Մարեմեան աղօթք. Սուրբ Ընտանիքի օրինակով դառնանք Աստուծոյ ներկայութեան եւ անվերջ սիրոյ նշանները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր կիրակի` 28 դեկտեմբեր 2025-ին տօնն է, ըստ լատինաց, Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին` Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի, որ ըստ աւանդութեան կը տօնախմբուի Սուրբ Ծննդեան տօնին յաջորդող Կիրակին։ Տօնը նպատակ ունի Նազարէթի ընտանիքին մէջ տեսնելու կեանքի իսկական տիպարը մեր ընտանիքներուն համար, անորմէ քաղելով ներշնչում ու այնտեղ գտնելով օգնութիւն եւ սփոփանք։
Անմեղ Սուրբերու տօնը
28 դեկտեմբերին, լատինաց մօտ տօնն է նաեւ «անմեղ սուրբերու»,` այսինքն այն մանուկները, զոր Հերովդէս սպանել տուաւ մտածելով, որ այդպիսով պիտի սպաներ Յիսուսը։
Ահա աս երկու տօները նշող Կիրակիին առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակէն, կէսօրուայ ժամուն, գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որ եղաւ նաեւ 2025 տարուայ վերջին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։
Սուրբ Ընտանիքը
Սովորութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը աղօթքէն առաջ ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, որ կեդրոնացուց Սուրբ Ընտանիքին դէպի Եգիպտոս փախուստի դրուագին վրայ որ պատմուած է Մատթէոս Աւետարանիչին կողմէ (հմմտ. Մատթ. 2,13-15.19-23).
«Յիսուսին, Մարիամին եւ Յովսէփին համար դժուար պահ մըն է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «մահկանացու սպառնալիքի անհանգստացնող ստուերը յանկարծակի կը նետուի Սուրբ Ծննդեան պայծառ տեսարանի վրայ»: Սպառնալիքը, որ սկիզբ կ՛ առնէ Հերովդէսի՝ դաժան և արիւնարբու մարդու մը տանջուած կեանքէն, որ վախ կը յառաջացներ իր դաժանութեան համար, եւ այս պատճառով ալ ան խորապէս միայնակ էր և տարուած տապալուելու վախով»:
Հերովդէսին կուրութիւնը
Ան մոգերէն իմանալով թէ ծնաւ «հրեաներու թագաւորը» (Մատթ.2,2) եւ զգալով թէ իր իշխանութիւնը սպառնալիքի տակ էր կը հրահանգէ սպաննել բոլոր մանուկները, որ Յիսուսին տարիքը ունէին։ Անոր թագաւորութեան մէջ տեղի կ՛ունենար պատմութեան ամենամեծ հրաշքը, որ կատարումն էր փրկութեան հին խոստումներուն, բայց ինք կարողութիւնը չունէր այդ մէկը տեսնելու, որովհետեւ կուրցած է, իր գահը, հարստութիւնները եւ առանձնաշնորհումները կորսնցնելու վախով։
Բռնակալի սրտի կարծրութիւնը առ աւելիով կ՜ընդգծէ Սուրբ Ընտանիքին արժէքը, որ կը ներկայացնէ փրկութեան միակ պատասխանը՝ Աստուծոյ անսահման սէրը, որ նուիրուած է մարդկութեան, նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Յովսէփի հնազանդութեան, որ կը փրկէ Մարիամն ու Յիսուսը ու հաստատելով` որ «Եգիպտոսի մէջ, ըստ էութեան, ընտանեկան սիրոյ բոցը, որուն Տէրը վստահեցաւ իր ներկայութիւնը աշխարհին մէջ, կ՛աճի և ուժ կը ստանայ՝ լոյս բերելու համար ամբողջ աշխարհին»։
Թոյլ չտանք` որ պատրանքները խեղդեն քրիստոնեայ ընտանիքներու սիրոյ բոցը
«Մինչ զարմանքով եւ երախտագիտութեամբ կը նայինք այս խորհուրդին, մտաբերենք մեր ընտանիքները ու նաեւ լոյսը զոր կարող է գալ անոնցմէ մեր ապրած ընկերութիւններուն մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով` որ աշխարհին մէջ, ցաւօք, կան այլ հերովդէսներ, ու յանձնարարելով թոյլ չտալ որ անոնց պատրանքները խեղդեն քրիստոնեայ ընտանիքներու սիրոյ բոցը։
Ընտանիքներուն մէջ պահպանենք Աւետարանին արժէքները
«Ընդհակառակը, ընտանիքներուն մէջ պահպանենք Աւետարանին արժէքները` աղօթքը, Խորհուրդներուն ապրումը, առողջ սէրը, անկեղծ երկխօսութիւնը, հաւատարմութիւնը, ամէն օրուայ բարի խօսքերու և արարքներու պարզ ու գեղեցիկ գործնականութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ այս մէկը ընտանիքները կը դարձնէ յոյսի լոյսեր, սիրոյ դպրոց եւ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ սիրոյ գործիքներ, ինչպէս ըսած էր հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը 2022-ի Ընտանիքներու տասներորդ համաշխարհային հաւաքի ընթացքին։
Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեամբ, Երկնաւոր Հօրմէ խնդրենք որ օրհնէ մեր եւ աշխարհի բոլոր ընտանիքները, որպէսզի աճելով Սուրբ Ընտանիքին օրինակով բոլորն ալ ըլլան իր ներկայութեան եւ իր անվերջ սիրոյ արդիւնաւէտ նշանները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ