«Միայն Աստուծոյ հետ խօսելով է, որ մենք կարող ենք խօսիլ նաեւ Անոր մասին». Լեւոն ԺԴ Պապին խորհրդածութիւնը

«Dei Verbum»-ը Վատիկանի Տիեզերական Բ. ժողովի Վարդապետական կանոնադրութիւնը առանցքը կազմեց Լեւոն ԺԴ Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։ «Եթէ Յիսուս մեզ կը կոչէ որպէսզի իրեն բարեկամները դառնանք, ջանանք այդ կոչը անլսելի չթողուլ։ Ընկալենք զայն, հոգ տանինք այդ յարաբերութեան եւ պիտի բացայայտենք, որ ճիշտ Աստուծոյ հետ բարեկամութեան մէջ է, որ կայ մեր փրկութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Չեմ կոչեր ձեզ ծառաներ որովհետեւ ծառան կ՛անգիտանայ իր Տիրոջ գործերը, Ես կոչեցի ձեզ բարեկամներս, որովհետեւ ինչ որ լսեցի Հօրմէս, զայն սորվեցուցի ձեզի» (Յովհաննէս 15,15). Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Լեւոն ԺԴ. Պապին չորեքշաբթի 14 Յունուար 2026-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ եւ որուն առիթով Ան շարունակեց խորհրդածել անցեալ չորեքշաբթի օր սկսած «Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի Փաստաթուղթերը» նիւթով քրիստոնէականի նոր շարքի մասին, յատուկէն անդրադառնալով «Dei Verbum » Վարդապետական Սահմանադրութեան, որպէս ենթատիտղոս ունենալով «Աստուած կը խօսի մարդոց որպէս ընկերներ»

«Dei Verbum»-ը Վատիկանի Երկրորդ տիեզերական ժողովի Վարդապետական կանոնադրութիւնը

Dei Verbum-ը Վատիկանի Երկրորդ տիեզերական ժողովի կողմէ ընդունուած Վարդապետական կանոնադրութիւն է «Աստուածային յայտնութեան» և Սուրբ Գիրքի վերաբերեալ: Ան Վատիկանի Երկրորդ ժողովի հիմնական փաստաթղթերէն մէկը համարուած է եւ հրապարակուեցաւ Պօղոս Զ Պապի կողմէ 1965-ի նոյեմբեր 18-ին՝ ժողով գումարած եպիսկոպոսներու կողմէ 2344 կողմ և 6 դէմ ձայներով հաստատուելէն յետոյ։

Ես կոչեցի ձեզ բարեկամներս

«Եղբայրներ եւ քոյրեր այսօր կը սկսինք խորացնել Աստուածային յայտնութեան մասին «Dei Verbum» Վարդապետական Սահմանադրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու վերոնշեալ փաստաթուղթը ներկայացուց, որպէս տիեզերական ժողովի «ամենագեղեցիկ եւ ամենակարեւոր» փաստաթուղթերէն մին, որուն ներկայացումին համար օգտակար է յիշել Յիսուսին խօսքերը. «Այլևս ծառաներ չեմ կոչեր ձեզ, որովհետեւ ծառան կ՛անգիտանայ իր Տիրոջ գործերը, Ես կոչեցի ձեզ բարեկամներս, որովհետեւ ինչ որ լսեցի Հօրմէս, զայն սորվեցուցի ձեզի» » (Յովհ. 15:15):

Նոր ուխտի միակ պայմանը` սէրը

«Այս մէկը քրիստոնէական հաւատքի հիմնարար կէտն է, որ Dei Verbum-ը կը յիշեցնէ մեզի. Յիսուս Քրիստոսը արմատապէս կը փոխակերպէ մարդու յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ. այսուհետ անոնք կը դառնան բարեկամութեան յարաբերութիւններ: Հետևաբար, նոր ուխտի միակ պայմանը սէրն է» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Աստուած Աստուած է ու մենք արարածներ ենք։ Բայց Անոր Միածին Որդոյն գալուստով մարդկային մարմնին մէջ, Դաշինքը կը բացուի իր նպատակին. Յիսուսին մէջ Աստուած մեզ կը դարձնէ իր զաւակները ու մեզ կը կոչէ Իրեն նման դառնալու հակառակ մեր մարդկային դիւրաբեկութեան եւ մեր Աստուծոյ նմանիլը կարելի կը դառնայ մարդեղած Որդիին հետ մեր յարաբերութեամբ» նշեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով` թէ վերեւ յիշուած Յիսուսին «ձեզ բարեկամներ կոչեցի» խօսքերը պարունակուած են «Dei Verbum»-ի մէջ, որ կը հաստատէ. «Այս Յայտնութեամբ անտեսանելի Աստուած, իր անհուն սիրով մարդոց կը խօսի որպէս բարեկամներ եւ անոնց հետ կը զրուցէ, որպէսզի զանոնք հրաւիրէ եւ ընդունի իր հետ հաղորդութեան մէջ»։

«Dei Verbum» սահմանադրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ որ «Աստուած մեզի հետ կը խօսի»

«Արդարեւ երբ Աստուած, մեզ գտնելու համար, կը մարմնանայ իր Որդիին մէջ, մեղքի պատճառով ընդհատուած երկխօսութիւնը վերջնականապէս կը վերականգնուի։ Դաշինքը կը դառնայ նոր եւ յաւերժական, ոչ մէկ բան կարող է այլեւս մեզ բաժնել անոր սէրէն եւ «Dei Verbum» սահմանադրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ որ «Աստուած մեզի հետ կը խօսի», յարեց Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատելով զանազանութիւն դնել «խօսքի» եւ «շաղակրատութեան» միջեւ, որովհետեւ վերջինը մակերեսային կը մնայ եւ հաղորդութիւն չ՛իրականացներ մարդոց միջեւ, մինչ իսկական յարաբերութիւններուն մէջ խօսքը միայն տեղեկութիւններ եւ լուրեր փոխանակելու միջոց մը չէ, այլ մենք մեզ յայտնելու միջոց։

Զարգացնել ունկնդրութիւնը` որպէսզի աստուածային Խօսքը կարողանայ թափանցել մեր մտքերուն և սրտերուն մէջ

«Խօսքը ունի յայտնութեան չափանիշ, որ կը ստեղծէ յարաբերութիւններ ուրիշներուն հետ։ Այսպիսով, մեր հետ խօսելով՝ Աստուած ինքզինք կը բացայայտէ որպէս դաշնակից, որ մեզ կը հրաւիրէ Իր հետ բարեկամութեան» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ աւելցնելով, որ «այս տեսանկիւնէն, առաջին վերաբերմունքը, որ պէտք է զարգացնել, ունկնդրելն է, որպէսզի աստուածային Խօսքը կարողանայ թափանցել մեր մտքերուն և սրտերուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ կոչուած ենք խօսելու Աստուծոյ հետ, ոչ թէ անոր հաղորդելու այն ինչ, որ արդեն գիտէ, այլ մենք մեզ յայտնելու մենք մեզի, եւ ասկէ է որ կը բխի աղօթքին անհրաժեշտութիւնը, որուն մէջ կոչուած ենք ապրելու եւ մշակելու Տիրոջ հետ բարեկամութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աղօթքը Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն

Ան ապա նշեց թէ այդ մէկը «կ՜իրականանայ ծիսական եւ հասարակական աղօթքի մէջ, ուր մենք չենք որ կ՛որոշենք ինչ լսել Աստուծոյ Խօսքէն, այլ Ինքն է որ կը խօսի մեզի Եկեղեցւոյ միջոցաւ». Արդարեւ քրիստոնեայի մը կեանքին մէջ պէտք չէ պակսի աղօթքի, խոկումի եւ խորհրդածութեան նուիրուած ժամանակը։ Միայն Աստուծոյ հետ խօսելով է, որ մենք կարող ենք խօսիլ նաեւ Անոր մասին։ Մեր մարդկային փորձառութիւնը մեզի կ՜ըսէ, թէ բարեկամութիւնները կարող են վերջ գտնել որևէ ողբերգական խզման մը պատճառաւ կամ շարք մը ամենօրեայ անուշադրութիւններու բերումով, որոնք կը քայքայեն յարաբերութիւնները մինչև անոնց կորուստը։

«Եթէ Յիսուս մեզ կը կոչէ որպէսզի իրեն բարեկամները դառնանք, ջանանք այդ կոչը անլսելի չթողուլ։ Ընկալենք զայն, հոգ տանինք այդ յարաբերութեան եւ պիտի բացայայտենք, որ ճիշտ Աստուծոյ հետ բարեկամութեան մէջ է, որ կայ մեր փրկութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2026, 10:22

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >