Տեղ տանք լռութեան, անջատենք հեռուստացոյցնեը, ռատիօները եւ հեռախօսները եւ ունկնդրենք Սուրբ Հոգիին ձայնը

«Այս շնորհքի ժամանակահատուածին մեծահոգաբար դիմենք ապաշխարութեան աղօթքի եւ ողորմութեան գործերու հետ միասին. Տեղ տանք լռութեան, անջատենք հեռուստացոյցներն ու ռատիօները, հեռախօսները» յորդորեց Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ «խորհրդածելու Աստուծոյ Խօսքի մասին, մօտենալու Խորհուրդներուն, լսելու Սուրբ Հոգիին ձայնը, որ կը խօսի մեզի հետ մեր սրտերուն մէջ, և լսելու զիրար, մեր ընտանիքներուն, մեր աշխատավայրերուն եւ մեր համայնքներուն մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 22 Փետրուարի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը ըստ աւանդութեան գլխաւորեց Կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը զայն կեդրոնացնելով Յիսուսի անապատին մէջ ունեցած փորձութիւններու վրայ, որոնք պատմուած են Մատթէոս Աւետարանիչին կողմէ (հմմտ. Մատթ. 4,1-11).

Յիսուսին փորձութիւնները

«Քառասուն օր ծոմ պահելէն ետքը Յիսուս կը զգայ իր մարդկայնութեան բեռը. Ֆիզիկական գետնի վրայ սովը եւ բարոյական գետնի վրայ՝ սատանային փորձութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «Ան եւս զգաց այն դժուարութիւնը, որ բոլորս կ՛ապրինք մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին, եւ դիմադրելով սատանային մեզի ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կարելի է յաղթահարել անոր խաբէութիւններն ու թակարդները»։

Սիրոյ լիութիւնը` աղբիւր իսկական երջանկութեան

«Ծիսակատարութիւնը այս կեանքի Խօսքով մեզ կը մղէ նայելու քառասնօրեայ ուղեւորութեան` որպէս լուսաւոր ճանապարհ, որուն մէջ՝ աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ, մենք կրնանք թարմացնել մեր համագործակցութիւնը Տէր Աստուծոյն հետ՝ մեր կեանքի բացառիկ գլուխգործոցը ստեղծելու համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը, թելադրելով թոյլ տալ, որ Տէրը հեռացնէ մեղքին պատճառած բիծերը եւ բորբոքած վէրքերը, յանձնառու ըլլալով մեր կեանքը ծաղկեցնելու ամբողջ իր գեղեցկութեամբ, մինչեւ սիրոյ լիութիւնը, որ միակ աղբիւրն է իսկական երջանկութեան։

Ապաշխարութեան կարեւորութիւնը

Լեւոն ԺԴ. նկատել տուաւ ապա թէ պահանջուած ուղին ծանր է, եւ մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ. Պապին խօսքերը` որ կը սորվեցնէր թէ «ապաշխարութիւնը չ՜աղքատացներ մեր մարդկութիւնը այլ զայն կը հարստացնէ, կը մաքրէ եւ կ՛ ուժեղացնէ անոր ընթացքը` դէպի Տէրը տանող հորիզոն։ Ապաշխարանքը արդարեւ մեզ գիտակից կը դարձնէ սահմաններուն, բայց միեւնոյն ժամանակ մեզի ուժ կու տայ զանոնք յաղթահարելու համար ու Աստուծոյ օգնութեամբ ապրելու աւելի խոր միութիւն մը` Անոր հետ ու մեր միջեւ, յարեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.։

Տեղ տանք լռութեան ունկնդրենք մեր սրտին ձայնը

«Այս շնորհքի ժամանակահատուածի ընթացքին մեծահոգաբար դիմենք ապաշխարութեան, աղօթքի եւ ողորմութեան գործերու հետ միասին. Տեղ տանք լռութեան, անջատենք հեռուստացոյցներն ու ռատիօները, հեռախօսները» յորդորեց Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ «խորհրդածելու Աստուծոյ Խօսքի մասին, մօտենալու Խորհուրդներուն, լսելու Սուրբ Հոգիին ձայնը, որ կը խօսի մեզի հետ մեր սրտերուն մէջ, և լսելու զիրար, մեր ընտանիքներուն, մեր աշխատավայրերուն եւ մեր համայնքներուն մէջ»։

Ժամանակ յատկացնենք անոր` որ միակ է

«Ժամանակ յատկացնենք անոր` որ միակ է, յատկապէս տարեցներուն, աղքատներին և հիւանդներուն» աւելցուց Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ հրաժարելու մակերեսային բաներէն ու մեր ունեցածը բաժնեկցիլ անոր հետ որուն կը պակսի անհրաժեշտը։

Խոնարհութեամբ եւ սիրով կատարուած աղօթքը

Այս առնչութեամբ Լեւոն ԺԴ. յղում կատարեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն, որ կը հաստատէ թէ «աղօթքը, որ կատարուած է խոնարհութեամբ եւ սիրով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ, ինքնատիրապետութեամբ եւ համբերութեամբ, բարի բաներ տալով եւ չվերադարձնելով չարերը, հեռանալով չարէն եւ գործելով բարին», կը հասնի երկինք եւ մեզի կու տայ խաղաղութիւն»

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը աւարտեց Քառասնորդաց շրջանի ճանապարհը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ, որ միշտ թիկունք կը կանգնի փորձանքի մէջ գտնուող զաւակներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2026, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >