Թող` որ ռազմական արդիւնաբերութեան տեղ հաստատուի խաղաղութեան արհեստը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Աստուածայայտնութեան տօնին օրը` վեց Յունուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած տօնին նուիրուած սուրբ պատարագէն ետքը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, աղօթքէն առաջ ներկայացնելով մտածական մը` որ կեդրոնացուց Աստուածայայտնութեան տօնին վրայ բացատրելով, որ Յունարէն «Էփֆանիա» բառը կը նշանակէ յայտնութիւն ու թէ մեր ուրախութիւնը կը ծնի յայտնուած Խորհուրդէ մը, որ մեզի յոյս կը պարգեւէ. «Աստուած կը փրկէ. Ան այլ մտադրութիւններ չունի, ուրիշ անուն մը չունի» ըսաւ Քահանայապետը նշելով, որ Մոգերուն նման Բեթղեհէմի Մանուկին երկրպագելը մեզի համար եւս կը նշանակէ, որ գտանք իսկական մարդկայնութիւնը, որուն մէջ կը ցոլայ Աստուծոյ փառքը։
Յիսուսին մէջ յայտնուեցաւ իսկական կեանքը
Յիսուսին մէջ յայտնուեցաւ իսկական կեանքը, կենդանի մարդը... անոր մէջ աստուածային կեանքը յայտնուեցաւ որպէսզի մեզ ներգրաւէ իր ազատագրող շարժականութեան մէջ, որ կը հալեցնէ վախերը ու մեզ իրար կը հանդիպեցնէ խաղաղութեան մէջ, ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց Մոգերուն Մանուկ Յիսուսին տարած թանկարժէք նուէրներուն` ոսկի, խունկ եւ զմուռս (հմմտ Մատթ. 2,11)։
Ամէն ինչ որ ենք եւ ունինք պէտք է նուիրուի Յիսուսին՝ անգին գանձին
«Անոնք մանուկի մը համար օգտակար բաներ չեն թուար, բայց կ՛արտայայտեն կամք մը, որ մեզի մտածել կու տայ Յոբելենական տարւոյն աւարտին։ Ան` որ ամէն ինչ կու տայ շատ բան կու տայ», հաստատեց Սրբազան Պապը յիշելով այրի կնոջ առակը ու մատնանշելով, որ Արևելքէն եկած մոգերը, իրենց ճանապարհորդութեամբ, արկածախնդրութեամբ եւ պարգևներով մեզի կը յիշեցնեն, որ ամէն ինչ որ ենք եւ ունինք պէտք է նուիրուի Յիսուսին՝ անգին գանձին։
Յոբելեանի պատգամները եւ ոտքերը գետին յոյսը
«Յոբելեանը մեզի յիշեցուց ձրիութեան վրայ հիմնուած արդարութիւնը. ան իր մէջ կը պարունակէ կոչ՝ վերակազմակերպելու համակեցութիւնը, վերաբաշխելու հողերն ու կենսամիջոցները, վերադարձնելու «այն ինչ որ ունինք» և «ինչ որ ենք» Աստուծոյ երազանքներուն, որոնք աւելի մեծ են քան մերիները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ մեր հռչակած յոյսը պէտք է որ ոտքերը գետնի վրայ ունենայ. Ան կու գայ երկինքէն բայց այստեղ` երկիրն վրայ նոր կեանք ստեղծելու համար։
Թող աճի Յիսուսին Արքայութիւնը
«Մոգերու պարգևներուն մէջ, ուրեմն, մենք կը տեսնենք, այն ինչ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է բաժնեկցիլ, ինչ որ այլևս չի կարող իրեն պահել այլ կիսել, որպէսզի Յիսուս աճի մեր մէջ։ Թող աճի անոր Արքայութիւնը, թող իրականանան Անոր խօսքերը մեր մէջ, թող օտարներն ու հակառակորդները դառնան եղբայրներ և քոյրեր, թող անհաւասարութեան տեղ հաստատուի արդարութիւն, թող որ ռազմական արդիւնաբերութեան տեղ հաստատուի խաղաղութեան արհեստը։ Յոյսի հիւսողներ, եկէք ուղեւորութիւնը սկսինք դէպի ապագայ՝ այլ մէկ ճանապարհով (հմմտ. Մատթէոս 2։12), ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը եզրափակելով Յոյսի Յոբելեանի աւարտի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով արտասանած Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։
Պատանիներու Միսիոներական Օրը
Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետքը Քահանայապետը յիշեց այսօր յիշատակուող Պատանիներու Միսիոներական Օրը ողջունելով համայն աշխարհի պատանիները որոնք ըսաւ Ան «կ՜աղօթեն միսիոնարներուն համար եւ յանձնառու են օգնելու իրենց աւելիով տուժող հասակակիցները։ Շնորհակալութիւն բարեկամներ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Շնորհաւորութիւններ Արեւելքի եկեղեցիներուն
Ան ապա իր շնորհաւորութիւնները ուղղեց Արեւելքի եկեղեցական հասարակութիւններուն, որոնք վաղը պիտի տօնեն Սուրբ Ծնունդը մաղթելով, որ «Տէր Յիսուս անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն պարգեւէ անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն»։
Ողջոյններ ուխտաւորներուն
Սրբազան Պապը առ այդ ողջունեց հրապարակին վրայ համախմբուած աւելի քան քսան հազար ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով մի քանի խումբերուն ու մասնաւորապէս Աստուածայայտնութեան արժէքներու վերաբերեալ աւանդական պատմա-ֆոլքլորիքերթի մասնակիցներուն, որոնք այս տարի ժամանած են Սիկիլիայէն։
Ամենայն բարիք Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին ներքոյ
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ լեհ ուխտաւորները, ու նաև Վարշավայի և Լեհաստանի բազմաթիւ այլ քաղաքներու ու նաեւ Հռոմի մէջ տեղի ունեցող «Մոգերու երթի» բազմաթիւ մասնակիցները, ապա խօսքը աւարտեց Նոր տարուան առիթով բոլորին մաղթելով ամենայն բարիք, Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին ներքոյ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ