Ապաւինինք Տիրամօր եւ աղօթենք Խաղաղութեան համար. Լեւոն ԺԴ Պապին 2026-ի առաջին Մարեմեան աղօթքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի եբայրներ եւ քոյրեր շնորհաւոր նոր տարի։ Մինչ ամիսներու ռիթմը կը կրկնուի, Տէրը մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու մեր ժամանակը, վերջապէս մուտք գործելով բոլոր ժողովուրդներու միջև խաղաղութեան և բարեկամութեան դարաշրջան: Առանց բարիի այս ցանկութեան, անիմաստ պիտի ըլլար օրացոյցի էջերը թերթել և մեր օրագրերը լեցնել». Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 2026 տարուայ առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, զոր արտասանեց մէկ Յունուարի կէսօրին, առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Յոբելեանը եւ նոր աշխարհի յոյսը
Ան ապա յիշեց` թէ Յոբելեանը մեզի սորվեցուց մշակել նոր աշխարհի մը յոյսը` մեր սրտերը դարձի բերելով Աստուծոյ` «որպէսզի անարդարութիւնները վերածենք ներման, ցաւը՝ մխիթարութեան, առաքինութեան մտադրութիւնները՝ բարի գործերու», յարեց Ան հաստատելով, որ այս է նաեւ ոճը որով Աստուած կ՜ապրի մեր պատմութեան մէջ ու զայն կ՛ազատէ մոռացութենէն աշխարհին պարգեւելով Փրկիչը։
Յիսուսին սիրտը կը տրոփէ իւրաքանչիւր անձի համար
«Սուրբ Ծննդեան տօնը մեր հայեացքը կը տանի Մարիամին որ եղաւ առաջինը որ լսեց Քրիստոսի սրտին տրոփումը» ըսաւ ապա Քահանայապետը նկատել տալով, որ Աստուած լաւապէս կը ճանչնայ մեր սիրտը ու մարդ դառնալով մեզի ճանչցնել տուաւ իրը։ Յիսուսին սիրտը արդարեւ կը տրոփէ իւրաքանչիւր մարդու եւ կնոջ համար։ Անոր` որ պատրաստ է զինք ընկալելու` նման հովիւներուն ու անոր որ զինք կը մերժէ, նման հերովդէսին։ Անոր սիրտը անտարբեր չէ անոր նկատմամբ` որ անսիրտ է մերձաւորին հանդէպ։ Անոր սիրտը կը տոփէ արդարներուն համար, որպէսզի յարատեւեն իրենց նուիրումին մէջ, ու նաեւ անարդարներուն համար` որպէսզի փոխեն իրենց ընթացքը ու գտնեն խաղաղութիւնը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ։
Աղօթենք խաղաղութեան համար
«Այս Օրուան առիթով բոլորս միասին աղօթենք խաղաղութեան համար, որպէսզի ան նախ հաստատուի հակամարտութիւններէ և աղքատութիւնէ արիւնահեղ ազգերի մէջ, ու նաեւ մեր տուներուն մէջ, բռնութիւնէ և ցաւէ վիրաւորուած ընտանիքներուն մէջ։ Համոզուած ըլլալով, որ Քրիստոս՝ մեր յոյսը, արդարութեան անմար արևն է, վստահութեամբ աղերսենք Մարիամի՝ Աստուծոյ Մօր և Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ