Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Երանութիւնները լոյս պատմութեան մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Կիրակնրօեայ Մարեմեան Աղօթք

Յիսուսին Երանութիւնները պատմութիւնը լուսաւորող լոյսեր են որոնք կը բացայայտեն Աստուածային փրկութեան ծրագիրը։ «Երանութիւնները կը բարձրացնեն խոնարհները ու ցիրուցան կ՛ընեն ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդով» (Ղուկ. 1,51-52)։ 
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` մէկ Փետրուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակէն գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ` որ նուիրուած է Երանութիւններուն (Մատթ. 5,1-12).

Երանութիւնները պատմութեան ստուերէն մէջ լոյսեր

«Անոնք լոյսեր են, զոր Տէրը կը վարէ պատմութեան ստուերին մէջ, բացայայտելով փրկութեան ծրագիրը, զոր Հայրը կ՜իրագործէ Զաւկին միջոցաւ եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը, մատնանշելով որ Քրիստոս այդ երանութիւններով աշակերտներուն կը յանձնէ նոր օրէնք մը, սրտերուն եւ ոչ թէ քարերուն վրայ փորագրուած օրէնքը, որ կը նորոգէ կեանքը։

Աստուած գերագոյն Բարին, արդար դատաւոր, սպասումի կատարում

«Միայն Աստուած կրնայ ճշմարիտ կերպով երանացնել աղքատներն ու վշտացածները (հմմտ. տող. 3-4), որովհետեւ Ան գերագոյն Բարին է, որ անսահման սիրով ինքզինք կը նուիրէ բոլորին։ Միայն Աստուած կրնայ յագեցնել անոնք, որոնք խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը փնտռեն (հմմտ. տող. 6, 9), որովհետեւ Ան է աշխարհի արդար դատաւորը, յաւիտենական խաղաղութեան հեղինակը։ Միայն Աստուծոյ մէջ հեզերը, ողորմածներն ու սրտով մաքուրները կը գտնեն ուրախութիւն (տող. 5, 7-8), որովհետեւ Ան է իրենց սպասումին կատարումը։ Հալածանքի մէջ Աստուած փրկութեան աղբիւր է, սուտին մէջ՝ ճշմարտութեան խարիսխ։ Ահա թէ ինչու Յիսուս կը հռչակէ․ «Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք» (տող. 12)» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ.։

Պատրանքը Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի պակասն է

Ան ապա հաստատեց թէ «Այս երանութիւնները յարակարծիքային կը թուան միայն անոնց համար, որոնք կը կարծեն, թէ Աստուած տարբեր է այն կերպէն, որով Քրիստոս կը յայտնէ զԱյն», բացատրելով թէ «Ան որ կը սպասէ, թէ բռնատէրերը միշտ պիտի տիրեն երկրի վրայ, կը զարմանան Տիրոջ խօսքերէն։ Ան որ կը վարժուի մտածելու, թէ երջանկութիւնը կը պատկանի հարուստներուն, կրնայ կարծել, թէ Յիսուս խելագար է։ Սակայն խելագարութիւնը հաւատքի պակասն է Քրիստոսի հանդէպ։ Ան աղքատն է, որ իր կեանքը կը բաժնէ բոլորին հետ, հեզը՝ որ կը դիմանայ ցաւին մէջ, եւ խաղաղութեան գործիչը, որ մինչեւ խաչ ելլելը հալածուած է» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց. «Այսպէս է իր Յիսուս կը լուսաւորէ պատմութեան իմաստը` ոչ թէ ան որ գրուած է յաղթողներէն այլ ան` որ Աստուած կ՛իրականացնէ ազատելով ճնշուածները»։

Երանութիւնները կը բարձրացնեն խոնարհները ու կը ցրուեն հպարտները

Քահանայապետը առ այդ զգուշացուց հաւատացեալները «պատրանքի մասնագէտներէն», ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, 17 փետրուար 2019 -ին, որոնք անկարող են յոյս պարգեւել։ Մինչ Յիսուս չի խօսիր հեռու մէկ մխիթարութեան մասին այլ մնայուն շնորհքի մը մասին, որ մշտապէս մեզի թիկունք կը կանգնի մասնաւորապէս դժուար պահերուն» նշեց ապա Լեւոն ԺԴ.։

«Երանութիւնները կը բարձրացնեն խոնարհները ու ցիրուցան կ՛ընեն ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդով» (Ղուկ. 1,51-52)։ Ասոր համար հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը» եղան Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >