Ծառայենք Աստուծոյ եւ մերձաւորին . Լեւոն ԺԴ..
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 4 Յունուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց տարուայ առաջին կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ որ կը խօսի Աստուծոյ մարդեղութեան մասին։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի կիրակի», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։
«Մեր Տիրոջ Ծնունդէն երկրորդ կիրակիին առիթով կ՛ուզեմ նախ եւ առաջ իմ մաղթանքներս նորոգել ձեզի բոլորիդ։ Միւս օրը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան փակումով պիտի աւարտենք Յոյսին Յոբելեանը եւ ճիշտ Ծննդեան խորհուրդը, որուն մէջ մխրճուած ենք, մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր յոյսին հիմքը Աստուծոյ մարդեղութիւնն է։ Յովհաննէսին նախաբանը զոր ծէսը այսօր մեզի կ՛առաջարկէ մեզի կը յիշեցնէ, որ Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ (Յովհ. 1,14)» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը։
Քրիստոնէական յոյսը կը հիմնուի Աստուծոյ մարդեղութեան վրայ
«Քրիստոնէական յոյսը արդարեւ չի հիմնուիր մարդկային հաշիւներու ու լաւատես նախատեսումներու վրայ, այլ Աստուծոյ ընտրանիքին վրայ, որ մեզի հետ ուզեց կիսել ուղեւորութիւնը, որպէսզի մենք երբեք միայնակ չըլլանք կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Ասիկա Աստուծոյ գործն է. Յիսուսին մէջ ան դարձաւ մեզմէ մէկը, ընտրեց մնալ մեր հետը, ուզեց մշտապէս ըլլայ Աստուած` որ մեր հետն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Վերաքննենք մեր հոգեւորութիւնը ու ձեւերը` որով կ՛արտայայտենք հաւատքը
«Յիսուսի գալուստը մարդկային մարմնի տկարութեան մէջ, եթէ մէկ կողմէ մեր մէջ կը վերակենդանացնէ յոյսը, միւս կողմէ մեզի կը յանձնէ կրկնակի յանձնառում մը` մէկը Աստուծոյ նկատմամբ միւսը մարդուն» շարունակեց Սրբազան Պապը եւ բացատրեց. «Դէպի Աստուած որովհետեւ եթէ Ան մարդեղացաւ, եթէ ընտրեց մեր մարդկային դիւրաբեկութիւնը որպէս իր բնակավայրը, ուրեմն մենք կոչուած ենք վերամտածելու Աստուած, մեկնելով Յիսուսի մարմինէն եւ ոչ վերացական վարդապետութիւնէ մը։ Ուստի ասոր համար պէտք է միշտ վերաքննենք մեր հոգեւորութիւնն ու ձեւերը` որով մենք կ՛արտայայտենք հաւատքը, որպէսզի անոնք իսկապէս ըլլան մարդեղացած, այսինքն կարող մտածելու, աղօթելու եւ հռչակելու Աստուած, որ մեզի կու գայ Յիսուսին միջոցաւ։ Ոչ թէ հեռու Աստուած մը, որ կը բնակի կատարեալ երկինքի մէջ մեր վերեւ այլ Աստուած, որ մօտիկ է եւ կը բնակի մեր դիւրաբեկ երկիրն վրայ, ներկայ է եղբայրներու դիմագիծին մէջ, կը յայտնուի ամենօրեայ իրավիճակներուն մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ ու խօսեցաւ դէպի մարդը յանձնառումին մասին` որ «պէտք է դարձեալ ըլլայ հետեւողական»։
Իւրաքանչիւր անհատի մէջ ճանչնալ անոր անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը
«Եթէ Աստուած դարձաւ մեզմէ մէկը իւրաքանչիւր մարդկային էակ անոր ցոլացումն է, իր մէջ կը կրէ անոր պատկերը, կը պահպանէ անոր լոյսին մէկ բոցը, եւ այս մէկը մեզ կը կոչէ իւրաքանչիւր անհատի մէջ ճանչնալու անոր անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը, եւ մարզուելու մէկը միւսին նկատմամբ փոխադարձ սիրոյ մէջ։ Այսպիսով մարդեղութիւնը մեզմէ կը խնդրէ շօշափելի յանձնառում մը` խթանելու եղբայրութիւն եւ հաղորդութիւն, որպէսզի զօրակցութիւնը դառնայ մարդկային յարաբերութիւններու չափանիշը ի նպաստ արդարութեան, խաղաղութեան, աւելիով դիւրաբեկներու հոգատարութեան ու տկարներու պաշտպանութեան» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով, որ «Աստուած մարդեղացաւ, ուստի չկայ Աստուծոյ նկատմամբ պաշտամունք առանց մարդկային մարմնի խնամքին»։
Պատրաստ դառնանք ծառայելու Աստուծոյ եւ մերձաւորին
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, Ծննդեան ուրախութիւնը թող մեզ քաջալերէ շարունակելու մեր ուղեւորութիւնը, մինչ Սուրբ Կոյս Մարիամէն կը հայցենք, որ մեզի միշտ աւելիով պատրաստ դարձնէ` ծառայելու համար Աստուծոյ եւ մերձաւորին» եղան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին 2026 տարուայ առաջին կիրակիին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը, որմէ ետքը Ան արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ