Il Papa,luminarie di Natale ci ricordano attesa mondo nuovo

Մարեմեան աղօթք. Դառնանք փոքրիկ լոյսեր ընդունելով Յիսուսը. Լեւոն ԺԴ.

«Եղբայրներ եւ քոյրեր որքան կարօտը ունի աշխարհը այս յոյսին։ Ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ համար» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց պատրաստուիլ Աստուծոյ արքայութեան տեղ բանելով «փոքրիկին» Յիսուս Նազովրեցիին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ. «Անոր ծննդեան գիշերէն մինչեւ անոր խաչին վրայ մահը, ան կը փայլի մեր պատմութեան վրայ նման ծագող արև մը։ Նոր օր մը սկսած է։ Արթննանք ու քալենք անոր լոյսին մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ այս առիթով իր ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ, որուն մէջ կը հռչակուի Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուստը (հմմտ. Մատթ. 3,1-12)։

Թող գայ քու Արքայութիւնդ

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց Յովհաննէս Մկրտիչին, որ քարոզելով կը հրաւիրէր. «ապաշխարելու որովհետեւ մօտ է երկնքի արքայութիւնը» (Մատթ. 3,1), ապա նշեց` թէ «Հայր մեր» աղօթքին մէջ ամէն օր կը խնդրենք «Թող գայ արքայութիւնդ» ու թէ այդ հայցումով «մենք կը կողմնորոշուինք դէպի Նորը, զոր Աստուած պատրաստած է մեզի համար, ու կը ճանչնանք որ պատմութեան հոլովոյթը չէ գրուած այս աշխարհի հզօրներու կողմէ» եւ «Աստուած կու գայ թագաւորելու ոչ թէ մեր վրայ տիրելով այլ մեզ ազատելով» եւ այս մէկը «բարի լուր մըն է» ըսաւ միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։

Խոնարհութեան եւ ողորմութեան թագաւորութիւն

«Մկրտիչին վերաբերմունքը խիստ է, բայց ժողովուրդը մտիկ կ՜ընէ անոր, քանի որ անոր խօսքերուն մէջ կը լեսէ Աստուծոյ կոչը՝ չխաղալու կեանքի հետ, օգտուելու ներկայ պահէն՝ պատրաստուելու համար անոր հետ հանդիպումին, որ կը դատէ սրտի գործերու և մտադրութիւններու հիման վրայ, եւ ոչ թէ արտաքին տեսքի հիման վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ նոյնինքն «Յովհաննէս Մկրտիչ զարմացած կը մնայ թէ ի՞նչ ձեւով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսի մէջ, խոնարհութեամբ ու ողորմութեամբ»։

Ծննդեան եւ նորոգումի պակտեր

«Եսայի մարգարէն զայն կը համեմատէ ծիլերուն հետ. ոչ թէ զօրութեան կամ կործանման, այլ ծննդեան և նորոգումի պատկեր» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, ուր «Սուրբ Հոգին կը սկսի իր պարգևները փչել թուացեալ մեռած դուրս եկող ծիլերուն վրայ (տե՛ս Եսայի 11։1-10)» եւ այս մէկը պատահած է նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս` ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Բ Ժողովով, որ «աւարտեցաւ ճիշտ վաթսուն տարիներ առաջ»։

«Փորձառութիւն մը` որ կը նորոգուի երբ կը քալենք միասին դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, բոլորս պատրաստ զայն ընկալելու եւ անոր ծառայելու»։ Եւ այդ պահուն է որ ծիլ կու տան ոչ միայն իրականութիւններ, որոնք անկարելի կը թուային այլ կ՜իրականանայ այն ինչ` որ մարդկայնօրէն անկարելի կը թուար» ինչպէս կ՛ըսէ մարգարէն. ««Գայլը կը բնակի գառնուկին հետ, և ընձառիւծը կը պառկի ուլի հետ, և հորթն ու առիւծը միասին կ՜ուտեն, և փոքր երեխայ մը կ՛ առաջնորդէ զանոնք» (Եսայի 11։6):

Դառնանք փոքր լոյսեր

«Եղբայրներ եւ քոյրեր որքան կարօտը ունի աշխարհը այս յոյսին։ Ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ համար» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց պատրաստուիլ Աստուծոյ արքայութեան տեղ բանելով «փոքրիկին» Յիսուս Նազովրեցիին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ. «Անոր ծննդեան գիշերէն մինչեւ անոր խաչին վրայ մահը, ան կը փայլի մեր պատմութեան վրայ նման ծագող արև մը։ Նոր օր մը սկսած է։ Արթննանք ու քալենք անոր լոյսին մէջ» խրախուսեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս է «գալստեան շրջանին հոգեւորականութիւնը» հրաւիրելով ճամբաներու վրայ լոյսի զարդարանքներուն ընդմէջէն յիշենք որ մեզմէ իւրաքանչիւրս կարող է դառնալ փոքրիկ լոյս մը, եթէ ընդունի Յիսուսը` որ նոր աշխարհի մը ծիլն է։ Սորվինք այս մէկը ընել Մարիամին, մեր Մօր հետ, վստահելի սպասումի եւ յոյսին մայրը» եղան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2025, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >