայողներ, որոնք նուիրուած ըլլան բոլոր մկրտուածներու բարօրութեան և աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ ըլլան քաջարի միսիոներներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2026, 10:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >