Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-AUDIENCE

Խաղաղութեան եւ միութեան մարգարէութիւն Եկեղեցւոյ մէջ` տեղ կայ բոլորին. Հրապարակային ունկնդրութիւն

Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդն է, միացած Քրիստոսի մէջ եւ բաց բոլորին համար։ Անոր նպատակն է տարածուիլ ամբողջ աշխարհին մէջ եւ բոլոր դարերուն մէջ, որպէսզի կատարուի Աստուծոյ կամքը, որ կը կանչէ իր բաժանուած զաւակները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 11 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց «Lumen gentium» Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի վարդապետական սահմանադրութեան վրայ, յատուկէն անդրադառնալով Բ. Գլուխին` որ նուիրուած է Աստուծոյ Ժողովուրդին։

Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդ

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս եւ բարի եկած էք», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։

«Աստուած` որ ստեղծեց աշխարհն ու մարդկութիւնը եւ կ՜ուզէ փրկել մարդը, պատմութեան մէջ իր փրկութեան ծրագիրը կ՛իրագործէ ընտրելով յատուկ ժողովուրդ մը ու բնակելով անոր մէջ։ Ասոր համար Ան կը կոչէ Աբրահամը եւ անոր կը խոստանայ երկնքի աստղերուն ու ծովու աւազին չափ սերունդ մը (հմմտ. Ծննդոց 22,17-18)։ Աբրահամի զաւակներուն հետ ալ Աստուած կը կնքէ դաշինք մը զանոնք ստրկութենէն ազատելէն ետքը, անոնց ընկերանալով, հոգ տանելով, նաեւ համախմբելով ամէն անգամ` որ մոլորին։ Ասոր համար այդ ժողովուրդին ինքնութիւնը տրուած է Աստուծոյ գործէն ու Անոր վրայ հաւատքէն։ Ան կանչուած է դառնալու լոյս միւս ազգերուն, որպէս փարոս մը` որ իրեն կը ներքաշէ բոլոր ժողովուրդները ու համայն մարդկութիւնը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «Այս բոլորը կը պատահի ի պատրաստութիւն նոր եւ կատարեալ ուխտին, որ պիտի իրականանար Քրիստոսով ու այն կատարեալ յայտնութեամբ, զոր պիտի փոխանցուէր Աստուծոյ մարդեղացած Բանի միջոցաւ» (Lumen gentium)։

Եկեղեցին իր միաւորող սկզբունքը կը գտնէ Քրիստոսի հաւատքին մէջ

Այսպիսով Եկեղեցին որ Աստուծոյ ժողովուրդն է, իր միաւորող սկզբունքը կը գտնէ ոչ՛ թէ տրամաբանութեան, ոչ՛ թէ մշակոյթի, ոչ՛ թէ ազգութեան այլ նոյնինքն Քրիստոսի հաւատքին մէջ, հաստատեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ Եկեղեցին հասարակութիւնն է անոնց` որոնք հաւատքով կը նային Յիսուսին։

«Մեսիական ժողովուրդ մր, որովհետեւ առաջնորդուած է Քրիստոսով` որ Մեսիան է։ Անոր անդամները Աստուծոյ զաւակներ են շնորհքի միջոցաւ եւ ոչ թէ իրենց արժանիքներուն համար եւ ասոր համար Եկեղեցւոյ մէջ ամենակարեւոր բանը Քրիստոսի մէջ պատուաստուած ըլլալն է ու Աստուծոյ զաւակներուն նման ապրիլն է, սէրը ընտրելով որպէս հիմնարար օրէնք ու քալելով դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնը», նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.։

Միացնել համայն մարդկութիւնը մէկ ընտանիքի մէջ

Ան ապա հաստատեց թէ Եկեղեցին, միացած Քրիստոսի մէջ, ինքն իր մէջ փակ չէ, այլ բաց է և ուղղուած է բոլորին։

Արդարեւ թէև անոր անդամները Քրիստոսին հաւատացողներ են, Տիեզերական Ժողովը կը յիշեցնէ, որ բոլոր մարդիկ կանչուած են դառնալու Աստուծոյ նոր ժողովուրդ, որ պէտք է տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ և բոլոր ժամանակներուն մէջ՝ իրականացնելու համար Աստուծոյ ծրագիրը՝ այն է միացնել համայն մարդկութիւնը մէկ ընտանիքի մէջ։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է  վկայելու Աւետարանը

Եկեղեցւոյ մէջ տեղ կայ բոլորին, նոյնիսկ անոնց` որոնք տակաւին չեն ճանչցած Աւետարանը և իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է իր առօրեայ կեանքով վկայելու Աւետարանը։ Այսպէս Եկեղեցին ցոյց կու տայ իր կաթողիկէութիւնը,․ան կ՜ընդունի տարբեր մշակոյթներ եւ հարստութիւններ և զանոնք կը նորոգէ Աւետարանի նորութեամբ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով մեծ աստուածաբանի մը խօսերուն որ Եկեղեցին նկարագրած է այս խօսքերով. «Փրկութեան միակ տապանը` որ պէտք է իր լայն նաւին մէջ ընդունի մարդկային բոլոր տարբերութիւնները։ Որպէս Խնջոյքի միակ սրահ՝ բաժնած կերակուրները, առնուած են ամբողջ ստեղծագործութենէն։ Քրիստոսի առանց կարի զգեստը ըլլալով՝ ան է նաեւ Յովսէփի բազմագոյն զգեստը»։

«Մեծ յոյսի նշան մըն է գիտնալ — մանաւանդ մեր օրերուն, որոնք լի են բազմաթիւ հակամարտութիւններով եւ պատերազմներով — թէ Եկեղեցին ժողովուրդ մըն է, ուր հաւատքի ուժով միասին կը բնակին տարբեր ազգութիւններու, լեզուներու եւ մշակոյթներու պատկանող կիներ եւ այրեր․ ան նշան մըն է դրուած մարդկութեան իսկ սրտին մէջ, յիշեցում եւ մարգարէութիւն այն միութեան եւ խաղաղութեան, որուն Աստուած Հայրը կը կոչէ իր բոլոր զաւակները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 10:14

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >