Լեւոն ԺԴ. «Աւետարանի քարոզչութիւնը նախ եւ առաջ Յիսուսի հետ անձնական հանդիպման փոխանցումն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 21 Յունիսին, կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեամեան կիրակնօրեայ աղօթքը եւ ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը՝ մեկնաբանելով Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած օրուան բնագիրը (Մտ 10, 26-33)․ «Ինչ որ կ՚ըսեմ ձեզի մութին մէջ, դուք լոյսին մէջ ըսէք. եւ ինչ որ կը լսէք ականջի մէջ, տանիքներուն վրայէն քարոզեցէք»։
Առաքելութեան իսկական աղբիւրը
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ քրիստոնէական առաքելութեան եւ քարոզչութեան իսկական ուժը կը բխի Սուրբ Հոգիէն եւ Քրիստոսի հետ ունեցած անձնական խորհրդածական կապէն։ Մեկնաբանելով Յիսուսի խօսքը՝ «Ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ մութին մէջ, դուք լոյսին ըսէ՛ք», Քահանայապետը նշեց, որ Աւետարանի պատգամը տարածելը պարզապէս արհեստավարժ միջոցներու կիրարկում չէ, այլ սրտի խորքին մէջ լսուածն ու ապրուածը ուրիշներուն հետ կիսելու հրաւէր։
Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի հոգեւոր սկզբունքը
Այս առնչութեամբ, ան մէջբերեց Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի սկզբունքը՝ «խորհրդածուածը փոխանցել ուրիշներուն» (contemplata aliis tradere)։ Արդարեւ, առաքելութեան զօրութիւնը, մեթոտներէ ու միջոցներէ անդին, կը հիմնուի մեր մէջ Սուրբ Հոգիին գործին եւ մեր պատասխանի վաւերականութեան վրայ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացին կը խօսէր քարոզութեան մասին՝ որպէս ուրիշներուն փոխանցում այն բանին, զոր խոկացած ենք. «contemplata aliis tradere» (խորհրդածուածը ուրիշներուն փոխանցել) (հմմտ. Սումմա Թէոլոժիէ, III, հարց 40, յօդուած 1, պատասխան 2)։
Խորհրդածութիւնը բոլորին համար է
Սրբազան Հայրը հերքեց այն թիւրիմացութիւնը, թէ հոգեւոր խորհրդածութիւնը վերապահուած է միայն վանականներուն կամ սուրբերուն․ «Բոլորս ալ կրնանք մեր առօրեայ զբաղումներուն մէջ լռութեան պահեր ստեղծել՝ Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ մեր մտահոգութիւնները Անոր վստահելու համար։ Ասիկա մեզ կը դարձնէ աւելի ու աւելի հաստատուն եւ գիտակից հաւատքի տէր անձեր, եւ հետեւաբար՝ վստահելի ու ազատ առաքեալներ. այրեր եւ կիներ՝ ընդունակ Աւետարանի լոյսը անդրադարձնելու կեանքի ամէն միջավայրի ու ամէն կացութեան մէջ, եւ զայն վկայելու նոյնիսկ հոն, ուր անոր արժէքը չի հասկցուիր կամ չ՚ընդունուիր»։
Յարատեւութիւն՝ հակառակ դժուարութիւններուն
Անդրադառնալով Մատթէոսի Աւետարանին, Քահանայապետը յիշեցուց, որ առաջին դարերու քրիստոնեաները կ՚ապրէին հալածանքներու եւ վախի մթնոլորտի մէջ, ինչ որ ցաւոք կը շարունակուի նաեւ այսօր աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Լեւոն ԺԴ. կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ ատելութեան պատասխանելու սիրով, իսկ յուսահատութեան՝ յարատեւութեամբ, յղում կատարելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի «Evangelii gaudium» առաքելական շրջաբերականին։
Տիրամօր բարեխօսութիւնը եւ խաղաղութեան պատգամը
Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր հաւատացեալ, իր կոչումին համաձայն, դառնայ Յիսուսի առաքելական աշակերտը՝ տարածելով յոյսի, սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամը, որուն այսօր աշխարհը խիստ կարիքը ունի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.