Pope Leo XIV� Angelus prayer in Vatican

Մեր տկար հաւատքին դիմաց կը կանգնի ապագայ յարութեան աւետիսը. Լեւոն ԺԴ.

Անհաւատի յուսահատութեան դիմաց Հայրը կը պատասխանէ Փրկիչ Որդիի պարգեւով. Անգիտութեան մենութեան մէջ Սուրբ Հոգին մեզ կը փրկագնէ՝ ընծայելով կեանքի եւ շնորհքի յաւիտենական հաղորդութիւն մը. մեր տկար հաւատքին դիմաց կը կանգնի ապագայ յարութեան աւետիսը. ահա՛ ինչ որ աշակերտները տեսան Քրիստոսի փայլուն փառքին մէջ, սակայն զայն հասկնալու համար ժամանակ կը պահանջուի (հմմտ. Մտ 17,9)։ Ժամանակ՝ լռութեան, որպէսզի լսենք Խօսքը, ժամանակ՝ դարձի, որպէսզի վայելենք Տիրոջ ընկերակցութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի մէկ Մարտ 2026-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը զոր կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ ,ուր Մատթէոս աւետարանիչը կը պատմէ Յիսուսի պայծառակերպութեան դէպքը։

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի՛ կիրակի։

Այսօր Աւետարանը մեզի բոլորիս համար կը ներկայացնէ լոյսով լի պատկեր մը՝ պատմելով Տիրոջ Պայծառակերպութիւնը (հմմտ. Մատթ. 17,1-9)։ Անոր ներկայացման համար Աւետարանիչը իր գրիչը կը թաթխէ Առաքեալներուն յիշողութեան մէջ՝ նկարագրելով Քրիստոսը Մովսէսի եւ Եղիայի միջեւ։ Մարմնացեալ Բանը կը գտնուի Օրէնքին եւ Մարգարէութեան միջեւ․ ան է կենդանի Իմաստութիւնը, որ կու գայ ամբողջացնելու ամէն աստուածային խօսք։ Ամէն ինչ, որ Աստուած պատուիրած ու ներշնչած է մարդոց, Յիսուսի մէջ կը գտնէ իր լիակատար եւ վերջնական յայտնութիւնը։

Ասիկա է Իմ սիրելի Որդիս

Ինչպէս Յորդանանի մէջ մկրտութեան օրը, նոյնպէս այսօր ալ լերան վրայ կը լսենք Հօր ձայնը, որ կը հռչակէ. «Ասիկա է Իմ սիրելի Որդիս», մինչ Սուրբ Հոգին Յիսուսը կը պատէ «լուսաւոր ամպով» (Մատթ. 17,5)։

Այս արտայայտութեամբ, որ իսկապէս եզակի է, Աւետարանը կը նկարագրէ Աստուծոյ յայտնութեան ոճը։ Երբ Տէրը կը յայտնուի, ան կը ցուցաբերէ իր գերազանցութիւնը մեր հայեացքին դիմաց. Յիսուսի առջեւ, որուն դէմքը կը փայլի «ինչպէս արեւը», եւ որուն հանդերձները կը դառնան «լոյսի պէս ճերմակ» (հմմտ. հ. 2), աշակերտները կը հիանան Աստուծոյ մարդկային փառքով։

Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը կը դիտեն խոնարհ փառք մը, որ ինքզինք չի ցուցադրեր որպէս հանդիսատեսներու համար տեսարան, այլ որպէս հանդիսաւոր վստահութիւն։

Փրկիչը  կը պայծառակերպէ պատմութեան վէրքերը՝ լուսաւորելով մեր միտքն ու մեր սիրտը

Պայծառակերպութիւնը կը նախանշէ Զատկուան լոյսը՝ մահուան եւ յարութեան, խաւարի եւ նոր լոյսի դէպքը, զոր Քրիստոս կը ճառագայթէ բոլոր այն մարմիններուն վրայ, որոնք բռնութեամբ խարազանուած են, ցաւով խաչուած են, աղքատութեան մէջ լքուած են։ Արդարեւ, մինչ չարը մեր մարմինը կը վերածէ փոխանակութեան ապրանքի կամ անանուն զանգուածի, նոյն այդ մարմինը կը փայլի Աստուծոյ փառքով։ Փրկիչը այսպէս կը պայծառակերպէ պատմութեան վէրքերը՝ լուսաւորելով մեր միտքն ու մեր սիրտը. անոր յայտնութիւնը փրկութեան զարմանք մըն է։ «Արդեօք մենք կը հմայուի՞նք անով։ Աստուծոյ ճշմարիտ դէմքը մեր մէջ կը գտնէ՞ զարմանքի եւ սիրոյ հայեացք մը» հարց տուաւ Սրբազան Պապը։

Անհաւատի յուսահատութեան դիմաց Հայրը կը պատասխանէ Փրկիչ Որդիի պարգեւով. Անգիտութեան առանձնութեան մէջ Սուրբ Հոգին մեզ կը փրկագնէ՝ ընծայելով կեանքի եւ շնորհքի յաւիտենական հաղորդութիւն մը. մեր տկար հաւատքին դիմաց կը կանգնի ապագայ յարութեան աւետիսը. ահա՛ ինչ որ աշակերտները տեսան Քրիստոսի փայլուն փառքին մէջ, սակայն զայն հասկնալու համար ժամանակ կը պահանջուի (հմմտ. Մտ 17,9)։ Ժամանակ՝ լռութեան, որպէսզի լսենք Խօսքը, ժամանակ՝ դարձի, որպէսզի վայելենք Տիրոջ ընկերակցութիւնը։

Մինչ Մեծ Պահքի ընթացքին կը փորձարկենք այս բոլորը, խնդրենք Մարիամէն՝ աղօթքի Վարդապետուհիէն եւ Առաւօտեան Աստղէն, որ մեր քայլերը պահպանէ հաւատքի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2026, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >