Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կեանքի ամենաթանկագին գանձ. Լեւոն ԺԴ. Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները փնտռելու Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ որպէս ամենաթանկագին գանձ, որ կեանքը չի սահմանափակեր, այլ կը բանայ նոր ուրախութեան եւ լիութեան ճանապարհ։ Ան շեշտեց, որ բոլոր մարդիկ, անկախ իրենց վիճակէն, կոչուած են հանդիպելու Քրիստոսի՝ իսկական գանձին, եւ ապրելու Աստուծոյ հետ յարաբերութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 26 Յուլիսին, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ, Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու այս առթիւ արտասանած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ Յիսուսի ուսուցումներուն կեդրոնական նիւթին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան խորհուրդին, որ Աւետարանին մէջ կը նմանցուի թանկագին մարգարիտի եւ դաշտի մէջ պահուած գանձի (Մտթ 13,44-52)։

Ամէն ինչ թողուլը կորուստ չէ այլ իսկական շահ

Պապը ընդգծեց, որ Յիսուսի առակները կը բացայայտեն այն մարդու զարմանքը, որ կը գտնէ անսպասելի եւ մեծ արժէք ունեցող բան մը։ Այդ պատճառով ամէն ինչ թողուլը այլեւս կորուստ մը չէ, այլ՝ իսկական շահ մը։ Ան շեշտեց, որ Յիսուսի հետեւելու կոչը միշտ եղած է ազատ, սակայն միաժամանակ՝ հրատապ եւ սրտի ցանկութենէն բխող պատասխան պահանջող։

Սրբազան Քահանայապետը նշեց, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդիպումը կեանքը չի սահմանափակեր, այլ ընդհակառակը՝ կը լայնցնէ նոր կարելիութիւններով։ «Եթէ ինչ-որ բան պէտք է փոխուի, ապա այդ փոփոխութիւնը աւելի մեծ լիութեան համար է, ոչ թէ պակասի», ըսաւ ան։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր անսահման գեղեցկութիւնը կը յայտնէ տարբեր ճամբաներով

Խօսելով Յիսուսի առակներուն մէջ ներկայացուած տարբեր օրինակներուն մասին՝ Պապը յիշեցուց, որ թաքուն գանձը կը գտնէ հաւանաբար պարզ հողագործ մը, իսկ թանկագին մարգարիտը կը ճանչնայ վաճառական մը։ Ան յիշեց նաեւ ձկնորսները, օրէնքի գիտակներ, տան մէջ աշխատող կիներ, թագաւորներ, շինարարներ, տնտեսներ, հովիւներ եւ երկրագործներ։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր անսահման գեղեցկութիւնը կը յայտնէ տարբեր ճամբաներով եւ կը կանչէ բոլորին՝ տղամարդիկ եւ կիներ, երիտասարդներ եւ տարեցներ, աղքատներ եւ հարուստներ՝ խոր վերանորոգութեան։

Պապը ընդգծեց նաեւ, որ այսօր Եկեղեցին տարբեր ծագում, մշակոյթ, կարողութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ունեցող մարդոց հաղորդակցութիւնն է, սակայն բոլորը կոչուած են Քրիստոսի մէջ մէկ ըլլալու։ «Քրիստոս է թաքուն գանձը, թանկագին մարգարիտը եւ այն ուռկանը, որ կը համախմբէ ցրուածները», ըսաւ ան։

Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ

Ան յիշեցուց, որ Յիսուս իր առաջին հետեւորդներուն մէջ հաւաքեց մարդիկ, որոնք մարդկային չափանիշներով երբեք իրարու մօտ չէին ըլլար։ Այս կերպով ան ցոյց տուաւ, որ Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ եւ իր ընտրութիւնը յատկապէս ուղղուած է փոքրերուն եւ մերժուածներուն։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները խնդրելու այն իմաստութիւնը, որուն համար աղօթեց նաեւ երիտասարդ թագաւոր Սողոմոն՝ կարենալ ճանչնալու իսկական արժէքը եւ զանազանելու այն գանձը, որուն համար արժէ ամէն ինչ թողուլ։

Իսկական գանձը Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնն է

Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր, մեզի կը մնայ միայն մէկ պարգեւ խնդրել՝ նոյն այն պարգեւը, որ երիտասարդ թագաւոր Սողոմոն խնդրեց (Բ Մնաց. 2,1-12Գ Թագ. 3,5.7-12)։ Անիկա մեծ արժէք ունեցող մարգարիտը զանազանելու, եւ այն գանձը ճանչնալու պարգեւն է, որուն համար արժէ ամէն ինչ ծախել։

Մինչ սպառողական արդիւնաբերութիւնը կը փոխէ մեր ճաշակը՝ մեր մէջ ստեղծելով միշտ նոր կարիքներ, ապա մեզի առաջարկելով պատասխաններ, որոնք չեն բաւարարեր եւ երբեմն նոյնիսկ կը թունաւորեն սիրտը, մենք պէտք է սորվինք տեսնել այն, ինչ իսկապէս կարեւոր է։ Այդ իսկական գանձը Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնն է, որ մեզ կը բանայ ուրախութեան եւ կ՚օգնէ լաւագոյն կերպով ապրելու նաեւ մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները»։

Դիմում Տիրամօր

Վերջաւորութեան՝ Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց Սուրբ Աստուածածինէն՝ «Իմաստութեան Աթոռէն», առաջնորդել մարդկային կեանքի ցանկութիւնը դէպի Յիսուս, որպէսզի աՆ իր ամբողջական կատարելութեան հասնի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/07/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >