2026.08.16 Angelus

Լեւոն ԺԴ.ի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը. «Հօր մօտ իւրաքանչիւր ոք իր տեղը ունի»

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ Աստուծոյ սեղանը բոլորին համար պատրաստուած է, ուստի խտրականութիւնն ու անհաւասարութիւնը հակառակ են Աւետարանի պատգամին։ Վերջաւորութեան ան Եկեղեցին ներկայացուց որպէս խաղաղութիւն փնտռող աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տարածող համայնք եւ հրաւիրեց հաւատացեալները դիմելու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 16 օգոստոսին կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը որ այս օրերուն կը գտնուի Քասթել Կանտոլֆօ ուր պիտի մնայ մինչեւ երեքշաբթի երեկոյեան, գիւղաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ գլխաւորեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, այնտեղ համախմբուած ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Քանանացի կնոջ հաւատքը

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ (Մատթէոս 15,21-28) ուր աւետարանիչը կը պատմէ Քանանացի կնոջ մը մասին որ Յիսուսէն օգնութիւն կը խնդրէ իր դիւահար աղջկան համար։ Թէեւ Յիսուս սկզբնական պահուն չի պատասխաներ եւ կը յիշեցնէ, թէ Իր առաքելութիւնը նախ Իսրայէլի ժողովուրդին ուղղուած է, կինը չի յուսահատիր այլ խոնարհութեամբ կը շարունակէ աղաչել եւ այդպէս ընելով կը ցուցաբերէ մեծ հաւատք։ Յիսուս, տեսնելով անոր հաւատքը, կը գովէ զինք եւ կը բժշկէ աղջիկը։

Հաւատք, որ չի յուսահատիր

«Երէկ խոկացինք Սուրբ Կոյս Մարիամի մասին՝ իր Որդիին հետ ունեցած անքակտելի կապին մէջ. նոյնիսկ մահը չկրցաւ ընդհատել հոգիի եւ մարմնի այդ հաղորդութիւնը, որ յաւիտենական կեանք է: Ամէն Կիրակի մեզի կը յիշեցնէ, թէ նոյն լիութիւնը վերապահուած է Յիսուսի հետեւողներուն. իր յարութիւնը անցեալ պատահար մը չէ, այլ նոր կեանք՝ որ մեզ իր մէջ կը ներգրաւէ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու մեկնաբանեց աւետարանական հատուածը բացատրելով` որ «Աւետարանիչը չի թաքցներ այն խոչընդոտները, որոնց այդ կինը կը հանդիպի։ Աշակերտները զայն կը նկատեն իբրեւ անհանգստացնող անձ մը, Յիսուս եւս կը դիմադրէ անոր խնդրանքներուն»։

«Իրապէս, Վարդապետը այդ շրջանը քաշուած էր (հմմտ. հ. 21), եւ կրնանք երեւակայել, որ ինչպէս ուրիշ առիթներու, կը փնտռէր առանձնութեան վայր մը՝ աղօթելու եւ Իր աշակերտները կազմաւորելու համար» ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով, թէ «այդ պահուն անսպասելի բան մը կը պատահի» եւ Յիսուս տեսնելով կնոջ հաւատքը անոր կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, մեծ է քու հաւատքդ։ Թող քեզի ըլլայ ինչպէս կը փափաքիս» (հ. 28)։

«Ականջ դնել, աչքերը բանալ եւ սիրտը բաց պահել»

«Այսօր ալ Եկեղեցին կրնայ թոյլ տալ ինքնիրեն զարմանալու Աստուծոյ գործով եւ Քրիստոսի խաղաղութիւնը հաղորդել արդէն գծուած սահմաններէն անդին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. ընդգծելով` որ «իւրաքանչիւր հանդիպումի մէջ, նոյնիսկ այն հանդիպումներուն, որոնք մեր ծրագիրները կը խանգարեն, պէտք է ականջ դնել, աչքերը բանալ եւ սիրտը բաց պահել այն բանին, զոր Աստուած կ’ուզէ մեզի ըսել»։

Աստուծոյ սեղանը պատրաստուած է բոլորին համար

«Քանանացի կնոջմէ կը սորվինք խոնարհութիւն եւ վճռակամութիւն։ Եւ շնորհիւ անոր վճռական հաւատքին կը սորվինք, որ Աստուծոյ սեղանը բոլորին համար պատրաստուած է, եւ ոչ մէկուն համար փշրանքներ վերապահուած են (հմմտ. հհ. 26-27), որովհետեւ Հօր մօտ իւրաքանչիւր ոք իր տեղը ունի» նշեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «այս հաւատքի լոյսին ներքեւ անտանելի կը դառնան անհաւասարութիւնները, խտրականութիւնները եւ այն արգելքները, որոնք կը ոտնակոխեն Աստուծոյ բազմաթիւ որդիներուն եւ դուստրերուն արժանապատուութիւնը»։

Եկեղեցի մը՝ խաղաղութիւն փնտռող աշխարհի մը մէջ

Խորհրդածութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. նշեց որ «Մենք Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցին ենք՝ խաղաղութիւն փնտռող խռովայոյզ աշխարհի մը մէջ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հաւատացեալները դիմելու Սուրբ Կոյս Մարիամին որպէսզի բարեխօսէ մեզի համար. «Անոր շրթներէն թող բխի երբեւէ արտասանուած ամենէն զօրաւոր եւ նորարար օրհներգը՝ Մեծացուսցէն» (Magnifica humanitas, 244). անիկա երգն է անոր, որ այլեւս իրականութիւնը Աստուծոյ հայեացքով կը տեսնէ եւ այդ պատճառով յոյսը չի կորսնցներ ու սիրոյ մէջ կը գործէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/08/2026, 12:04

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >