Յիսուսին շնորհիւ քրիստոնեան կը ճանչնայ Աստուած` Հայրը եւ վստահութեամբ իրեն կը յանձնուի. Լեւոն ԺԴ.

21 Յունուարի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը նուիրուած «Dei Verbum» Վարդապետական Սահմանադրութեան եւ Աստուածային յայտնութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 21 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած բազմահազար հաւատացեալներ։

Աստուածային յայտնութիւնը

Այս առիթով իր ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը Լեւոն Պապը նշեց` թէ պիտի շարունակէ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի «Dei Verbum» Վարդապետական Սահմանադրութեան Աստուածային յայտնութեան մասին քրիստոնէականը, ակնարկելով` թէ անցեալ անգամ «անդրադարձանք թէ Աստուած կը յայտնուի դաշինքի մը երկխօսութեան ընդմէջէն, որուն ընթացքին ան մեզի կը դիմէ որպէս բարեկամներ»։

Քրիստոս միջնորդ եւ ամբողջ յայտնութեան լիութիւն

«Այս մէկը կը հայի յարաբերութեան մը ընդմէջէն կատարուած իրար ճանաչողութեան, որ միայն գաղափարներ չի հաղորդէր, այլ կը կիսէ պատմութիւնը եւ կը կոչէ փոխադարձութեան մէջ միութեան։ Այս յայտնութեան լիութիւնը կ՜իրականանայ անձնական եւ պատմական հանդիպումի մը մէջ, որուն մէջ նոյնինքն Աստուած կը նուիրուի մեզի, իսկ մենք` մենք զմեզ կը բացայայտենք ճանչցուած մեր ամենախոր ճշմարտութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «այս է այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուսի Քրիստոսի մէջ»։

«Աստուծոյ եւ մարդու փրկութեան խորին ճշմարտութիւնը մեզի յայտնուեցաւ Քրիստոսի մէջ, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ միջնորդ եւ ամբողջ յայտնութեան լիութիւնը» (DV, 2) գրուած է «Dei Verbum» Վարդապետական Սահմանադրութեան մէջ։

Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ մենք զԱստուած կը ճանչնանք այնպէս ինչպէս ինք ճանչցած է զայն

Յիսուս մեզի կը յայտնէ Հայրը մեզ ներգրաւելով իր Անոր հետ յարաբերութեան մէջ, որպէսզի Սուրբ Հոգիի միջնորդութեամբ մենք դառնանք անոր աստուածային բնութեան մասնակիցները, ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, աւելցնելով` որ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ մենք զԱստուած կը ճանչնանք այնպէս ինչպէս ինք ճանչցած է զայն։

«Յիսուս Քրիստոս վայրն է` ուր մենք կը ճանչնանք Հօր Աստուծոյ ճշմարտութիւնը մինչ մենք մեզ կը բացայայտենք ճանչցուած որպէս Որդիին մէջ զաւակներ, կոչուած նոյն լիակատար կեանքի ճակատագրին» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը մէջբերելով Պօղոս առաքեալին խօսքերը. «Երբ հասաւ ժամանակի լրումը, Աստուած ուղարկեց իր Որդին, […] որպէսզի ստանանք որդիական որդեգրութիւն: Իսկ դուք որդիներ եղած էք, այս մէկը հաստատուած է այն բանով, որ Աստուած ուղարկեց մեր սրտերուն մէջ իր Որդիի Հոգին, որ կը կոչէ. «Աբբա՛, Հայր!»» (Գաղատացիներ 4,4-6)։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ. «Յիսուս Քրիստոս իր իսկ մարդկութեամբ կը յայտնէ Հայրը։ Քանի որ ան Մարմնացած Բանն է, որ կը բնակի մարդոց մէջ, Յիսուս մեզի կը յայտնէ Աստուած իր ճշմարիտ եւ ամբողջական մարդկութեամբ։ «Արդ՝ անիկա, – կ՛ըսէ Տիեզերական Ժողովը, – որուն տեսնելով կը տեսնուի Հայրը (տե՛ս Յհ 14,9), իր ամբողջ ներկայութեամբ եւ յայտնութեամբ, իր խօսքերով եւ գործերով, նշաններով եւ հրաշքներով, եւ մանաւանդ իր մահուամբ ու մեռելներէն փառաւոր յարութեամբ, եւ վերջապէս ճշմարտութեան Հոգիին ուղարկումով, կ՛ ամբողջացնէ յայտնութիւնը» (DV, 4)։

Յիսուսի համապարփակ մարդկութիւնն է, որ մեզի կը պատմէ Հօր ճշմարտութիւնը

«Քրիստոսի մէջ Աստուած ճանչնալու համար մենք պէտք է ընկալենք անոր համապարփակ մարդկայնութիւնը. Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին չի յայտնուիր այնտեղ, ուր մարդկայինէն բան մը կը պակսի, նոյնպէս ալ Յիսուսի մարդկութեան ամբողջականութիւնը չի նուազեցներ աստուածային պարգեւին լրումը։ Յիսուսի համապարփակ մարդկութիւնն է, որ մեզի կը պատմէ Հօր ճշմարտութիւնը (տե՛ս Յովհ. 1,18)» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

«Մեզ փրկողն ու մեզ համախմբողը միայն Յիսուսի մահն ու յարութիւնը չեն, այլ իր ամբողջ անձը։ Մարմնացած Տէրը՝ որ կը ծնի, կը բժշկէ, կը սորվեցնէ, կը տառապի, կը մեռնի, յարութիւն կ՛առնէ եւ կը մնայ մեր մէջ։ Ահա թէ ինչու Մարմնացման մեծութիւնը պատուելու համար բաւարար չէ Յիսուսը նկատել միայն որպէս մտաւոր ճշմարտութիւններ փոխանցող միջոց։ Եթէ Յիսուս ունի իրական մարմին, ապա Աստուծոյ ճշմարտութեան հաղորդումը կը կատարուի այդ մարմնին մէջ՝ իրականութիւնը զգալու եւ ընկալելու իր յատուկ կերպով, աշխարհին մէջ բնակելու եւ անոր միջոցաւ անցնելու իր ձեւով։ Յիսուս ինք կը հրաւիրէ մեզ բաժնելու իր նայուածքը իրականութեան վրայ. «Նայեցէ՛ք երկնքի թռչուններուն,– կ՛ըսէ Ան,– չեն սերմաներ, չեն հնձեր եւ շտեմարաններու մէջ չեն հաւաքեր, սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Մի՞թէ դուք անոնցմէ աւելի արժէքաւոր չէք» (Մատթ. 6,26)։

Յիսուսի շնորհիւ քրիստոնեան կը ճանչնայ Աստուած Հայրը եւ վստահութեամբ իրեն կը յանձնուի

Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, Յիսուսի ճանապարհին մինչեւ վերջ հետեւելով՝ կը հասնինք այն համոզումին, թէ ոչինչ կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն. «Եթէ Աստուած մեզի հետ է,– դարձեալ կը գրէ Սուրբ Պօղոս,– ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ Ան, որ իր սեփական Որդին չխնայեց, […] մի՞թէ մեզի ամէն ինչ ալ պիտի չպարգեւէ Անոր հետ միասին» (Հռովմ 8,31-32)։ Յիսուսի շնորհիւ քրիստոնեան կը ճանչնայ Աստուած Հայրը եւ վստահութեամբ իրեն կը յանձնուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2026, 10:18

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >