VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Իսկական ուրախութիւնը կու գայ Աւետարանի արժէքներէն ներշնչուած ապրելակերպէ մը Լեւոն ԺԴ

Հաւատքի ուրախութիւնը անցողիկ զգացողութիւն չէ, այլ Աստուծոյ հետ խորը յարաբերութիւնէն բխող պարգև։ Անիկա կեանքն է, որ կը փայլի Յիսուսի մէջ, անոր արարքներու եւ խօսքերու նոր համը։ Իւրաքանչիւր վէրք, նոյնիսկ ամենախորը կը բժշկուի Երանութիւններու խօսքը ընդունելով եւ մենք մեզ դարձեալ դնելով Աւետարանի ճանապարհին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 8 Փետրուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ` որ քաղուած է Մատթէոսի աւետարանէն ուր Յիսուս Երանութիւնները հռչակելէն յետոյ, երանութիւնները ապրողներուն կ՛ըսէ, որ անոնց շնորհիւ «երկիրը նոյնը չէ եւ աշխարհը այլեւս խաւարի մէջ չէ»:

Երկրի աղ եւ աշխարհի լոյս

«Դուք երկրի աղն էք: [...] Դուք աշխարհի լոյսն էք» (Մատթ. 5,13-14) կ՜ըսէ Յիսուս։ Արդարեւ իսկական ուրախութիւնն է` որ  յատուկ համ կու տայ կեանքին եւ ի լոյս կը բերէ այն, ինչ որ առաջ այնպէս չէր» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով որ «այս ուրախութիւնը կը բխի կենսակերպէ մը, ապրելու ձեւէ մը, որ պէտք է ընտրել եւ ցանկանալ»:

Յիսուսի խօսքերուն եւ գործերուն նոր համը

«Այդ մէկը Յիսուսի մէջ փայլող կեանքն է, իր խօսքերուն եւ գործերուն նոր համը: Անոր հետ հանդիպումէն ետք, անհամ եւ մռայլ կը թուի այն ինչ որ հեռու է Անոր հոգեկան աղքատութենէն, Անոր հեզութենէն եւ սրտի պարզութենէն, Անոր արդարութեան սովէն եւ ծարաւէն, որոնք ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն կը յառաջացնեն, իբրեւ վերափոխման եւ հաշտութեան գործնականութիւն», յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Լոյսն ու վէրքը

Ան ակնարկեց ապա Եսայի մարգարէին, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ արդարութիւնը եւ ողորմութիւնը հիմնական են լիարժէք իմաստով կեանք ապրելու համար: Հացը բաժանել սովածին հետ, ընդունիլ աղքատներն ու անօթեւանները, հագցնել մերկը. շօշափելի գործերն են, որոնք կը խախտեն անարդարութիւնը եւ կրկին ուրախութիւն կը յառաջացնեն:

«Այն ժամանակ քու լոյսդ կը ծագի ինչպէս արեւածագ, քու վէրքդ շուտով կը բժշկուի» (տես Ես 58,8) կը նշէ մարգարէն:

Իսկական երջանկուիթւնը` խոնարհութեան եւ պարզութեան մէջ է

«Ցաւալի է արդարեւ համը կորսնցնել եւ ուրախութենէն հրաժարիլ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը նշելով` որ Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ, որ իրական երջանկութիւնը չի գտնուիր մեր ինքնութիւնը ցուցադրելու կամ իշխանութիւն փնտռելու մէջ, այլ խոնարհութեան եւ պարզութեան մէջ: Անոր պարգեւ եղած կեանքը եւ անձայն սէրը կատարեալ օրինակ են, թէ ինչպէս ապրիլ լիարժէք իմաստով կեանք մը:

Մենք մեզ դնենք Աւետարանի ճանապարհին վրայ

«Յիսուս մեզի կը հռչակէ Աստուած մը` որ մեզի երբեք չի նետեր, Հայր մը` որ կը պահէ մեր անունը, մեր ինքնութիւնը: Իւրաքանչիւր վէրք, նոյնիսկ ամենախորը կը բժշկուի Երանութիւններու խօսքը ընդունելով եւ մենք մեզ դարձեալ դնելով Աւետարանի ճանապարհին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով թոյլ տալ լուսաւորուիլ եւ սնունդ քաղել Յիսուսի հետ հաղորդութենէն, որպէսզի «ըլլանք նման լեռան մը վրայ քաղաքի մը, ոչ միայն տեսանելի, այլ նաեւ հրաւիրող եւ ընդունող. Աստուծոյ քաղաքը` ուր բոլորը, ի վերջոյ, կ'ապրին եւ խաղաղութիւն կը գտնեն»:

«Այժմ մեր հայեացքը եւ աղօթքը դարձնենք Մարիամին, Երկնքի դուռ, որպէսզի Ան մեզի օգնէ դառնալու եւ մնալու իր Որդիին աշակերտները» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2026, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >