Յոբելեանի պատգամը ամփոփուած է մէկ բառի մէջ. «Սէր». Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի` 31 դեկտեմբեր 2025-ին, տարուան վերջին օրը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց 2025-ի վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմ գտնուող բազմահազար հաւատացեալներ։
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, օրացույցային տարուայ աւարտին, Սուրբ Ծննդեան շրջանի սրտին մէջ և Յոբելեանի աւարտի մօտենալուն առիթով, Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու մեր անցած ճանապարհին վրայ։ Տարին յատկանշուեցաւ ուրախալի, բայց նաեւ տխուր իրադարձութիւններով՝ Սուրբ տարուայ ուխտաւորներու եռանդով, բայց նաև Ֆրանչիսկոս Պապի սուգով և աշխարհը շարունակաբար աւերող պատերազմներով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը հաստատելով` որ «մենք կոչուած ենք ամէն այդ բաները ներկայացնելու Տիրոջ մենք մեզ յանձնելով անոր նախախնամութեան ու անորմէ խնդրելով` որ մեր մէջ նորոգէ իր շնորհքներուն եւ ողորմութեան սքանչելիքները»։
Անկեղծ խղճի քննութիւն կատարել
Եւ ահա այս վերաբերմունքով է, որ այսօր մենք կոչուած ենք խորհրդածելու թէ ինչ ըրաւ Տէրը մեզի համար անցեալ տարուայ ընթացքին եւ անկեղծ խղճի քննութիւն կատարելու, գնահատելու համար մեր արձագանքը Անոր պարգևներուն և ներողութիւն խնդրելու բոլոր այն պահերուն համար, երբ մենք չկարողացանք գնահատել Անոր ներշնչումները և լաւագոյնս չօգտագործել Անոր մեզի վստահած տաղանդները (տե՛ս Մատթէոս 25։14-30), ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով երեկոյեան տեղի ունենալիք տարուան աւարտին նուիրուած գոհաբանական աղօթքին։
ճանապարհորդութիւնն ու նպատակակէտը
«Այս մէկը մեզ կը մղէ ապա խորհրդածելու անցեալ ամիսներուն մեզի ընկերացող այլ մէկը նշանին` ճանապարհորդութիւնն ու նպատակակէտը», յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով այն «բազմաթիւ ուխտաւորներուն, որոնք եկան աղօթելու Սուրբ Պետրոսի գերեզմանին մօտ եւ որոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ համայն կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է, մղուած դէպի Աստուծոյ հետ հանդիպումին ու Անոր հետ լիակատար ու յաւիտենական հաղորդութեան» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ Պապը դիտել տալով` թէ «Սուրբ Դուռէն անցքը կ՛արտայայտէ մեր «այոն» ի սպաս նոր կեանքի մը, ձևաւորուած ներողամտութեամբ, շնորհքով և եղբայր ճանչցուած մերձաւորի սիրով»։
Սուրբ Ծնունդը բոլորին համար ուրախութեան հռչակում
Սիրելիներ, մենք կը խորհրդածենք այս նշաններու մասին Սուրբ Ծննդեան լոյսի ներքոյ։ Այս առումով Սուրբ Լևոն Մեծը Յիսուսի Ծննդեան տօնի մէջ կը տեսնէր բոլորի համար ուրախութեան հռչակում. «Թող սուրբը ուրախանայ, որովհետև կը մօտենայ իր վարձատրութեան. թող մեղաւորը ուրախանայ, որովհետև անոր ներում կ՛ առաջարկուի. թող հեթանոսը քաջութիւն ստանայ, որովհետև զայն կեանքի կը կոչեն» (Տիրոջ Ծննդեան առաջին քարոզ, 1):
Աստուած սէր է, Աստուած կեանք է
Այս հրաւէրը ուղղուած է բոլորին, որովհետեւ Աստուած մեզի ճանապարհակից դարձաւ կիսելով մեր տկարութիւնները ու մեզ փրկանգնելով, յարեց հուսկ Քահանայապետը եւ մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ-ին խօսքերը զոր ան արտասանած էր 1975-ի Յոբելենական տարուան աւարտին։ Ան ըսած էր թէ Յոբելեանի պատգամը ամփոփուած է մէկ բառի մէջ. «Սէր» եւ աւելցուցած. «Ասիկա այն անբացատրելի յայտնութիւնն է, որով Յոբելեանը՝ իր մանկավարժութեամբ, իր ներողամտութեամբ, իր ներումով և վերջապէս իր խաղաղութեամբ, լի արցունքներով ու ուրախութեամբ, ուզեց լեցնել մեր հոգիները այսօր և մեր համայն կեանքի ընթացքին։ «Աստուած սեր է։ Աստուած կը սիրէ զիս։ Աստուած զիս կը սպասէր, և ես դարձեալ գտայ զԱյն։ Աստուած ողորմութիւն է։ Աստուած ներում է։ Աստուած փրկութիւն է։ Աստուած, այո՛, Աստուած կեանք է» (Ընդհանուր ունկնդրութիւն 17դեկտեմբեր 1975):
«Թող որ այս մտածումները մեզի ընկերանան հին տարիէն դէպի նոր տարի անցքի ժամանակ ապա միշտ մեր կեանքի ընթացքին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
