Որոնել

Pope Leo leads the Angelus prayer from the window of the Apostolic Palace at the Vatican

Նահատակութիւնը ծնունդ է երկինքի մէջ. Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ Ստեփանոսի դէմքի լոյսը, նման Յիսուսի դէմքի լոյսին, աստուածային սիրոյ դրսևորումն է, և որ Յիսուսի ծնունդը մեզի կոչ կ՛ընէ ապրելու որպէս Աստուծոյ զաւակներ: Ան նաև նշեց, որ Յիսուսի գեղեցկութիւնը և Անոր ուսմունքները մերժուած են շատերու կողմէ, բայց Աստուծոյ զօրութիւնը չի կարող պարտուիլ: Լեւոն Պապը կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն որպէսզի ընտրեն խաղաղութեան և արդարութեան ուղին, և ճանչնալու իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը որպէս Աստծոյ զաւակ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 26 դեկտեմբերին տօնն է Սուրբ Ստեփանոս նախավկային, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Մարեմեան աղօթքը, ի ներկայութեան հազարաւոր հաւատացեալներուն, որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Քահանայապետը ներկայացուց տօնին նուիրուած խորհրդածութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նահատակութեան իմաստի մասին` որպէս ծնունդ երկնքի մէջ։

Սուրբ Ստեփանոսի ծնունդը

Այսօր, ըսաւ Ան, Սուրբ Ստեփանոսի «ծնունդն է».... որովհետեւ «մարտիրոսութիւնը երկնքի մէջ ծնունդ է», ակնարկելով Սուրբի նահատակութեան` Գործք Առաքելոցի գիրքին մէջ պատմուած դրուագին, ու հաստատելով, թէ «այն ամէն բաները որ սուրբ Ստեփանոսը կ՛ըսէ ու կ՛ընէ ցոյց կու տան աստուածային սէրը որ յայտնուեցաւ Յիսուսին մէջ` «Լոյսը, որ կը փայլի մեր խաւարին մէջ»։

Ոչ մէկ զօրութիւն կը գերիշխէ Աստուծոյ զօրութեան վրայ

Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ Ստեփանոսի դէմքի լոյսը, նման Յիսուսի դէմքի լոյսին, աստուածային սիրոյ դրսևորումն է, և թէ Յիսուսի ծնունդը մեզի կոչ կ՛ընէ ապրելու որպէս Աստուծոյ զաւակներ: Ան նաև նշեց, որ Յիսուսի գեղեցկութիւնը և Անոր ուսմունքները մերժուած են շատերու կողմէ։

Տակաւին կան մարդիկ որոնք կ՛ընտրեն արդարութիւնը

«Աշխարհին մէջ ամենուրեք կան մարդիկ, որոնք կ՛ ընտրեն արդարութիւնը նոյնիսկ եթէ սուղ գին մը ունի, կան անձինք` որոնք խաղաղութիւնը կը դնեն իրենց վախերէն վեր, անձեր` որոնք կը ծառայեն աղքատներուն, եւ ոչ թէ իրենք իրենց»… ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով` թէ ինչպէս «Յիսուսին գեղեցկութիւնը և Անոր ուսմունքները մերժուած են շատերու կողմէ» ու թէ նաեւ «ան` որ այսօր կը հաւատայ խաղաղութեան և ընտրեց Յիսուսի և նահատակներու անզէն ուղին, յաճախ ենթարկուած է ծաղրանքի եւ վտարուած է հանրային քննարկումներէն և յաճախ մեղադրուած է հակառակորդներուն և թշնամիներուն նախապատուութիւն տալու մեղադրանքով»։

Քրիստոնեաները թշնամիներ չունին

«Քրիստոնեաները սակայն թշնամիներ չունին, այլ եղբայրներ և քոյրեր, որոնք այդպիսին կը մնան նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ իրար չեն հասկանար», ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ հաստատելով որ «Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը մեզի կը բերէ այս ուրախութիւնը, որ պայմանաւորուած է յանդգնութեամբն անոնց` որոնք արդեն կ՜ապրին եղբայրութեան մէջ» եւ հրաւիրելով հաւատացեալները քալելու խաղաղութեան եւ արդարութեան ճանապարհին վրայ եւ իւրաքանչիւր անհատի մէջ ճանչնալու Աստուծոյ զաւկի արժանապատւութիւնը։

Ներել նման Յիսուսին

«Ասոր համար է որ Ստեփանոսը մեռաւ ներելով նման Յիսուսին», յարեց ապա Քահանայապետը այս մէկը նկատելով «ուժ մը` որ աւելի իրական է քան զէնքերը»։

«Անիկա ազատ ուժ է, որ արդեն իսկ առկայ է բոլորի սրտին մէջ, որ կը վերագործարկուի երբ մէկը կը սկսի տարբեր ձեւով նայելու մերձաւորին, անոր ուշադրութիւն և ճանաչում ցուցաբերելու համար։ Այո՛, ասիկա վերածնունդ է, վերադարձ է լոյսին, ասիկա մեր Սուրբ Ծնունդն է» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2025, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >