Եկեղեցին չի կրնար սխալիլ եւ իւրաքանչիւր մկրտեալ կոչուած է տալու համահունչ վկայութիւն. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 18 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ գլխաւորեց Հրապարակային ունկնդրութիւնը` որուն առիթով շարունակեց «Lumen gentium» Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի Վարդապետական սահմանադրութեան վրայ ու յատկապէս Եկեղեցւոյ վրայ կեդրոնացած իր խորհրդածութիւններու շարքը։
«Այսօր եւս կուզեմ ձեզի հետ կանգ առնել «Lumen Gentium»-I Բ. Գլուխին վրայ որ նուիրուած է Եկեղեցւոյ` որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ» ըսաւ Քահանայապետը ու բացատրեց` թէ «Աստուծոյ Ժողովուրդը, Քրիստոսէն կ՛ընդունի քահանայական, մարգարէական և թագաւորական գործին մասնակցութիւնը» մատնանշելով յիշեալ Տիեզերական Ժողովի Ժողովական հայրերու ուսուցումին, որոնք կը սորվեցնեն, ըսաւ Ան, «որ Տէր Յիսուս նոր եւ յաւիտենական ուխտով մը հաստատեց քահանաներու թագաւորութիւն մը, որ հաւատացեալներուն կը տրուի Սուրբ Մկրտութեան միջոցաւ, որ հնարաւորութիւն կու տայ պաշտամունք մատուցելու Աստուծոյ` հոգիով և ճշմարտութեամբ» և « Եկեղեցւոյ միջոցաւ հրապարակաւ դաւանելու Աստուծոյ կողմէն ընդունուած հաւատքը» (LG, 11):
Քահանայական մասնակցութիւնը
Ապա դրոշմի խորհուրդի միջոցաւ բոլոր մկրտուածները «աւելի կատարելապէս կը կապուին Եկեղեցւոյ, կը հարստանան Սուրբ Հոգիին յատուկ զօրութեամբ եւ այս կերպով աւելի սերտօրէն պարտաւորուած կ՛ըլլան տարածելու եւ պաշտպանելու հաւատքը՝ խօսքով եւ գործով, որպէս Քրիստոսի ճշմարիտ վկաներ» (ԼG)։
«Այս օծումն է, որ կը կազմէ այն ընդհանուր առաքելութեան արմատը, որ կը միացնէ ձեռնադրուած սպասաւորները եւ աշխարհական հաւատացեալները» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով` որ «Մկրտութիւնը այն հիմնական խորհուրդն է, որ կը սահմանէ քրիստոնէական ինքնութիւնը։ Մկրտութեան եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան միջոցաւ հաւատացեալները կը նուիրագործուին` որպէս քահանայական ժողովուրդ եւ կը կազմեն Աստուծոյ ժողովուրդը»։
Հաւատացեալներու «արքայական քահանայութիւնը»
Հաւատացեալներու «արքայական քահանայութիւնը» կը դրսեւորուի տարբեր կերպերով՝ ուղղուած սրբացման, մանաւանդ մասնակցելով Եկեղեցւոյ մէջ ընծայուած Սուրբ Պատարագին, բայց նաեւ աղօթքով, ճգնութեամբ եւ սիրոյ գործերով, որոնք կը վկայեն Աստուծոյ շնորհքով նորոգուած կեանք մը։ Ընդհանրապէս, քրիստոնէական համայնքի կեանքը կ՛ իրականանայ եւ կը զարգանայ խորհուրդներու եւ առաքինութիւններու միջոցաւ։
Քրիստոսի Մարգարէական առաքելութիւնը
Աստծոյ Ժողովուրդը, որպէս այդպիսին, կը մասնակցի նաեւ Քրիստոսի մարգարէական առաքելութեան՝ իր «sensus fidei»-ով, այսինքն հաւատքի իմաստի զգացումը, որուն միջոցաւ կը թոյլատրուի ճանչնալ փոխանցուած յայտնութիւնը՝ տարբերելով ճշմարիտը կեղծէն հաւատքի հարցերուն մէջ և անոնց` կեանքին գործադրութեան մէջ։
Այս հաւատքի իմաստի զգացումը կը պատկանի անհատ հաւատացեալին ոչ թէ ինքնուրոյն, այլ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդի ամբողջականութեան մէջ անդամ։
«Lumen gentium»-ը ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ այս վերջին հանգամանքին վրայ եւ զայն կը կապէ Եկեղեցւոյ անսխալականութեան հետ, որուն կը պատկանի, ծառայելով անոր, նաեւ Սրբազան Քահանայապետին անսխալականութիւնը։
Եկեղեցւոյ անսխալականութիւնը
«Հաւատացեալներու ամբողջութիւնը, որոնք Սուրբէն օծում ստացած են (տե՛ս Ա. Յովհ. 2,20.27), չեն կրնար սխալիլ հաւատքի մէջ եւ այս իր յատուկ յատկութիւնը կը յայտնէ ամբողջ ժողովուրդին գերբնական հաւատքի զգացումով, երբ եպիսկոպոսներէն մինչեւ վերջին աշխարհական հաւատացեալը իրենց ընդհանուր համաձայնութիւնը կը յայտնեն հաւատքի եւ բարոյականութեան հարցերուն մէջ» (LG, 12)», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Եկեղեցին` որպէս հաւատացեալներու հաղորդութիւն չի կրնար սխալիլ հաւատքին մէջ։
Աւետարանութեան գործունէութիւն
Այսպէս, իւրաքանչիւր մկրտուած, Սուրբ Հոգիով հաստատուած, աւետարանութեան գործունէութեան մասնակից է՝ հրաւիրուած է տալու Քրիստոսի համահունչ վկայութիւն ըստ մարգարէական շնորհքներուն զոր Տէրը կը զեղէ համայն իր Եկեղեցւոյ վրայ։
Նուիրեալ Կեանքը եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնները
Սուրբ Հոգին, որ կը տրուի մեզի Յարուցեալ Յիսուսէն, իրօք «հաւատացեալներու ամէն կարգին մէջ կը բաշխէ յատուկ շնորհքներ, որոնց միջոցաւ զանոնք կը դարձնէ յարմար եւ պատրաստ՝ ստանձնելու տարբեր պարտականութիւններ եւ պաշտօններ, օգտակար Եկեղեցւոյ նորոգման եւ աւելի մեծ տարածման համար» (LG, 12)։ Այսպիսի խարիզմատիկ կենսունակութեան առանձնայատուկ ապացոյց մը կը ներկայացնէ Նուիրեալ Կեանքը, որ շարունակ կը բուսնի եւ կը ծաղկի շնորհքին գործով։ Եկեղեցական ընկերակցական ձեւերն ալ լուսաւոր օրինակ են հոգեւոր պտուղներու բազմազանութեան եւ բեղմնաւորութեան՝ ի նպաստ Աստուծոյ ժողովուրդի շինութեան» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եւ հրաւիրեց մեր մէջ արթնցնելու գիտակցութիւն եւ երախտագիտութիւն` ընկալած ըլլալու համար շնորհքը մաս կազմելու Աստուծոյ Ժողովուրդին, ու նաեւ անորմէ փխող պատասխանատուութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
