Յոբելենական տարւոյն ունկնդրութիւնները. «Յուսալ կը նշանակէ վերսկսիլ». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր` շաբաթ 11 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ Յոբելենական տարւոյն ընթացքին նախատեսուած արտակարգ ունկնդրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան երկու շաբաթ անգամ մը, շաբաթ օրով ու յատկացուած են Յոբելենական տարւոյն առիթով Հռոմ ժամանող ուխտաւորներուն։ Քահանայապետը ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, խօսքը կեդրոնացնելով յոյսին վրայ ու հաստատելով` թէ յուսալ կը նշանակէ վերսկսիլ որպէս տիպար ներկայացնելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։
Յոբելեանը նոր սկիզբ
«Այս առաւօտ կը սկսինք շաբաթ օրուայ Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնց նպատակն է գաղափարական կերպով հիւրընկալել ու ողջագուրել բոլոր անոնք որոնք աշխարհի տարբեր վայրերէն կու գան որոնելու նոր սկիզբ մը։ Յոբելեանը արդարեւ նոր սկիզբ է, բոլորին համար հնարաւորութիւն վերսկսելու Աստուծմէ։ Յոբելեանով սկիզբ կ՛առնէ նոր կեանք մը նոր փուլ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տալով ունկնդրութեան խորհրդածութեան ու նշելով, որ այս ունկնդրութիւններու ընթացքին ինք պիտի անդրադառնալ յոյսին որոշ յատկութիւններուն։
Յոյսը հայցելիք առաքինութիւն
«Անիկա աստուածաբանակն առաքինութիւն է» կ՛ըսէ Քրիստոնէականը եւ «վիրթուս» լատիներէն բառը կը նշանակէ «ուժ», ուստի ուժ, որ կու գայ Աստուծմէ» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «յոյսը ուժ մըն է զոր պէտք է խնդրենք եւ ասոր համար է որ կը դառնանք ուխտաւոր, կու գանք հայցելու պարգեւ մը, վերսկսելու կեանքին ուղեւորութիւնը»։
Ան անդրադարձաւ ապա Յիսուսի Մկրտութեան տօնին, որ ըստ լատինաց կը յիշատակուի վաղը նշելով, որ որ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը յոյսին մեծ մարգարէն է։ Յիսուս անոր մասին ըսաւ թէ «անիկայ կնոջմէ ծնածներուն մէջ ամենամեծն է» դիտել տուաւ Քահանայապետը բաղդատութիւն ընելով Սուրբ Դռան տակէն անցնելու ու Յորդանանի ջուրերուն մէջ անցնելու միջեւ` զոր համարեց նոր սկիզբ մը։
Վերսկսիլ
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր` վերսկսիլ, այս է բառը, վերսկսիլ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրելով միասնաբար կրկնելու «վերսկսիլ» բառը եւ յորդորեց միշտ յիշել ու չմոռնալ այս մէկը։
Յիսուս սակայն այդ գովասանքէն ետքը կ՛աւելցնէ այլ խօսք մը` «կ՛ըսեմ ձեզի կնոջմէ ծնածներուն մէջ Յովհաննէսէն աւելի մեծը չկայ, բայց Աստուծոյ Արքայութեան մէջ փոքրագոյնը անկէ աւելի մեծ է» (Ղուկ. 7, 28), ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ «յոյսը մեզմէ կախեալ չէ այլ կը պատկանի Աստուծոյ Արքայութեան» ու թէ «այդ Աստուծոյ Արքայութիւնը ընկալելը մեզ կը տանի դէպի մեծութեան նոր կարգ մը, որուն կարիքն ունի մեր աշխարհը ու մենք բոլորս։
Մենք մեզ ճանչնանք փոքր
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ իրապէս մենք իղձը ունինք վերսկսելու եւ հրաւիրեց օրինակ առնել Յովհաննէս Մկրտիչէն անորմէ սորվիլ ու փոխել մեր ընթացքը` յոյս ունենալով մեր հասարակաց տան համար եւ յոյս բոլոր մարդ արարածներուն համար` որ գոյութիւն ունի Աստուծոյ մէջ։ Անոր մեծութիւնը տարբեր է։ Եւ մենք պէտք է վերսկսինք Աստուծոյ այս ինքնատիպութենէն, որ փայլեցաւ Յիսուսի մէջ եւ որ մեզ կը պարտաւորեցնէ ծառայել, եղբայրաբար սիրել, ու մենք մեզ ճանչնալ փոքր:
Ապա տեսնել ամենափոքրինկները, ունկնդրել զանոնք ու ըլլալ անոնց ձայնը. Ահա այս է նոր սկիզբը, մեր Յոբելեանը եւ մենք պէտք է վերսկսինք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Աղօթենք խաղաղութեան համար
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները եւ իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած ի ողջոյնի խօսքէն ետքը հրաւիրեց բոլոր ներկաները աղօթելու խաղաղութեան համար։
«Խաղաղութիւնը միշտ պարտութիւն է, միշտ» ըսաւ Սրբազան Պապը, «Աղօթենք բոլոր պատերազմի մէջ գտնուող երկիներուն համար։ Թող հասնի խաղաղութիւնը»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ