Որոնել

2026.03.08 Angelus

Ո՛չ հակասութիւններուն որպէսզի ծառայենք ճշմարտութեան և արդարութեան ծարաւն ունեցող մարդկութեան. Լեւոն ԺԴ.

Մեկնաբանելով Յիսուսին Սամարացի կնոջ հետ հանդիպման դրուագը, Սրբազան Պապը նշեց` որ Յիսուս Աստուծոյ պատասխանն է մարդու ներքին ծարաւին։ Ան կը խոստանայ այնպիսի ջուր մը, որ կը դառնայ «կեանքի աղբիւր՝ յաւիտենական կեանքին համար...Այսօր եւս շատ մարդիկ կը փնտռեն այդ հոգեւոր աղբիւրը։ Այդ պատճառով պահեցողութեան շրջանը մեզի համար շնորհք է՝ սիրտը ազատելու եւ Աստուծոյ հետ հանդիպումը խորացնելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 Մարտ 2026-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այս առիթով ներկայացուցած կիրակնօրեայ խորհրդածութեան մէջ Ան շեշտեց Աւետարանին մէջ պատմուած Յիսուսի եւ սամարացի կնոջ հանդիպումի, կոյր ծնած մարդու բժշկութեան եւ Ղազարոսի յարութեան կարեւորութիւնը։

Աւետարանի դէպքերը սնունդ են հոգեւոր կեանքին

Եկեղեցւոյ առաջին դարերէն ի վեր այս աւետարանական դէպքերը լուսաւորած են այն մարդիկը, որոնք Սուրբ Զատիկին պիտի ստանան մկրտութիւնը եւ պիտի սկսին նոր կեանք, անոնք ապա ուղեցոյց հանդիսացած են համայն քրիստոնեայ համայնքին, որոնց միջոցաւ քրիստոնէական կեանքը կ՛ ապրուի աւելի խոր եւ աւելի ուրախ կերպով, դիտել տուաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը։

Աստուած պատասխանն է մարդու ներքին ծարաւին

Մեկնաբանելով Յիսուսին Սամարացի կնոջ հետ հանդիպման դրուագը, Ան նշեց` որ Յիսուս Աստուծոյ պատասխանն է մարդու ներքին ծարաւին։ Ան կը խոստանայ այնպիսի ջուր մը, որ կը դառնայ «կեանքի աղբիւր՝ յաւիտենական կեանքին համար»։

«Այսօր եւս շատ մարդիկ կը փնտռեն այդ հոգեւոր աղբիւրը։ Այդ պատճառով պահեցողութեան շրջանը մեզի համար շնորհք է՝ սիրտը ազատելու եւ Աստուծոյ հետ հանդիպումը խորացնելու համար», յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով` թէ «չկայ աւելի լաւ ուժի սպառում, քան այն ուժը, որ մենք կը նուիրենք մեր սրտերը ազատագրելու»։

Տեսնել Աստուծոյ գործերվ աշխարհին մէջ

Շարունակելով մեկնաբանել աւետարանական հատուածը Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ` թէ Յիսուսին աշակերտները երբ կը նշմարեն, որ Ան սամարացի կնոջ հետ կը խօսի դժուարութիւն ունեցան հասկնալու անոր առաքելութիւնը եւ Յիսուս զանոնք հրաւիրեց աչքերը բարձրացնելու եւ տեսնելու Աստուծոյ գործերը աշխարհի մէջ։

Յիսուսին հետ հանդիպումը կը փոխէ կեանքը

«Թէեւ շատ անգամ մենք ոչ մէկ բան կը տեսնենք, Աստուծոյ շնորհքը արդէն կը գործէ եւ պտուղները պատրաստ են հնձուելու» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ ակնարկելով սամարացիին Յիսուսին խօսքերուն յատկացուցած ուշադրութեան նշեց թէ գեղեցիկ է, երբ մենք կը մոռանանք ժամանակի զգացումը՝ ուշադրութիւն դարձնելու համար հանդիպած մարդկանց»: Յիսուս կը մոռանար նոյնիսկ ուտել, որովհետև կը սնուէր Աստուծոյ կամքով, որպէսզի հասնէր բոլորին խորքը (հմմտ. Յովհ. 4:34):

Այսպիսով, Սամարացի կինը դարձաւ առաջին վկայողներէն մէկը, որովհետեւ Յիսուսին հետ անոր հանդիպումը փոխեց անոր կեանքը եւ այդ փոխակերպումով ան իր կարգին իր գիւղի շատ մարդիկ առաջնորդեց դէպի Տէրը։

Աստուած կը սիրէ խաղաղութեան մարդիկն ու կիները

«Քոյրեր և եղբայրներ, այսօր մենք Մարիամէն՝ Եկեղեցւոյ Մօրմէն կը խնդրենք` որ կարողանանք ծառայել Յիսուսին հետ և Յիսուսին նման` ճշմարտութեան և արդարութեան ծարաւը ունեցող մարդկութեան։ Ասիկա ժամանակը չէ մէկ տաճարի կամ միւսի, «մեզ» և «միւսներու» միջև հակասութեան. Աստուած կը փնտռէ խաղաղութեան մարդիկ և կիներ, որոնք անոր կ՛ երկրպագեն Հոգիով և ճշմարտութեամբ (հմմտ. Յովհ. 4։23-24)» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին կիրակնօրեայ խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >