Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի հեզութեան տիպարը առանցքը կազմեց Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 18 Յունուար 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը ներշնչուելով օրուան աւետարանէն, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ. 1,29-34) եւ կը խօսէր Յովհաննէս Մկրտիչի մասին, որ Յիսուսը կը ճանչնայ որպէս Գառն Աստուծոյ, Մեսիան. «Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ, կ՛ըսէ Ան, որ կը վերցնէ աշխարհին մեղքը» եւ կ՛աւելցնէ. «Ես եկայ ձեզ մկրտելու ջուրով, որպէսզի ան յայտնուի Իսրայէլի»։
Յովհաննէսին խոնարհութիւնը
«Յովհաննէս Յիսուսին մէջ կը ճանչնայ Փրկիչը եւ կը հռչակէ անոր աստուածութիւնը եւ առաքելութիւնը Իսրայէլի ժողովուրդին նկատմամբ ապա, աւարտելով իր պարտականութիւնը, մէկդի կը քաշուի», ըսաւ Քահանայապետը։
«Մկրտիչը բազմութենէն շատ սիրուած անձն մըն է, մինչեւ այն աստիճան որ Երուսաղէմի Իշխանութիւնները երկիւղով կը մօտենային անոր։ Իրեն համար դիւրին պիտի ըլլար իր այդ համբաւը օգտագործել բայց ան չ՛իյնար ժողովրդականութեան փորձութեան մէջ։ Յիսուսին առջեւ կ՛ընդուի իր փոքրութիւնը եւ տեղ կու տայ Անոր մեծութեան։ Ան գիտէ` որ ուղարկուած է հարթելու Տիրոջ ճանապարհը եւ երբ Տէրը հասնի ինք ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ՛ընդունի անոր ներկայութիւնը եւ կը քաշուի տեսարանէն» յարեց ապա Սրբազան Պապը եւ շեշտեց Սուրբ Յովհաննէսի վկայութեան կարեւորութիւնը։
Տեսանելիութիւնն ու համբաւը որոնք կը խաթարեն մեր կեանքը
«Որքան կարեւոր է այսօր մեզի համար անոր վկայութիւնը. Այսօր չափազանց կարեւորութիւն տրուած է տեսանելիութեան եւ համաձայնութեան, մինչեւ այն աստիճան, որ այս մէկը կը պայմանաւորէ մարդոց մտքերը, վարքը եւ զգացմունքները, պատճառ դառնալով տառապանքներու եւ բաժանումներու, ստեղծելով ապրելակերպեր եւ յարաբերութիւններ, որոնք թեթեւագոյն, յուսախաբ եւ ձերբակալող են»։
Աստուծոյ սիրուած զաւակներ
«Իրականին մէջ....մեր ուրախութիւնը եւ մեր մեծութիւնը հիմնուած չեն անցողիկ յաջողութեան եւ յայտնիութեան խաբկանքներու վրայ, այլ՝ այն զգայունութեան, որ գիտենք, թէ սիրուած եւ ցանկալի ենք մեր Հօրմէն, որ երկինքն է» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ Յիսուս ճիշտ այս սիրոյ մասին է` որ կը խօսի` սէրը Աստուծոյ մը, որ այսօր եւս կու գայ մեր միջեւ մեզ զարմացնելու ոչ թէ յատուկ նշաններով այլ մեր հետ կիսելով մեր յոգնութիւնները եւ իր վրայ առնելով մեր բեռերը, մեզի բացայայտելով թէ ով ենք իրապէս եւ որքան արժէք ունինք իր աչքերուն համար»։
Ժամանակ գտնենք աղօթելու եւ ունկնդրելու Աստուծոյ ձայնը
«Սիրելիներ թոյլ չտանք անտարբեր գտնուիլ Տիրոջ անցքի ժամանակ։ Ժամանակը եւ ուժերը՝ չվատնենք հետապնդելով այն ինչ որ միայն յայտնաւորութիւն է։ Սորվինք Յովհաննէս Մկրտիչէն՝ արթուն պահելու հոգին, սիրելով պարզ իրերը եւ անկեղծ խօսքերը, ապրելով չափածոյ եւ մտքի ու սրտի խորութեամբ, գոհանալով միայն անհրաժեշտով եւ հնարաւորինս ամէն օր գտնելով յատուկ պահ մը` ուր կանգ առնենք լռութեան մէջ աղօթելու, խորհելու, լսելու, մէկ խօսքով՝ «անապատ ըլլալու», որպէսզի հանդիպինք Տիրոջ եւ մնանք Անոր հետ» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը նախ քան Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը հայցելը։
«Թող մեզ օգնէ Սուրբ Կոյսը` պարզութեան. իմաստութեան եւ խոնարհութեան տիպարը» ըսաւ Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ