Որոնել

2026.07.19 Angelus

Աստուած կը նախընտրէ փոքրութիւնը. Բարին ունի աշխարհի պատմութիւնը ներսէն փոխելու կարողութիւնը. Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Մերօրեայ աղմկալից աշխարհին մէջ յաճախ կը հակինք փնտռելու հզօր, յաղթական եւ ակնբախ ուժ մը, որ արմատախիլ կ՛ընէ չարիքը մէկ վայրկեանի մէջ: Սակայն, Յիսուսի աւետարանական առակները՝ բարի սերմին, մանանեխի հատիկին եւ թթխմորին մասին, մեզի կը յայտնեն բոլորովին տարբեր իրականութիւն մը. Աստուծոյ Արքայութիւնը կը ներգործէ պատմութեան մէջ ոչ թէ բռնի ուժով, այլ լուռ, անտեսանելի եւ խոնարհ կերպով:
Ունկնդրէ լուրը


Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի, 19 Յուլիսին, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ, Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Աստուծոյ Արքայութեան լուռ ու խոնարհ ներգործութեան վրայ։

Բարի սերմն ու որոմը, մանանեխի հատիկը, թթխմորը ալիւրին մէջ

Նորին Սրբութիւնը մեկնակէտ առաւ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած երեք առակները՝ բարի սերմին եւ որոմին, մանանեխի հատիկին եւ թթխմորին մասին (Մատթ. 13, 24-43)։ Ան բացատրեց, թէ այս առակները կը բացայայտեն Աստուծոյ գործելակերպը պատմութեան եւ մարդկային կեանքին մէջ։ Աստուծոյ Արքայութիւնը չի տարածուիր բռնի ուժով կամ արտաքին ցուցադրութեամբ, այլ կը ծլի լուռ կերպով, կը հասուննայ համբերութեամբ եւ ներսէն կը նորոգէ մարդն ու աշխարհը։

Աստուած կը նախընտրէ փոքրութիւնը

Պապը ընդգծեց, թէ մարդիկ յաճախ կը սպասեն Աստուծոյ հզօր եւ ակնթարթային միջամտութեան մը, որ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի արմատախիլ ընէ չարիքը։ Սակայն Յիսուսի առակները կը վկայեն բոլորովին այլ իրականութեան մասին. Աստուած կը նախընտրէ փոքրութիւնը, որովհետեւ իր սէրը երբեք չի պարտադրուիր։ Ան կը յարգէ մարդկային ազատութիւնը, կը գործէ անտեսանելի կերպով եւ կը շարունակէ սերմանել բարին նոյնիսկ այն տեղերուն, ուր չարիքը ներկայ է։

Քրիստոնէական կոչումը

Այս լոյսին տակ, Քահանայապետը զգուշացուց այն փորձութենէն, որ Աստուած պատկերացնենք իբրեւ միայն հզօր տիրակալ մը եւ նոյն մտածելակերպը փոխադրենք Եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ։

Քրիստոնէական կոչումը, ըսաւ ան, իշխանութիւն կամ գերիշխանութիւն հաստատելը չէ, այլ Աւետարանի խոնարհ ոճը ապրիլը։ Եկեղեցին կոչուած է սերմի մը նման լուռ կերպով բարիք սերմանելու եւ թթխմորի մը պէս ներսէն կերպարանափոխելու մարդկային հասարակութիւնը։

Սրբազան Պապը յիշեցուց ապա, թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը կը ծլի նաեւ «որոմներուն մէջ», եւ այդ պատճառով քրիստոնեան կոչուած է ունենալու համբերատար եւ յոյսով լեցուն հայեացք։ Ան պէտք չէ շտապէ դատապարտելու կամ յուսահատելու աշխարհի չարիքներուն առջեւ, այլ սորվի նկատելու այն փոքր նշանները, որոնց մէջ Աստուած արդէն իսկ կը գործէ։

Բարին ունի աշխարհի պատմութիւնը ներսէն փոխելու կարողութիւնը

«Բարին շատ անգամ կը ծնի աննկատ, կը զարգանայ դանդաղ, բայց ունի աշխարհի պատմութիւնը ներսէն փոխելու կարողութիւնը» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը որ խորհրդածութեան աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները դիմելու Ամենասրբուհի Կոյս Մարիամին, «որ գիտցաւ ընդունիլ Խօսքին սերմը փոքրութեան մէջ, որպէսզի մեզի զօրավիգ կանգնի մեր ուղիին մէջ եւ բարեխօսէ մեզի համար» ըսաւ Լեւոն Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/07/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >