Բանանք մեր սրտին աչքերը եւ վկայենք Աւետարանը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 15 Մարտ 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը, որ երէկ փոխադրուեցաւ Առաքելական Պալատի Քահանայապետական բնակարան, Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ի ներկայութեան հազարաւոր ուխտաւորներու` որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի կողմէ ի ծնէ կոյրի մը բժշկութեան հրաշքը պատմող դրուագը (Յովհ. 9,1-41)։
Յիսուս լոյս աշխարհի
«Այս դրուագի խորհրդանիշի միջոցաւ, Յովհաննէս Աւետարանիչը կը խօսի փրկութեան խորհուրդին մասին.․ երբ մենք խաւարին մէջ էինք, երբ մարդկութիւնը կը քալէր խաւարի մէջ (տե՛ս Եսայի 9,1), Աստուած իր Որդին ղրկեց որպէս աշխարհի լոյս, որպէսզի բանայ կոյրերուն աչքերը եւ լուսաւորէ մեր կեանքը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Յիսուսի առաքելութեան, որ եկած է որպէս «լոյս աշխարհի»։
Մարդկութեան կուրութիւնը
«Բոլորս ալ կոյր ենք ի ծնէ, որովհետեւ առանձին չենք կարող նայիլ կեանքի խորհուրդին խորքերը։ Բայց Աստուած մարդեղացաւ Յիսուսով, որպէսզի մեր մարդկութեան ցեխը կարենայ ընդունիլ նոր լոյս մը, որ մեզ ընդունակ կը դարձնէ վերջապէս տեսնելու մենք զմեզ, ուրիշները եւ Աստուած՝ ճշմարտութեան մէջ» յարեց ի միջի ալոց Քահանայապետը։ ✨
Հաւատքը խաւարի մէջ կատարուած թռիչք մը չէ
Հակառակ տարածուած կարծիքին, հաւատքը մտածելէ հրաժարում մը չէ, այլ սրտի աչքերուն բացուածք մըն է։ Արդարեւ հաւատք ունենալը կուրօրէն հաւատալ չի նշանակեր։ Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ թէ Քրիստոսի հետ շփման մէջ աչքերը կը բացուին եւ ճշմարտութիւնը կը տեսնուի։ Կրօնական իշխանութիւնները արդարեւ բժշկուած կոյրին հարց կու տան «Ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ» (Յովհ 9,10)։ ✨
Կոչուած ենք ապրելու բաց աչքերով քրիստոնէութիւն մը
Եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք եւս բժշկուած Քրիստոսի սիրով, կոչուած ենք ապրելու բաց աչքերով քրիստոնէութիւն մը։ Հաւատքը կոյր արարք մը չէ, այլ մեզի կ՛օգնէ նայելու Յիսուսին աչքերով եւ ասոր համար է, որ հաւատքը մեզ կը կոչէ բանալու աչքերը, ինչպէս կ՛ընէր Յիսուս, յատկապէս աչքերը բանալով միւսներու տառապանքներուն եւ աշխարհի վէրքերուն վրայ», յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Կարիքը կայ արթուն, ուշադիր եւ մարգարէական հաւատքի
Ան ապա մատնանշեց, որ «այսօր յատուկ կերպով կարիքը կայ արթուն, ուշադիր եւ մարգարէական հաւատքի մը, ի տես մարդու սրտին բազմազան հարցադրանքներուն ու մեր ժամանակը յատկանշող տառապանքներու, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու ողբերգական վիճակներուն, կարիքը ունինք հաւատքի մը` որ աչքերը բանայ աշխարհի խաւարին վրայ ու այնտեղ տանի Աւետարանին լոյսը` խաղաղութեան, արդարութեան եւ զօրակցութեան յանձնառումով։
«Հայցենք Սուրբ Կոյսէն, որ բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի Քրիստոսին լոյսը բանայ մեր սրտին աչքերը ու կարողանանք զԱյն վկայել պարզութեամբ եւ քաջութեամբ» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ