«Աստուծոյ սէրը կը փոխակերպէ մարդկային կեանքը» Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Երրորդութեան տօնին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 31 Մայիս 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին վրայ` Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը։
Սուրբ Երրորդութեան տօնը
«Մէկ շաբաթ առաջ Պենտեկոստէի տօնակատարութեամբ աւարտին հասաւ Զատկական ժամանակը եւ այսօր Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը տօնելը մեզի առիթ կու տայ խորհրդածելու անցած ժամանակի մասին, սկսեալ անոր կեդրոնէն. Աստուծոյ կեանքը մեզի տրուեցաւ Յիսուսի Քրիստոսով» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով` որ «Այս կեանքը շարժուն, անսպառ ու արգասաբեր հաղորդութիւն մըն է, որ այժմ մեզ կը ներգրաւէ. Հայրն ու Որդին կապող Հոգին արդարեւ մեր սրտերուն մէջ յեղուած է, այնպէս որ աշխարհի վրայ կը ձեւաւորուի Եկեղեցին՝ հաղորդութեան խորհուրդը, հանդիպումի, սիրոյ եւ կեանքի տարածքը, ուր երկինքն ու երկիրը արդէն իսկ իրարու կը դպչին»։
Նիկոդէմոսի եւ Յիսուսի միջեւ գիշերուայ ժամերուն հանդիպումը
Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց ապա օրուան Աւետարանը քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն (Յովհ. 3,16-18) ուր կը խօսուի Նիկոդէմոսի եւ Յիսուսի միջեւ գիշերուայ ժամերուն տեղի ունեցած հանդիպումի մասին, որուն ընթացքին Յիսուս անոր կը հաղորդէ` թէ կարելի է վերածնիլ ու թէ Աստուծոյ կեանքը կը փոխակերպէ կեանքը։
Վերածնիլ Հոգիով
«Յիսուս Նիկոդեմոսի խօսեցաւ Սուրբ Հոգիին մասին, լուսաւորեց անոր գիշերը այն ճշմարտութեամբ, որ այսօրուան տօնին առթիւ կ՚արձագանգէ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (հմմտ. 16)։ Եւ դարձեալ. «Աստուած իր Որդին աշխարհ չղրկեց աշխարհը դատապարտելու համար, հապա՝ որպէսզի աշխարհը անոր միջոցաւ փրկուի» (հմմտ. 17)» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, թէ «Աստուծոյ կեանքը սքանչելի է ու ներգրաւիչ, անիկայ խաղաղութիւն կու տայ մեր սրտին, որ յաճախ անորոշ է…. Սուրբ Երրորդութիւնը մեզի սիրեցնել կու տայ բոլորը եւ ամէն բան, կը բացայայտենք որ իւրաքանչիւր արարած եղած է հաղորդութեան, յարաբերութեան ու հանդիպումի համար։ Եւ այսպէսով մենք կը հասկնանք թէ ինչու բաժանումները բեւեռացումները ու տարբերութեան անարգանքը աշխարհ կը բերեն կործանում, տխրութիւն ու ամայութիւն»։
Ան որ կը մերժէ Հոգին, կը վտանգէ ինքզինք փակել տրտունջի եւ առանձնութեան մէջ
Նիկոդեմոս՝ որպէս Սենետրիոնի (Ատեանին) անդամ, Յիսուսի դէմ եղած թշնամական դատումներուն դիմաց, հրաւիրեց չդատապարտել զԻնք՝ առանց նախապէս լսելու։ Քրիստոսի հետ իր հանդիպումին շնորհիւ, ան ընդունած էր հաղորդութեան Հոգին, որ սիրտը կը բանայ ճշմարտութեան ու նորոգութեան առջեւ։ Ան որ կը մերժէ այս Հոգին, կը վտանգէ ինքզինք փակել տրտունջի եւ առանձնութեան մէջ. իսկ ան որ կ՚ընդունի զայն, կ՚ապրի ուրախութեան եւ խաղաղութեան մէջ, բացատրեց ապա Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «այսօր տօն է` Աստուծոյ տօնը որ մեր տօնն է» եւ մէջբերեց Սուրբ Պօղոսի՝ Կորնթացիներուն ուղղած հրաւէրը՝ ըլլալու ուրախ, զօրակցելու մէկը միւսին, ապրելու համերաշխութեան ու խաղաղութեան մէջ, վստահելով սիրոյ եւ խաղաղութեան Աստուծոյ ներկայութեան (Բ. Կոր. 13,11)։
«Եւ հիմա, Հրեշտակ Տեառն աղօթքով, դիմենք Մարիամ Աստուածածնայ. թող անոր աստուածային Կամքին ուղղուած «այո»-ին մէջ՝ ծաղկի նաեւ մեր «այո»-ն՝ Սուրբ Երրորդութեան սիրոյն հանդէպ», ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը եւ աղօթելով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ