Որոնել

Յուսալը մասնակցիլ է` Ալպերթօ Մարվելիի տիպարը. Յոբելենական Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

Յոյս ունենալը կը նշանակէ մասնակցիլ. Ասիկա Աստուծոյ պարգև է մեզի։ Ոչ ոք աշխարհը կը փրկէ միայնակ։ Ոչ ալ Աստուած կ՛ուզէ ​​միայնակ փրկել զայն. Ան կարող էր, բայց չ՛ ուզեր, որովհետև միասին աւելի լաւ է։ Մասնակցիլը թոյլ կու տայ մեզի արտայայտել և աւելի մերը դարձնել այն, ինչ որ մենք պիտի խորհրդածենք վերջաւորութեան, երբ Յիսուս պիտի վերադառնայ վերջնականապէս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 6 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Յոբելենական Տարուան նուիրուած հերթական ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ։

Յիսուսին Ծնունդը մեզի կը յայտնէ ներգրաւող Աստուած մը

«Մենք մուտք գործեցինք Յիսնակացի ծիսական շրջան, որ մեզ կը դաստիարակէ մեր ուշադրութիւնը դարձնելու ժամանակներու նշաններուն վրայ։ Մենք արդարեւ կը յիշենք Յիսուսն առաջին գալուստը, Աստուած մեր հետ, որպէսզի սորվինք զայն ճանչնալ ամէն անգամ` որ կու գայ եւ պատրաստուինք անոր երկրորդ գալստեան» երբ պիտի ըլլանք առ յաւէրժ իրար հետ։ Իր հետ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, ու որեւէ այլ արարածի հետ, այս աշխարհին մէջ որ վերջապէս փրկուած պիտի ըլլայ. Նոր արարչութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան սկիզբը նկատել տալով, որ «այս սպասումը կրաւորական չէ, որովհետեւ «Յիսուսին Ծնունդը մեզի կը յայտնէ ներգրաւող Աստուած մը` Մարիամը, Յովսէփը, հովիւները, Սիմէոնը, Աննան ապա Յովհաննէս Մկրտիչը, աշակերտներն ու բոլոր անոնք` որոնք կը հանդիպին Յիսուսին, ներգրաւուած են անոր պատմութեան մէջ, անոր երազներուն մէջ։ Ուստի յուսալը կը դառնայ մասնակցութիւն» յարեց Քահանայապետը հաստատելով նաեւ թէ «Յոբելեանին «Յոյսի ուխտաւորներ» կարգախօսը, լոկ կարգախօս մը չէ, այլ կեանքի ծրագիր ու կը նշանակէ մարդիկ` որոնք կը քալեն եւ կը սպասեն, սակայն ոչ թէ ձեռքերը ծալլած, այլ մասնակցելով»։

Ճանչնալ ժամանակներու նշանները` միասին

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, որ մեզի կ՜ըսէ, ըսաւ Ան, թէ «ոչ մէկը կարող է ճանչնալ ժամանակներու նշանները առանձին, այլ միասին, Եկեղեցւոյ մէջ ու բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին»։ Անոնք Աստուծոյ նշաններ են, Աստուած որ կու գայ իր Թագաւորութեամբ, պատմական իրադարձութիւններուն ընդմէջէն։ Աստուած աշխարհէն դուրս չէ, այլ մարդեղացաւ ու եկաւ բնակելու մեր մէջ, աշխարհի հարցերուն ու գեղեցկութեան մէջ եւ «Յիսուս մեզ կը սպասէ եւ կը ներգրաւէ ու կը խնդրէ, որ գործենք իրեն հետ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որպէս այս իրողութեան տիպար ներկայացնելով Ալպերթօ Մարվելլին` երիտասարդ իտալացի մը որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ինքզինք նուիրեց վիրաւորներու, հիւանդներու և անօթևաններու օգնութեան։

Ալպերթօ Մարվելլին

Աւետարանի համաձայն կրթուած եւ Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի մէջ կազմաւորուած այս պատանին, որ հակառակ էր պատերազմին իր բոլոր ուժերով կը նուիրուի ուրիշներուն։ Շատեր կը հիանան անոր անձնուրացութեան վրայ եւ պատերազմէն ետքը ան կ՛ ընտրուի խորհրդական և կը նշանակուի Բնակարանային և վերակառուցման կոմիտէի անդամ։ Այսպիսով, ան գործնական կերպով կը մտնէ քաղաքական կեանք, բայց հեծանիւով հանրահաւաքի երթալու ժամանակ զոհ կը դառնայ ռազմական բեռնատարի հետ արկածին` 28 տարեկանին։

«Ալպերթոն մեզ ցոյց կու տայ, որ յոյս ունենալը կը նշանակէ մասնակցիլ, որ Աստուծոյ արքայութեան ծառայելը ուրախութիւն կը բերէ նոյնիսկ մեծ ռիսկերու ժամանակ։ Աշխարհը աւելի լաւ կը դառնայ, եթէ մենք կորսնցնենք փոքր անվտանգութիւն և հանգստութիւն՝ բարին ընտրելու համար։ Ահա թէ ինչ է մասնակցութիւնը» ըսաւ Լեւոն Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ մենք ալ կը մասնակցինք բարի ձեռնարկներու, եթէ մեր հորիզոնին մէջ ունինք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

Մասնակցիլ

«Յոյս ունենալը կը նշանակէ մասնակցիլ. Ասիկա Աստուծոյ պարգև է մեզի։ Ոչ ոք աշխարհը կը փրկէ միայնակ։ Ոչ ալ Աստուած կ՛ուզէ​​միայնակ փրկել զայն. Ան կարող էր, բայց չ՛ ուզեր, որովհետև միասին աւելի լաւ է։ Մասնակցիլը թոյլ կու տայ մեզի արտայայտելու և աւելի մերը դարձնել ու այն, ինչ որ մենք պիտի խորհրդածենք վերջաւորութեան, երբ Յիսուս պիտի վերադառնայ վերջնականապէս» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 10:36

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >