Որոնել

«Հրեշտակ Տեառն» աղօթք. Աւետարանը քարոզենք բոլոր վայրերուն մէջ. Լեւոն ԺԴ.

Որպէս քրիստոնեաներ պէտք է յաղթահարենք մեր փակումներն ու վախը և Աւետարանը քարոզենք ամէն իրավիճակի և ամէն միջավայրի մէջ, որպէսզի ան ըլլայ եղբայրութեան և խաղաղութեան խմոր՝ մարդոց, մշակոյթներու, կրօններու և ժողովուրդներու միջև։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 25 Յունուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածը` որ կը խօսէր Յիսուսի քարոզութեան սկիզբի մասին։

Յիսուսին առաքելութեան սկիզբը

«Քրիստոս մկրտուելէն յետոյ սկսաւ իր աւետարանական քարոզը և կոչեց իր առաջին աշակերտները՝ Սիմոն՝ որ կոչուած էր Պետրոս, Անդրէասը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը (Մատթ. 4,12-22)», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու դիտել տալով` թէ այս տեսարանը քննելով մենք մեզի երկու հարց կու տանք. Ե՞րբ Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը եւ ո՞ւր։

Յիսուս խաւար պահի ընթացքին կը բերէ լոյս

«Այս հարցերուն պատասխանը նշանակալից է. Յիսուս իր քարոզութիւնը սկսաւ երբ իմացաւ` որ Յովհաննէս բանտարկուած է, այսինքն ժամանակի մը ընթացքին որ ամենալաւը չէր եւ որ խոհեմութիւն կը պահանջեր։ Յիսուս սակայն ճիշտ այդ խաւար պահին կը սկսի բերել բարի լուրին լոյսը` «մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը»։

Վստահութեան համարձակութիւնը

«Մեր անձնական եւ եկեղեցական կեանքին մէջ եւս շատ անգամ մենք կը մտածենք թէ պահը յարմար չէ աւետարանը քարոզելու համար, կամ որոշում մը առնելու, ընտրանք մը կատարելու եւ իրավիճակ մը փոխելու։ Այս պարագային վտանգը կայ որ մնանք անկայունութեան մէջ կամ գերազանց զսպուածութեան բանտարկեալներ, մինչդեռ Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ վստահութեան համարձակութեան։ Աստուած կը գործէ ամէն ժամու և ամէն պահու մէջ, և ամէն պահ լաւ է Տիրոջ համար, նոյնիսկ եթէ մենք պատրաստ չենք կամ իրավիճակը ամենայարմարը չէ» յարեց Սրբազան Պապը։

Յիսուսին առաքելութեան սկիզբի վայրը

«Աւետարանական հատուածը մեզի ցոյց կու տայ նաեւ վայրը որտեղէն Յիսուս կը սկսի իր առաքելութիւնը, բազմամշակութային է եւ անցումի վայր է ` Կառափնատումը», շարունակեց Սրբազան Պապը նշելով «Այս կերպով, Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ, որ Մեսիան կու գայ Իսրայէլէն, բայց կը գերազանցէ իր սեփական երկրի սահմանները՝ հռչակելու համար այն Աստուածը, որ կը մօտենայ բոլորին, որ չի բացառեր ոչ մէկը, որ չէ եկած միայն մաքուրներուն համար, այլ կը խառնուի մարդկային իրավիճակներուն և յարաբերութիւններուն մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը։

Յաղթահարենք փակումներն ու վախերը եւ քարոզենք աւետարանը

«Մենք ալ որպէս քրիստոնեաներ պէտք է յաղթահարենք մեր փակումներն ու վախը և Աւետարանը քարոզենք ամէն իրավիճակի և ամէն միջավայրի մէջ, որպէսզի ան ըլլայ եղբայրութեան և խաղաղութեան խմոր՝ մարդոց, մշակոյթներու, կրօններու և ժողովուրդներու միջև», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը աւելցնելով, թէ այս մէկը պէտք ընենք այն ուրախութեամբ եւ գիտակցութեամբ թէ Ան ներկայ է մեր կեանքին մէջ։

Աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամին` որպէսզի մեզի համար ընդունի ներքին վստահութեան շնորհքը ու մեզի ընկերանայ ուղեւորութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >