Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE

Ոչ մէկ անչափահաս պէտք է ոտնձգութեան թիրախ դառնայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մանուկները Հօրմէ ամենաշատ սիրուածներն են։ Մեր հասարակութիւններուն մէջ շատ են չարաշահում և վատ վերաբերմունքի թիրախ մանուկները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դատապարտելով այս իրողութիւնը, ոչ միայն որպէս ընկերութեան վէրք ու ոճիր, այլ նաեւ` որպէս «Աստուծոյ պատուիրաններու խախտում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 15 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ եւ որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս խորհրդածութիւնը ուզեց կեդրոնացնել մանուկներուն վրայ, ընդգծելով զանոնք պաշտպանելու, ընկալելու եւ սիրելու անհրաժեշտութիւնը, թէեւ, ըսաւ Ան, «աշխարհի մէջ շատ են այն երեխաները, որոնք նոյնիսկ եթէ տակաւին տարիքով հասուն չեն, ստիպուած են աշխատիլ եւ անոնցմէ շատեր ենթարկուած են վտանգաւոր աշխատանքի»։ Նորին Սրբութիւնը ոտնձգութիւններու թիրախ մանուկներու շարքին յիշեց նաեւ այն փոքրիկները` որոնք թիրախ են պոռնկութեան, ստիպողական ամուսնութեան ու պոռնկագրութեան։

Ոչ մէկ անչափահաս պէտք է ոտնձգութեան թիրախ դառնայ

«Մեր հասարակութիւններուն մէջ շատ են չարաշահում և վատ վերաբերմունքի թիրախ մանուկները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դատապարտելով այս իրողութիւնը, ոչ միայն որպէս ընկերութեան վէրք ու ոճիր, այլ նաեւ` որպէս «Աստուծոյ պատուիրաններու խախտում»։

«Ոչ մէկ անչափահաս պէտք է ոտնձգութեան թիրախ դառնայ։ Նոյնիսկ եթէ մէկ պարագայ մը կայ այդ ալ շատ է եւ հարկաւոր է արթնցնել խղճերը, հրահրել մօտիկութիւն ու շօշափելի զօրակցութիւն ցուցաբերել չարաշահուած մանուկներուն ու միեւնոյն ժամանակ կերտել վստահութիւն եւ համաձայնութիւն անոնց միջեւ, որոնք յանձնառու են անոնց նուիրելու հնարաւորութիւն եւ ապահով վայրեր, ուր անոնք ապրին անդորրութեամբ» եղաւ Քահանայապետին ակնարկումներէն մին։

Կորսուած կեանքերուն յղել մեր հայեացքը

Ան ապա նշեց, թէ «Համատարած աղքատութիւնը, ընտանիքներուն աջակցելու սոցիալական գործիքներու բացակայութիւնը, վերջին տարիներուն աճող կղզիացումը, գործազրկութիւնը և աշխատանքի անապահովութիւնը` գործօններ են, որոնց սուղ գինը կը վճարեն աւելիով փոքրիկները», այս ուղղութեամբ ակնարկելով այն անչափահասներուն, որոնք ներգրաւուած են թմրամիջոցներու վաճառքի և ամենատարբեր ապօրինի գործունութիւններու մէջ եւ որոնցմէ շատեր զոհաբերուած զոհեր են եւ յաճախ մղուած դառնալու իրենց հասակակիցներու դահիճներ, վնաս հասցնելով նախ իրենք իրենց, իրենց արժանապատուութեան ու մարդկայնութեան»։

«Բայց եւ այնպէս երբ փողոցներու, ծխական թաղամասերու մէջ կորսուած այս կեանքերը մեր հայեացքին կը ներկայանան, մենք յաճախ հակառակ կողմ կը նայինք» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով «Լոան» անունով պատանիի մը. որ առեւանգուեցաւ եւ որուն մասին տեղեկութիւններ չկան։

«Վարկածներէն մին այն է, որ զայն առեւանգեցին մարմնի անդամները վաճառելու համար» նշեց Սրբազան Պապը խիստ դատապարտելով այս իրողութիւնը։

Անսանք ցաւին որ ձայն չունի

Ան ապա նշեց` որ «Յիսուս մեզ կ՛ուզէ բոլորս ազատ եւ երջանիկ եւ եթէ Ան իւրաքանչիւր մարդ ու կին կը սիրէ որպէս զաւակ առ աւելիով կը սիրէ փոքրիկները` իր սրտին համայն քնքշութեամբ։ Եւ ասոր համար մեզմէ կը խնդրէ կանգ առնել, անսալ ցաւին անոր` որ ձայն չունի, որուն կը պակսի կրթութիւնը։ Պայքարիլ չարաշահումի դէմ ու յատկապէս մանկական չարաշահումին դէմ։ «Ասիկայ մայրուղին է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը` «կառուցելու համար աւելի լաւ ապագայ մը, համայն ընկերութեան համար»։

Մեղսակից չդառնանք  ոճիրին

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց հուսկ այս վէրքին դէմ պայքարելու ձեւերուն մասին, ուշադիր ըլլալով մեր կատարած գնումներուն եւ այնպէս ընելով` որ առուտուր չկատարել մանուկներով ձեռքերով իրագործուած հագուստներուն կամ այլ իրերուն, որպէսզի մեր կարգին մեղսակից չդառնանք այդ ոճիրին։

«Ոմանք կարող են մտածել թէ որպէս անհատներ չենք կարող շատ բան ընել, այո բայց իւրաքանչիւրս կարող է դառնալ կաթիլ մը` որ միւս կաթիլներու հետ միասին կարող է դառնալ ծով մը», նշեց Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով Քաղաքական իշխանութիւններու, ներառեալ եկեղեցական իշխանութիւններու պատասխանատուութեան, որոնք պէտք են, ըսաւ Ան, իրենց ներդրումները տեղափոխեն այն ընկերութիւններուն, որոնք չեն օգտագործեր կամ թոյլ չեն տար երեխաներու աշխատանքը:

Կոչ լրագրողներուն

«Շատ պետութիւններ և միջազգային կազմակերպութիւններ արդեն ընդունած են օրէնքներ և հրահանգներ երեխաներու աշխատանքին դէմ, բայց կարելի է նաեւ աւելին ընել, ես կոչ կ՛ընեմ նաեւ լրագրողներուն` որ յանձն առնեն իրենց բաժինը . անոնք կարող են օգնել բարձրացնելու խնդիրներու վերաբերեալ իրազեկութիւնը և օգնել գտնելու լուծումներ, «վախ մի ունենաք այս մէկը ընելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով լրագրողներուն ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք իրենց հայեացքը այլուր չեն դարձներ երբ կը տեսնեն մանուկներ, որոնք ստիպուած են մեծահասակ դառնալ շատ արագ։

Միշտ յիշենք Յիսուսին խօսքերը. «Այն ամէն բաները` որոնք ըրիք իմ այս եղբայրներէս մէկուն ինծի ըրիք» (Մատթ. 25,40) յարեց Հուսկ Սրբազան Պապը, որպէս տիպար ներկայացնելով Կալկաթայի Սրբուհի Թերեզան` ու կրկնելով անոր աղօթքը.

«Ես ապահով տեղ կը խնդրեմ

ուր կարենալ խաղալ:

Ես ժպիտ կը խնդրեմ

անոր որ սիրել գիտէ։

Ես մանուկ ըլլալու իրաւունք կը խնդրեմ,

յոյս ըլլալու

աւելի լաւ աշխարհի մը:

Ես կը խնդրեմ, որ կարողանամ աճիլ

որպէս մարդ անհատ։

Կարո՞ղ եմ քեզի վստահիլ: (Կալկաթայի Սուրբ Թերեզա)

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2025, 09:22

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031