Որոնել

Սուրբ Գիրքը, իր արդիւնաւէտութեամբ եւ զօրութեամբ, աջակցութիւն եւ կենսունակութիւն կը հաղորդէ քրիստոնեայ համայնքին

«Քրիստոս Հօր Կենդանի Խօսքն է, Աստուծոյ Մարդացած Բանը: Բոլոր Գրութիւնները կը հռչակեն անոր Անձը, եւ անոր փրկարար ներկայութիւնը, իւրաքանչիւրիս եւ ամբողջ մարդկութեան համար: Եկէք բանանք մեր սրտերն ու մտքերը այս պարգեւը ընդունելու, Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր դպրոցին մէջ»: Ունկնդրութեան մասնակցեցաւ Գերաշնորհ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանը որ այս առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապին նուիրեց Գրիգոր Նարեկացիի «Բան Խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» խորագիրով իր հեղինակած հատորը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատկան

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր մենք պիտի կեդրոնանանք այն խոր եւ կենսական կապի վրայ, որ գոյութիւն ունի Աստուծոյ Խօսքի եւ Եկեղեցւոյ միջև: Կապ որ արտայայտուած է «Dei Verbum» սահմանադրութեան վեցերորդ գլխուն մէջ» այս խօսքերով `է որ Լեւոն ԺԴ Պապը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր գլխաւորեց Վատիկան Պօղոս Զ.ի անուան դահլիճին մէջ եւ որուն ի շարս հազարաւոր հաւատացեալներու իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերաշնորհ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանը, որ այս առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապին  նուիրեց Գրիգոր Նարեկացիի «Բան Խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» խորագիրով իր հեղինակած հատորը:

Գերաշնորհ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեան
Գերաշնորհ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեան

Եկեղեցին Սուրբ Գիրքի լիիրաւ վայր

«Եկեղեցին Սուրբ Գիրքի լիիրաւ վայրն է։ Սուրբ Հոգիի ներշնչումով Աստուածաշունչը ծնունդ առաւ Աստուծոյ ժողովուրդէն եւ սահմանուած է Աստուծոյ ժողովուրդին» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով` որ «Քրիստոնէական համայնքին մէջ ան ունի` իր բնակավայրը. Եկեղեցւոյ կեանքին եւ հաւատքին մէջ ան կը գտնէ այն տարածքը, որտեղ կը յայտնէ իր իմաստը եւ կը դրսեւորէ իր զօրութիւնը»:

«Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը կը յիշեցնէ, որ «Եկեղեցին միշտ պաշտամունքով վերաբերուած է Աստուածային Գրութիւններուն, ինչպէս Տիրոջ Մարմնին, եւ երբեք չէ մերժած, յատկապէս սուրբ Պատարագին մէջ, Աստուծոյ Խօսքի եւ Քրիստոսի Մարմնի սեղանէն կեանքի հացով սնուելու եւ զայն հաւատացեալներուն ընծայելու» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով` որ «Սուրբ Աւանդութեան հետ միասին, Եկեղեցին զանոնք միշտ համարած է եւ կը համարէ որպէս իր հաւատքի գերագոյն կանոն» (Dei Verbum, 21):

Քրիստոսը ճանչցնել տալ եւ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն հաստատել

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց 2008 թուականին այս նիւթին նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին «Աստուծոյ խօսքը Եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մէջ» ու այս սիւնհոդոսէն ետքը Պենետիկտոս ԺԶ. Պապի հրատարակած «Verbum Domini » յետսիւնհոդոսական յորդորագիրին, որուն մէջ ան ի միջի այլոց կը հաստատէ` որ «գրութիւններուն մեկնաբանութեան սկզբնական վայրը Եկեղեցւոյ կեանքն է»։

Արդարեւ Եկեղեցական համայնքին մէջ սուրբ գրութիւնը կը գտնէ այն շրջանակը, որտեղ ան կրնայ կատարել իր առանձնակի առաքելութիւնը եւ հասնիլ իր նպատակին. Քրիստոսը ճանչցնել տալ եւ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն հաստատել։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@VATICAN MEDIA)

Աստուած մեր հետ կը խօսի որպէս բարեկամներ

«Աստուածաշունչի ընթերցման եւ խորհրդածութեան վերջին նպատակը Քրիստոսը ճանչնալն է եւ անոր միջոցաւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելն է» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ «Dei Verbum սահմանադրութիւնը Յայտնութիւնը ներկայացուց որպէս երկխօսութիւն մը որուն մէջ Աստուած մարդոց կը խօսի որպէս բարեկամներ»։

Ան ապա նկատել տուաւ` որ այս կը պատահի երբ ընթերցենք Սուրբ Գիրքը աղօթքի վերաբերմունքով եւ այդ պահուն Աստուած դէպի մեզ կու գայ եւ երկխօսութեան մէջ կը մտնէ մեր հետը։

Աստուծոյ Խօսքը շարունակաբար Եկեղեցին կը բանայ առաքելութեան դէպի բոլորը

«Սուրբ Գիրքը, իր արդիւնաւէտութեամբ եւ զօրութեամբ, աջակցութիւն եւ կենսունակութիւն կը հաղորդէ քրիստոնէական համայնքին: Բոլոր հաւատացեալները կոչուած են ծարաւը յագեցնելու այդ աղբիւրէն, նախ եւ առաջ սուրբ պատարագի մէջ ու նաեւ միւս Խորհուրդներուն մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով` որ «Աստուածաշունչի նկատմամբ սէրը եւ ընտելութիւնը պէտք է առաջնորդեն անոնց, որոնք Խօսքի ծառայութեան մէջ են. Եպիսկոպոսներ, քահանաներ, սարկաւագներ եւ կրօնուսոյցներ։

«Աստուծոյ Խօսքը շարունակաբար Եկեղեցին կը բանայ առաքելութեան դէպի բոլորը» յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով թէ կ՛ապրինք շրջապատուած բազմաթիւ խօսքերով բայց անոնցմէ շատերը դատարկ են։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Աստուծոյ խօսքը միշտ նոր

«Աստուծոյ խօսքը միակն է` որ միշտ նոր է եւ մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ անսահման խորհուրդը ու երբեք չի դադրիր մեզի նուիրելու հարստութիւններ»։

«Սիրելիներ Եկեղեցւոյ մէջ ապրելով կը սորվինք, որ Սուրբ Գիրքը ամբողջութեամբ կապուած է Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ կը փորձարկենք թէ այդ է անոր արժէքին ուն զօրութեան պատճառը։

«Քրիստոս Հօր Կենդանի Խօսքն է, Աստուծոյ Մարդացած Բանը: Բոլոր Գրութիւնները կը հռչակեն անոր Անձը, եւ անոր փրկարար ներկայութիւնը, իւրաքանչիւրիս եւ ամբողջ մարդկութեան համար: Եկէք բանանք մեր սրտերն ու մտքերը այս պարգեւը ընդունելու, Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր դպրոցին մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2026, 10:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >