Որոնել

Pope Leo leads the Angelus prayer from the window of the Apostolic Palace at the Vatican

Սուրբ Յովսէփին տիպարը առանցքը կազմեց Սրբազան Պապի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան

Այսօրուայ ծիսակատարութիւնը մեզի կը ներկայացնէ փրկութեան պատմութեան գեղեցիկ մէկ էջ մը, որուն գլխաւոր հերոսը մեզի նման դիւրաբեկ և սխալական մարդ է, բայց միևնոյն ժամանակ քաջ և ուժեղ հաւատքով» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով` թէ ինչպէս Մատթէոս Աւետարանիչը Յովսէփը կ՛անուանէ «արդար մարդ» (հմմտ. Մատթ. 1,19), եւ զայն կը ներկայացնէ որպէս զգայուն ու մարդկայնութեամբ լի անձ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 21 դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Քահանայապետը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը զայն հիմնելով Սուրբ Ծննդեան չորրորդ կիրակի օրուայ ծիսակատարութեան վրայ, որ «մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու Սուրբ Յովսէփի տիպարի մասին» ըսաւ Ան մատնանշելով, թէ ինչպէս Սուրբ Յովսէփը «մեզի կը ներկայացուի, մասնաւորապէս, այն պահուն, երբ Աստուած երազի մէջ անոր կը յայտնէ իր առաքելութիւնը (հմմտ. Մատթէոս 1:18-24)»

Յովսէփ արդար մարդ

«Այսպիսով, ծիսակատարութիւնը մեզի կը ներկայացնէ փրկութեան պատմութեան գեղեցիկ մէկ էջը, որուն գլխաւոր հերոսը մեզի նման դիւրաբեկ և սխալական մարդ է, բայց միևնոյն ժամանակ քաջ և ուժեղ հաւատքով» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով` թէ ինչպէս Մատթէոս Աւետարանիչը Յովսէփը կ՛անուանէ «արդար մարդ» (հմմտ. Մատթ. 1,19), եւ զայն կը ներկայացնէ որպէս զգայուն ու մարդկայնութեամբ լի անձ մը։

Յովսէփին առաքելութիւնը «ըլլալ Մեսիային Մօր Կոյսին փեսան»

Ան արդարեւ ի տես Մարիամի վիճակին, իր ապագայի հարսը, չ՛ընտրեր գայթակղութեան ճամբան այլ զուսպ և բարեսիրտ գաղտնի մերժման ուղին եւ «այդպիսով մեզի ցոյց կու տայ թէ ըմբռնած է սեփական կրօնական պաշտամունքի խորագոյն իմաստը՝ ողորմութեան իմաստը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, որ այս զգացումներու բիւրեղէութիւնն ու ազնւութիւնը աւելիով ակնյայտ կը դառնան երբ Տէրը անոր երազին մէջ կը բացայայտէ փրկութեան ծրագիրը, անոր ցոյց տալով նաեւ իր դերը. «ըլլալ Մեսիային Մօր Կոյսին փեսան»։

Կարեկցանք, ողորմութիւն, բարեսիրութիւն և յանձնուում

Յովսէփ այստեղ եւս մեծ հաւատքով կը յանձնուի Աստուծոյ, բացատրեց Քահանայապետը նկատել տալով` որ Յովսէփին առաքինութիւններ են «կարեկցանք, ողորմութիւն, բարեսիրութիւն և յանձնուում»։

«Ահա այս է այն ինչ որ մեզի կ՛առաջարկէ ծիսակատարութիւնը այսօր, որպէսզի այս առաքինութիւնները մեզի ընկերանան Գալստեան շրջանի այս վերջին օրերուն դէպի Սուրբ Ծնունդը։ Անոնք կարեւոր վերաբերմունքներ ենք, որոնք սիրտը կը կրթեն Քրիստոսի եւ եղբայրներու հետ հանդիպելու եւ որ մեզ կարող են օգնել` ըլլալու, մէկը միւսին համար, ընկալող մսուրներ, հիւրընկալ տուներ, Աստուծոյ ներկայութեան նշանները» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Անվերապահ կերպով յանձնուիլ Աստուծոյ եւ Անոր նախախնամութեան

Ան ապա հրաւիրեց «այս շնորհքի ժամանակ չկորսնցնելու առիթը` կիրառելու այս առաքինութիւնները. ներելով, խրախուսելով, փոքր յոյս տալով անոնց, որոնց հետ կ՛ ապրինք եւ անոնց` որոնք կը հանդիպինք, և աղօթքով նորոգելով մեր որդիական յանձնուումը Տիրոջ և Անոր Նախախնամութեան, Անոր վստահելով ամէն բան վստահութեամբ։

Թող` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը եւ Սուրբ Յովսէփը մեզի օգնեն այս ուղեւորութեան մէջ, անոնք` որոնք առաջինները եղան, որ հաւատքով եւ մեծ սիրով ընկալեցին Յիսուսը` աշխարհիս Փրկիչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2025, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >