Որոնել

2026.02.15 Angelus

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ` որ իսկական արդարութիւնը սէրն է. Լեւոն ԺԴ.

«Արդարեւ բաւարար չէ անհատ մը ֆիզիկապէս չսպաննելը, եթէ ապա զայն կը սպանեմ խօսքերով կամ չեմ յարգեր անոր արժանապատւութիւնը։ Նմանապէս, չի բաւէր ըլլալ պաշտօնապէս հաւատարիմ կողակիցին եւ շնութիւն չգործել, եթէ այս յարաբերութեան մէջ չկայ փոխադարձ քնքշութիւն, ունկնդրութիւն, յարգանք, իրարու հոգատարութիւն եւ միասնական ընթացք միասնական ծրագիրի մը համար» յարեց Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 15 Փետրուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը, զոր կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (Մատթ. 5,17-37)։

Օրէնքի կատարելագործումը

«Այսօր եւս կ՛ունկնդրենք «Լեռան քարոզին» մէկ մասը։ Յիսուս Երանութիւնները հռչակելէն ետքը մեզ կը հրաւիրէ մտնելու Աստուծոյ Արքայութեան մէջ, ու մեզ այս ուղեւորութեան մէջ առաջնորդելու համար, կը յայտնէ Մովսէսին տրուած օրէնքներուն իմաստը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու բացատրելով` որ Մովսէսին օրէնքները չեն ծառայեր կրօնական արտաքին մէկ կարիքը բաւարարելու այլ մեզ մուտք գործել տալու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ յարաբերութեան մէջ։ Ասոր համար է` որ Յիսուս կ՜ըսէ թէ եկած չէ օրէնքը ջնջելու այլ զայն կատարելագործելու (Տես հ. 17)։

Արդարութիւն որ չի սահմանափակուիր պատուիրաններու պահպանումով

«Աւետարանի Օրէնքի կատարումը նոյնինքն սէրն է, որ կ’իրականացնէ անոր խոր նշանակութիւնը եւ վերջին նպատակը։ Խօսքը կը վերաբերի «աւելի բարձր արդարութեան» (հմմտ. տ. 20), քան դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն արդարութիւնը, արդարութիւն մը` որ չի սահմանափակուիր պատուիրաններու պահպանումով, այլ մեզ կը բանայ սիրոյ եւ կը պարտաւորեցնէ սիրելու», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ ինչպէս Յիսուս յղում կը կատարէ մի քանի օրէնքներուն, որոնցմէ մեկնելով կը գործածէ նոր լեզուային բանաձեւ։ Արդարեւ Ան մեկնելով «Լսեր էք` որ ըսուեցաւ առաջիններուն» նախադասութենէն կ՛աւելցնէ «իսկ ես կ՜ըսեմ ձեզի» խօսքը (Հմմտ. 21-37)։

Օրէնքը ճանապարհ ճանչնալու Աստուած եւ անոր ծրագիրները

«Այս մօտեցումը շատ կարեւոր է» յարեց Սրբազան Պապը բացատրելով, որ Օրէնքը տրուած է Մովսէսին եւ մարգարէներուն, որպէս ճանապարհ մը սկսիլ ճանչնալու համար Աստուած եւ անոր ծրագիրը` սահմանուած մեզի եւ պատմութեան: Բայց այժմ Յիսուսն է` որ կը կատարէ Օրէնքը, մեզ դարձնելով Հօր որդիներ եւ մեզի պարգեւելով շնորհքը մտնելու անոր հետ յարաբերութեան մէջ, որպէս զաւակներ եւ եղբայրներ իրար միջեւ:

«Եղբայրներ եւ քոյրեր Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ` թէ իսկական արդարութիւնը սէրն է ու թէ Օրէնքի իւրաքանչիւր պատուէրին մէջ պէտք է գտնել սիրոյ պահանջը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Բաւարար չէ անհատ մը ֆիզիկապէս չսպաննելը, եթէ ապա զայն կը սպանեմ խօսքերով 

«Արդարեւ բաւարար չէ անհատ մը ֆիզիկապէս չսպաննելը, եթէ ապա զայն կը սպանեմ խօսքերով կամ չեմ յարգեր անոր արժանապատւութիւնը։ Նմանապէս, չի բաւէր ըլլալ պաշտօնապէս հաւատարիմ կողակիցին եւ շնութիւն չգործել, եթէ այս յարաբերութեան մէջ չկայ փոխադարձ քնքշութիւն, ունկնդրութիւն, յարգանք, իրարու հոգատարութիւն եւ միասնական ընթացք միասնական ծրագիրի մը համար» յարեց Քահանայապետը մատնանշելով որ «Աւետարանը այս ուղղութեամբ մեզի կը նուիրէ թանկարժէք ուսուցում մը. Կարիքը չկայ նուազագոյն արդարութեան մը, կարիքը կայ մեծ սիրոյ մը, որ կարելի է շնորհիւ Աստուծոյ զօրութեան»։

«Դիմենք Մարիամ Աստուածածինին, որ աշխարհին տուաւ Քրիստոսը, Ան, որ կը կատարէ Օրէնքը եւ փրկութեան ծրագիրը: Թող Ան բարեխօսէ մեզի համար որպէսզի օգնէ մեզէ մտնելու Աստուծոյ Թագաւորութեան տրամաբանութեան մէջ եւ ապրելու անոր արդարութիւնը» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2026, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >