Կարեկցանքը մարդկայնութեան հարց է. Լեւոն ԺԴ.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ե՞րբ է որ մենք ալ կարող պիտի ըլլանք ընդհատելու մեր ճամբորդութիւնը եւ կարեկցութիւն ցուցաբերելու» հարց տուաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու պատասխանեց. «Այն ժամանակ որ հասկնանք թէ այդ ճամբուն եզրին վրայ գտնուող վիրաւոր մարդը կը ներկայացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրս։ Եւ այդ պահուն յիշողութիւնը այն բոլոր անգամներուն որոնց ժամանակ Յիսուս կանգ առաւ հոգ տանելու մեզի մեզ աւելի կարող պիտի դարձնէ կարեկցութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 28 Մայիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որ հանդիսացաւ անոր Քահանայապետութեան գլխաւորած երկրորդ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին Ան շարունակեց իր նախորդին` Ֆրանչիսկոս Պապին սկսած խորհրդածութիւններու շարքը, որոնք ի տես այս տարի նշուող Յոյսին նուիրուած Յոբելեանին կեդրոնացած են «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին վրայ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Նախ քան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով դուրս գալով «Զանգակներու կամարի» տակէն շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին ողջունելով այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները եւ օրհնելով մանուկները, ապա բարձրացաւ հրապարակի կեդրոնական ամպիոն որտեղէն սկիզբ տուաւ ունկնդրութեան։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը սկսաւ նշելով, որ պիտի շարունակենք խորհրդածել Աւետարանի առակներուն վրայ, որոնք «առիթ են փոխելու հեռանկարը ու բացուելու յոյսին»…. Որովհետեւ «առակները մեզի կ՛օգնեն աշխարհը դիտելու տարբեր տեսակէտով», յարեց Ան նշելով, որ այսօրուան խորհրդածութեան նիւթը հիմնուած է Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած (Ղուկ. 10,25-37) հատուածին վրայ, ուր օրէնսգէտ մը` որ փորձագէտ անձ մըն է, լաւ պատրաստուած բայց որ կեդրոնացած է իր անձին վրայ եւ չի նկատեր ուրիշները, Յիսուսը փորձելով հարց կու տայ թէ «ի՞նչ պէտք է ընէ ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Յիսուս անոր կ՛առաջարկէ սիրել Աստուած ու ընկերը իր անձին պէս ,սակայն օրէնսգէտը հարց կու տայ թէ «ո՞վ է իմ ընկերս» եւ Յիսուս անոր կը պատասխանէ առակով մը` որով այդ հարցումի ենթական կը փոխուի անցնելով «անորմէ` որ ինծի կը սիրէ, անոր` որ սիրուած է», յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու բացատրեց Բարի Սամարացիին առակը։

Առակը` որպէս տեսարան ունի ճամբան, և անիկա դժուար ու դժուարին ճանապարհ է նման կեանքին։ Եւ այդ ճամբուն վրայ է որ մարդ մը կ՛իյնայ աւազակներու ձեռքը ու կը կողոպտուի անոնցմէ, որոնք զայն կիսամեռ կը թողուն ճամբուն եզերքը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

«Ասիկա նման է այն փորձառութեան երբ իրավիճակները, անձինք ու շատ անգամ նաեւ անոնք` որոնց կը վստահինք, մեզմէ կը խլեն ամէն բան ու մեզ կը ձգեն ճամբուն եզրին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով սակայն, որ «կեանքը կազմուած է հանդիպումներէ, ու այդ հանդիպումներուն ընդմէջէն է որ մենք կը յայտնուինք ինչպէս որ ենք։ Կը գտնուինք միւսին դիմաց, անոր տկարութեան ու դիւրաբեկութեան դիմաց եւ կարող ենք որոշել ի՞նչ ընել. «կամ խնամք տանիլ եւ կամ այնպէս ձեւացնել, որ ոչ մէկ բան պատահած է»։

«Քահանայ մը և ղևտացի մը նոյն ճանապարհէն կ՛անցնէին։ Անոնք մարդիկ են, որոնք կը ծառայեն Երուսաղեմի տաճարին մէջ, որոնք կ՛ ապրին սրբազան տարածքի վրայ։ Սակայն երկրպագութիւնը կատարելը ինքնաբերաբար չի հանգեցներ կարեկցանքի։ Իրականին մէջ , նախքան կրօնական հարց ըլլալը կարեկցանքը մարդկային հարց է։ Հաւատացեալ ըլլալէ առաջ մենք կոչուած ենք ըլլալու մարդկային», հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով, թէ այդ քահանային ու ղեւտացիին առաջնորդող շարժիչ ուժը «շտապութիւնն է» անոնք կը շտապէին... մեր կեանքին մէջ եւս «շտապութիւնը» շատ անգամ արգելք է կարեկցութեան զգացումին։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@VATICAN MEDIA)

«Ան որ կը մտածէ թէ սեփական ճամբորդութիւնը առաջնահերթութիւն ունի պատրաստակամ չէ կանգ առնելու ուրիշներու համար» նշեց Լեւոն ԺԴ.։

«Բայց ահա` որ կը հասնի մէկ մը, որ կարողութիւնը ունի կանգ առնելու. Սամարացի մը. Մէկ մը` որ կը պատկանի անարգուած ժողովուրդի մը...եւ այդ անձը կանգ կ՛առնէ որովհետեւ իր դիմաց կը տեսնէ այլ մարդ մը, որ իր օգնութեան կարիքը ունի։ Կարեկցանքը արդարեւ կ՛արտայայտուի շօշափելի արարքներով։

Սամարացին կը մօտենայ անոր, քանի որ եթէ մէկու մը կ՛ուզես օգնել չես կրնար զայն հեռու պահել քեզմէ, պէտք է ներգրաւուիս, կեղտոտուիս, նոյնիսկ վարակուիս։ Ան արդարեւ կը կապէ անոր վէրքերը՝ իւղով ու գինիով մաքրելէն յետոյ։ Ապա զայն կը դնէ իր գրաստին, այսինքն՝ իր վրայ կը շալկէ անոր հոգերը, որովհետև մարդ իսկապէս կ՛օգնէ, եթէ պատրաստ է զգալ միւսին ցաւի ծանրութիւնը, ու կը տանի պանդոկ, որուն վրայ կը ծախսէ մօտաւորապէս երկու օրուայ աշխատանք, խոստանալով վերադառնալ և ի հարկին կրկին վճարել, քանի որ միւսը ոչ թէ առաքուող ծանրոց մըն է, այլ մէկը, որուն պէտք է հոգ տանիլ» եղան Սրբազան Պապին ներկայացուցած մտածումները։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ե՞րբ է որ մենք ալ կարող պիտի ըլլանք ընդհատելու մեր ճամբորդութիւնը եւ կարեկցութիւն ցուցաբերելու» հարց տուաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու պատասխանեց. «Այն ժամանակ` որ հասկնանք թէ այդ ճամբուն եզրին վրայ գտնուող վիրաւոր մարդը կը ներկայացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրս։ Եւ այդ պահուն յիշողութիւնը այն բոլոր անգամներուն, որոնց ժամանակ Յիսուս կանգ առաւ հոգ տանելու մեզի մեզ աւելի կարող պիտի դարձնէ կարեկցութեան»։

«Աղօթենք ուրեմն որպէսզի աճինք մարդկայնութեան մէջ այնպէս որ մեր փոխյարաբերութիւնները ըլլան միշտ աւելի իսկական ու աւելի հարուստ կարեկցութեամբ։ Հայցենք Քրիստոսի Սուրբ Սրտէն շնորհքը միշտ աւելիով ունենալու անոր նոյնինքն զգացումները» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2025, 10:17

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >