Որոնել

Il Papa all'Angelus, 'cessi ogni violenza nella Repubblica del Congo'

Երբ Յիսուսին կը հանդիպինք, լոյսէ, խօսքէ ու համէ զուրկ կեանքը, կը վերագտնէ իմաստ. Լեւոն ԺԴ.

«Gaudete in Domino semper – Միշտ ուրախացէ՛ք Տիրոջմով» (Փիլիպպեցիներ 4։4)։ Այս հրաւէրով է` որ կը բացուի այսօրուայ ս. Պատարագը՝ Գալստեան շրջանի երրորդ կիրակին, որ, կոչուած է «Gaudete» կիրակի։ Ուստի ուրախանանք, որովհետև Յիսուս մեր յոյսն է, յատկապէս փորձութիւններու ժամանակ, երբ կեանքը, կարծես, կը կորսնցնէ իմաստը, և ամէն ինչ աւելի մութ կը թուայ, խօսքերը կը պակսին ու կը դժուարանանք ունկնդրել մերձաւորը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ Աւետարանը մեզի կը տանի այցելելու Յովհաննէս Մկրտիչը բանտին մէջ, որ բանտարկուած էր իր քարոզչութեան համար (տե՛ս Մատթէոս 14։3-5): Այնուամենայնիւ, ան չի կորսնցուց յոյսը՝ մեզի համար դառնալով նշան այն բանի, որ մարգարէութիւնը, նոյնիսկ շղթաներու մէջ, կը մնայ ազատ ձայն՝ ճշմարտութեան և արդարութեան որոնման մէջ». Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկիզբ տուաւ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Դու՜ն ես ան, որ պիտի գայ, թէ՞ ուրիշին սպասենք

Ան ապա նշեց` թէ «Յովհաննէս Մկրտիչը բանտէն լսեց «Քրիստոսի գործերու» մասին (Մատթէոս 11։2), որոնք տարբեր էին իր սպասածէն» եւ մարդ ուղարկեց անոր հարց տալով. «Դու՞ն ես ան, որ պիտի գայ, թէ՞ ուրիշին սպասենք»։

«Անոնք` որոնք կը փնտռեն ճշմարտութիւն և արդարութիւն, անոնք` որոնք կը սպասեն ազատութիւնն ու խաղաղութիւնը, հարց կու տան Յիսուսին եթէ Ան իսկապէս Մեսիան է, Փրկիչը` զոր Աստուած խոստացաւ մարգարէներու միջոցաւ» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Յիսուս պատասխանելով հայեացքը կ՛ուղղէ անոնց վրայ` զոր ինք սիրեց եւ որոնց ծառայեց...այսինքն վերջինները, աղքատները եւ հիւանդները»։

Յիսուսին հետ հանդիպումով կեանքը իմաստ կը վերագտնէ

Երբ Յիսուսին կը հանդիպինք, լոյսէ, խօսքէ ու համէ զուրկ կեանքը, կը վերագտնէ իմաստ. Կոյրերը կը տեսնեն, համրերը կը խօսին, խուլերը կը լեսն։ Յուսահատութեան և տառապանքի բանտէն Յիսուսին խօսքը մեզ կ՛ ազատէ։ Իւրաքանչիւր մարգարէութիւն Անոր մէջ կը գտնէ իր երկար սպասուած կատարումը... Քրիստոս ձայն կու տայ ճնշուածներուն, որոնց ձայները լռութեան մատնուած էին, բռնութեան և ատելութեան պատճառաւ։ Ան կը յաղթէ գաղափարախօսութիւնը, որ մեզ խուլ կը ձեւացնէ ճշմարտութեան նկատմամբ։ Ան մեզ կը բուժէ մարմինը խեղաթիւրող արտաքին տեսքէն։

Միշտ ուրախացէ՛ք Տիրոջմով

Կեանքի Բանը այսպիսով մեզ կը փրկէ չարէն, որ մահ կը բերէ սրտին։Գալստեան շրջանի ընթացքին կոչուած ենք Փրկիչին հանդէպ մեր սպասումը միացնելու աշխարհին մէջ Աստուծոյ գործերու նկատմամբ ուշադրութեան հետ։

«Gaudete in Domino semper – Միշտ ուրախացէ՛ք Տիրոջմով» (Փիլիպպեցիներ 4։4)։ Այս հրաւէրով է` որ կը բացուի այսօրուայ ս. Պատարագը՝ Գալստեան շրջանի երրորդ կիրակին, որ, կոչուած է «Gaudete» կիրակի» ըսաւ Քահանայապետը եւ հրաւիրեց ուրախանալու, «որովհետև Յիսուս մեր յոյսն է, յատկապէս փորձութիւններու ժամանակ, երբ կեանքը, կարծես, կը կորսնցնէ իմաստը, և ամէն ինչ աւելի մութ կը թուայ, խօսքերը կը պակսին ու կը դժուարանանք ունկնդրել մերձաւորը։

Աղքատներու հետ բաժնեկցիլ հաց և Աւետարան

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ սպասման, ուշադրութեան և ուրախութեան տիպարը, օգնէ մեզ ընդօրինակելու իր Որդիին գործը՝ աղքատներու հետ բաժնեկցելով հաց և Աւետարան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2025, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >