Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայացուց Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովին նուիրած խորհրդածութիւններու նոր շարքը

Սրբազան Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած նոր տարուայ առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովին նուիրած խորհրդածութիւններու նոր շարքը հաստատելով ի միջի այլոց որ անիկա «Նոյնիսկ այսօր ան կը մնայ որպէս փարոս, որ կ՛ առաջնորդէ Եկեղեցւոյ ուղին» ապա թէ այդ ժողովի փաստաթուղթերուն վերընթերցումը «պիտի ըլլայ առիթ` վերագտնելու այդ եկեղեցական իրադարձութեան գեղեցկութիւնն ու կարևորութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 7 Յունուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց նոր տարուայ առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ այս առիթով ներկայացուց Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովին նուիրած խորհրդածութիւններու նոր շարքը։

«Եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս եւ բարի եկած էք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան, նշելով` որ «Յոբելենական Տարուընէ ետքը, որուն ընթացքին մենք խորհրդածեցինք Յիսուսի կեանքի խորհուրդներու մասին, կը սկսինք խորհրդածութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի նուիրուի Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովին ու անոր փաստաթուղթերու վերընթերցումին»։

Առիթ` վերագտնելու եկեղեցական իրադարձութեան գեղեցկութիւնն ու կարևորութիւնը

«Այս պիտի ըլլայ առիթ` վերագտնելու այս եկեղեցական իրադարձութեան գեղեցկութիւնն ու կարևորութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը, մատնանշելով, թէ ինչպէս Նիկիոյ Ժողովի տարեդարձին հետ միասին 2025-ին յիշեցինք նաեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի վաթսուն ամեակը, կարեւոր նկատելով ճանչնալ այդ Ժողովին իրադարձութիւնները, կարդալով Փաստաթուղթերը եւ խորհրդածելով անոնց պարունակութեան վրայ։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը փարոս

«Նոյնիսկ այսօր ան կը մնայ որպէս փարոս, որ կ՛ առաջնորդէ Եկեղեցւոյ ուղին» յարեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով Պենետիկտոս ԺԶ.-ի Խօսքերուն, որ ըսած էր թէ «Տարիներու ընթացքին փաստաթղթերը չեն կորսնցուցած իրենց արդիականութիւնը. Անոնց ուսուցումները յատկապէս արդիական են Եկեղեցւոյ և այսօրուայ համաշխարհայնացած հասարակութեան նոր կարիքներուն առումով» (Պենետիկտոս ԺԶ. առաջին պատգամը ընտրող կարդինալներու հետ պատարագէն յետոյ, 20 ապրիլ 2005):

Լուսաւոր օրուայ մը լուսաբացը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Պապի խօսքերուն, որ Տիեզերական Ժողովի բացումը կատարելով 11 հոկտեմբեր 1962-ին, զայն ներկայացուցած էր որպէս համայն Եկեղեցւոյ համար «լուսաւոր օրուայ մը լուսաբացը», նշելով, թէ ինչպէս, «համայն աշխարհէն ժամանած բազմաթիւ Ժողովական Հայրերու աշխատանքը հարթեց ճանապարհը` եկեղեցական նոր շրջանի մը»։

«Արդարեւ Վատիկանի Բ. ժողովը վերագտաւ Աստուծոյ դէմքը` որպէս Հայր, որ Քրիստոսի մէջ մեզ կը կոչէ դառնալու իր զաւակները։ Ան Եկեղեցին դիտարկեց որպէս հաղորդութեան եւ միութեան խորհուրդ` Աստուծոյ և Անոր ժողովրդի միջև, Քրիստոսի լոյսին տակ։ Ան զարկ տուաւ ծիսական բարեփոխումի մը, որպէս կեդրոն դնելով փրկութեան խորհուրդը եւ համայն Աստուծոյ Ժողովուրդին գիտակից եւ գործնական մասնակցութիւնը, միեւնոյն ժամանակ մեզի օգնեց բացուելու աշխարհին եւ ընկալելու ժամանակակից դարաշրջանի նորութիւններն ու մարտահրաւէրները, երկխօսութեան եւ համապատասխանատուութեան միջոցաւ, որպէս Եկեղեցի մը` որ կը ցանկայ բանալ իր գիրկը մարդկութեան եւ դառնալ ժողովուրդներու յոյսի եւ անձկութիւններու արձագանգը եւ համագործակցի աւելի արդար և եղբայրական հասարակութեան մը կառուցումի գործին»։

Առաջնահերթութիւն տալ Աստուծոյ և Եկեղեցիին

«Հետևաբար, Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական ժողովի վերաբացայայտումը մեզի կ՛օգնէ առաջնահերթութիւն տալու Աստուծոյ և Եկեղեցիին», յարեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն ու յղում կատարելով նաեւ այլ մէկ Քահանայապետի խօսքերուն` Յովհաննէս Պօղոս Ա.ին, որ ըսած էր` թէ Տիեզերական Ժողովի մը արդիւնքները եւ պտուղները կարող են նշմարուիլ դարեր ետքը։

Անցեալը, ներկան և ապագան

Լեւոն ԺԴ. մէջբերեց նաեւ Պօղոս Զ. Խօսքերը, որ Տիեզերական Ժողովի աւարտին, 8 դեկտեմբեր 1965-ին, Ժողովական հայրերուն հաստատած էր` թէ «ժամանակը հասած է մեկնելու, լքելու տիեզերական ժողովին հաւաքը, դիմաւորելու համար մարդկութիւնը ու անոր տանելու Աւետարանին բարի լուրը, այն գիտակցութեամբ որ ապրեցանք շնորհքի ժամանակաշրջան մը, որուն մէջ խտացած էին անցեալը, ներկան և ապագան։ Անցեալը` որովհետեւ հոս համախմբուած է Քրիստոսի Եկեղեցին, իր աւանդութիւններով, պատմութեամբ, Տիեզերական Ժողովներով, Վարդապետներով եւ Սուրբերով....Ներկան` որովհետեւ մենք իրար կը լքենք երթալու համար դէպի այսօրուայ աշխարհը, իր թշուառութիւններով, իր ցաւերով, մեղքերով, բայց նաեւ իր հսկայական նուաճումներով, իր արժէքներով, իր առաքինութիւններով... Ապագան, ի վերջոյ հոն է, ժողովուրդներու՝ աւելի մեծ արդարութեան հրամայական կոչին մէջ, անոնց խաղաղութեան ցանկութեան, աւելի բարձր կեանքի գիտակցուած կամ անգիտակից ծարաւի մէջ. Ճիշտ ան, ինչ որ Քրիստոսի Եկեղեցին կարող է և կը ցանկանայ տալ անոնց»։

«Մեզի համար ալ այսպէս է», հաստատեց Լեւոն ԺԴ. «Մօտենալով Վատիկանի Երկրորդ Ժողովի փաստաթղթերուն և վերագտնելով անոնց մարգարէութիւնն ու արդիականութիւնը՝ մենք կ՛ ընկալենք Եկեղեցւոյ կեանքի հարուստ աւանդոյթը և, միևնոյն ժամանակ, հարց կու տանք ներկայի մասին և կը նորոգենք աշխարհին ընդառաջ վազելու ուրախութիւնը՝ անոր հասցնելու համար Աստուծոյ Թագաւորութեան Աւետարանը՝ սիրոյ, արդարութեան և խաղաղութեան թագաւորութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2026, 10:27

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >