Որոնել

Յիշենք մեր մկրտութեան օրը եւ յիշենք պարգեւը` որ այդ օր ընդունեցանք. Լեւոն ԺԴ

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Պապը հաստատեց` թէ «Խաւար պահերուն` Սուրբ Մկրտութիւնը լոյս է, Կեանքի հակամարտութիւններուն մէջ, Մկրտութիւնը հաշտութիւն է։ Մահուան ժամուն Սուրբ Մկրտութիւնը երկնքի դուռ է»։ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրեց աղօթելու Սուրբ Կոյս Մարիամին` խնդրելով, որ ան ամէն օր թիկունք կանգնի մեր հաւատքին ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Ունկնդրէ Քահանայապետին այս եւ այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այսօր` Կիրակի 11 Յունուար 2026-ին. Ըստ լատինաց Յիսուսի Մկրտութեան տօնն է, որուն առիթով Սրբազան Պապը առաւօտեան Սիքստինեան մատրան մէջ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը մատակարարեց քսան մանուկներու, ապա կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայաուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին վրայ, նշելով` որ «ծիսական տարուան այս ժամանակաշրջանը մեզ կը հրաւիրէ միասին հետեւելու Տիրոջ, ունկնդրելու Անոր Խօսքերը եւ ընդօրինակելու Անոր մերձաւորի նկատմամբ սիրոյ արարքները, որով կը նորոգենք մեր Մկրտութեան Քրիստոնէական Խորհուրդը ազատելով մեղքէն եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ դառնալով Աստուծոյ զաւակներ» ։

Յիսուսին մկրտութիւնը եւ Սուրբ Երրորդութիւնը

Սրբազան Պապը մէջբերեց հուսկ Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածը, որ կը խօսի Յիսուսի Յորդանան գետին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով մկրտութեան դրուագի մասին, եւ մեկնաբանելով դրուագը նշեց թէ ինչպէս Սուրբ Հոգին Յիսուսին վրայ կ՛իջնէ աղաւնիի կերպարանքով։ «Այդ պահուն է` որ Սուրբ Երրորդութիւնը ներկայ կը դառնայ պատմութեան մէջ. Որդին կ՜իջնէ Յորդանանի ջուրերուն մէջ, Սուրբ Հոգին կ՛իջնէ Անոր վրայ եւ անոր միջոցաւ մեզի կը տրուի փրկութեան ուժով, մինչ Հայրը կը յայտարարէ թէ Ան է իր սիրելի որդին, որուն հաճեցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Քրիստոս կ՜առնէ այն ինչ որ մերն է ու մեզի կը պարգեւէ ինչ որ իրն է` յաւիտենական կեանքը

«Միածին Որդին, որուն միջոցաւ մենք եղբայրներ եւ քոյրեր ենք կու գայ ծառայելու եւ ոչ թէ իշխելու, փրկելու` ոչ դատապարտելու։ Ան փրկիչ Քրիստոսն է, իր վրայ կ՛առնէ այն ինչ, որ մերն է, ներառեալ մեղքը եւ մեզի կը պարգեւէ ինչ որ իրն է, այսինքն նոր ու յաւիտենական կեանքի մը շնորհքը։ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը այս իրողութիւնը կ՜իրականացնէ բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր վայրերու մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրս ներմուծելով Եկեղեցւոյ մէջ, որ Աստուծոյ ժողովուրդն է, կազմուած բոլոր ազգութիւններէ եւ մշակոյթներէ մարդոցմէ եւ կիներէ, որոնք նորոգուած են իր Հոգիով» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Յիշել մկրտութեան օրը եւ ընկալուած պարգեւները

Ան ապա հրաւիրեց յիշել մկրտութեան օրը ու յիշել մեծ պարգեւը` զոր ընդունեցանք այդ օր, յանձնառու ըլլալով զայն վկայելու ուրախութեամբ եւ հետեւողականութեամբ։

Սուրբ Մկրտութիւնը սուրբ նշան, լոյս, հաշտութիւն, երկինքի դուռ

«Ճիշտ այսօր Մկրտութեան Խորհուրդը շնորհեցի մի քանի նորածիններուն որոնք դարձան հաւատքի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը» յարեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ առաջին Խորհուրդը սուրբ նշան մըն է, որ մեզի կ՛ընկերանայ ցմիշտ»։ «Խաւար պահերուն` Սուրբ Մկրտութիւնը լոյս է, Կեանքի հակամարտութիւններուն մէջ, Մկրտութիւնը հաշտութիւն է։ Մահուան ժամուն Սուրբ Մկրտութիւնը երկինքի դուռ է» հաստատեց Լեւոն ԺԴ եւ հրաւիրեց աղօթելու Սուրբ Կոյս Մարիամին` խնդրելով, որ ան ամէն օր թիկունք կանգնի մեր հաւատքին ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2026, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >