Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Հացը բաժնելը սիրոյ եւ եղբայրութեան վկայութիւն է»

«Մինչ կը ճաշակենք Հաղորդութեան խորհուրդը, յանձն առնենք վկայելու անոր գեղեցկութիւնը մեր ամէնօրեայ արարքներուն մէջ, սկսելով սեղանի օրհնութենէն, երբ հացը կը բաժնենք ընտանիքին եւ բարեկամներուն միջեւ։ Յիսուսի ընկերակցութեամբ, նոյնիսկ արձակուրդները կրնան դառնալ եղբայրական խաղաղութեան ժամանակ՝ ներգրաւելով զանոնք, որոնք մեր կողքին կարիքի մէջ են։ Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ հոգատար մօրմէն խնդրելնք որ մեզ աճեցնէ սիրոյ մէջ, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի օրուան հացը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քասթեալ Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ մի քանի օրեր անցնելէ ետքը  Լեւոն ԺԴ. Պապը անցեալ օրերուն վերադարձաւ Վատիկան եւ Կիրակի 2 օգոստոս 2026-ի կէսօրին Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակ պատուհանէն գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Սրբազան Պապը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մատթէոսի Աւետարանէն (14,13-21) քաղուած հատուածը, ուր Յիսուս հրաշք գործելով կը բազմացնէ հացերն ու ձուկերը ու հինգ հազար մարդիկ կը կերակրէ։

Յիսուս կ՛առաջարկէ ճշմարիտ փրկութիւնը

Խորհրդածութեան սկիզբը Սրբազան Պապը բացատրեց թէ Յիսուս, իր հրաշքներուն ընդմէջէն, ոչ միայն կը բուժէ մարդիկը, այլեւ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ է, եւ կ'առաջարկէ ճշմարիտ փրկութիւնը։

«Խուլին, որ վերստին լսելու կարողութիւն կը ստանայ, Տէրը կ՛ուղղէ լսելիք Աւետիսը. կոյրին, որ վերստին տեսնելու կարողութիւն կը ստանայ, ցոյց կու տայ փրկագործութեան սքանչելի գործը, որ կը կատարուի իրեն համար։ Նոյն ձեւով, Յիսուս անօթի եղողին կերակուր կու տայ ուտելու. հացերու բազմացման դէպքը կը նշանակէ, թէ Տիրոջ հետ հանդիպումը սնուցիչ փորձառութիւն մըն է» ըսաւ Քահանայապետը նշելով ի միջի այլոց` որ հացերու բազմացման Աւետարանին մէջ, Յիսուս ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ Կենաց Հաց՝ կարող կշտացնելու մարդկութեան ամենախորունկ ծարաւն ու քաղցը։

Պէտք չէ վատնել այլ բաժնեկցիլ

«Միեւնոյն ատեն, իր արարքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ոչինչ պէտք է վատնուի, երբ կը բաժնուի» աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «կուտակումն ու վատնումը նոյն չարիքին՝ ագահութեան երկու կողմերն են» եւ թէ «հոգիի այս հիւանդութիւնը կորսնցնել կու տայ զգայարանքները, որովհետեւ կը հարբեցնէ հարստութիւններով՝ այն աստիճան, որ կը մոռցնէ անոնք, որոնք անօթութենէն կու լան եւ ծարաւէն կը պոռան»։

Հացը բաժնելը սիրոյ եւ եղբայրութեան վկայութիւն 

«Պատերազմի եւ ամբարտաւանութեան անապատին մէջ, նայինք, թէ ի՜նչ բարեացակամութեամբ Տէրը «աչքերը դէպի երկինք բարձրացուց», «օրհնեց», «հացերը կոտրեց եւ տուաւ» իր աշակերտներուն, որպէսզի բաժնեն բազմութեան (հմմտ. Հմր. 19)» շարունակեց Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով Յիսուսի սիրոյ արարքներուն որոնք իրենց գագաթնակէտին կը հասնին Վերջին Ընթրիքին ուր Աստուծոյ Որդին իր իսկ կեանքը կը յանձնէ մեզի՝ իբրեւ մեր եղբայրը մարդկութեան մէջ։

Ոչ մէկուն թող պակսի առօրեայ հացը

«Մինչ կը ճաշակենք Հաղորդութեան խորհուրդը, յանձն առնենք վկայելու անոր գեղեցկութիւնը մեր ամէնօրեայ արարքներուն մէջ, սկսելով սեղանի օրհնութենէն, երբ հացը կը բաժնենք ընտանիքին եւ բարեկամներուն միջեւ։ Յիսուսի ընկերակցութեամբ, նոյնիսկ արձակուրդները կրնան դառնալ եղբայրական խաղաղութեան ժամանակ՝ ներգրաւելով զանոնք, որոնք մեր կողքին կարիքի մէջ են» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը եւ խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները` «Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ հոգատար մօրմէն խնդրել, որ մեզ աճեցնէ սիրոյ մէջ, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի օրուան հացը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/08/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >