Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Դառնանք հիւրընկալ տուներ ուր կ՛ աճի յոյսը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներու ու այս առիթով շարունակեց Յոբելենական տարւոյն առիթով «Յիսուս Քրիստոս` մեր յոյսը» նիւթին նուիրած իր խորհրդածութիւններուն շարքը, մեկնաբանելով Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած Աւետման դրուագը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 22 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներու։

Շարունակելով Յոբելենական տարւոյն առիթով «Յիսուս Քրիստոս` մեր յոյսը» նիւթին նուիրած իր խորհրդածութիւններուն շարքը, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած Աւետման դրուագը, նշելով, որ «Աւետարանին սկիզբը Ղուկաս ցոյց կու տայ Աստուծոյ Խօսքին փոխակերպող զօրութեան հետևանքները, որ կը հասնի մինչեւ երիտասարդ աղջկայ՝ Մարիամի աղքատ տունը, որ Յովսէփի խոստացուած հարս էր, եւ տակաւին կ՛ապրէր իր ընտանիքին մօտ»։

 Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աստուածային մեծ աւետիսներու բանբեր` Գաբրիէլ հրեշտակապետը, որ իր անունին մէջ կը կրէ Աստուծոյ զօրութիւնը, ուղարկուեցաւ գիւղ մը, որ երբեք չէ յիշուած հրէական աստուածաշունչին մէջ` Նազարէթ...որ կը գտնուէր Գալիլեայի մէջ եւ սահմանային շրջան մըն էր,  Իսրայէլի արուարձանները, եւ ահա ճիշտ այնտեղ է, որ Գաբրիէլ կը տանի պատգամ մը, այնքան եզակի` որ Մարիամին սիրտը կը ցնցուի ու կ՛ անհանգստանայ» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, թէ ինչպէս Հրեշտակապետը փոխան «խաղաղութիւն քեզի» խօսքին, Մարիամին կը դիմէ հրաւէրով մը «ուրախացիր» խօսքով։

«Ասիկա Աստուծոյ իր ժողովուրդին ուղղած ուրախանալու հրաւէրն է, երբ վերջինիս համար վերջ կը գտնէ աքսորը...Աստուած ապա Մարիամին կը դիմէ սիրոյ անունով մը «լի շնորհքով», որ «կը նշանակէ թէ Աստուծոյ սէրը վաղուց ի վեր բնակեցաւ ու կը շարունակէ բնակիլ Մարիամի սրտին մէջ», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ, թէ այդ անուանումին հետ միասին կայ այլ խօսք մը «մի վախնար», զոր Աստուած ընդհանրապէս կ՛ուղղէ իր բոլոր ծառաներուն, ինչպէս Աբրահամին, Իսահակին, Մովսէսին....

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Գաբրիէլը ապա Մարիամին կը վստահի Յիսուսը իր արգանդին մէջ կրելու առաքելութիւնը, դառնալու այնքան սպասուած Դաւիթական Մեսիային մայրը, Յիսուսին` որուն անունը կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ», յիշեցնելով բոլորին, որ միայն Աստուած կարող է փրկել մարդկութիւնը:

«Այս մանուկը, որ ան կը կրէ իր արգանդին մէջ, կ՛իրականացնէ հին մարգարէութիւնները, ան պիտի դառնայ Թագաւոր` ոչ թէ մարդկային և մարմնական այլ աստուածային և հոգևոր ձևով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «այս եզակի մայրութիւնը կը ցնցէ Մարիամը, բայց ան որպէս խելացի կին մը, այսինքն կարող կարդալու իրադարձութիւնները, կը ջանայ հասկնալ, զատորոշել, այն ինչ որ իրեն կը պատահի։ Ան դուրսը չէ որ կը փնտռէ այլ ներսը, իր սրտի խորքին մէջ, որ բաց ու զգայուն է, ու կը հասկնայ հրաւէրը ամբողջութեամբ վստահելու Աստուծոյ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Եւ Մարիամ կը լեցուի վստահութեամբ, իր մէջ կ՛ընդունի Բանը ու այդպիսով կը մղուի ամենամեծ առաքելութեան` որ երբեւիցէ չէ յանձնուած կնոջ մը, մարդկային էակի մը։ Ան ինքզինք կը դնէ ծառայութեան տակ։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, Մարիամէն, Փրկչին Մայր ու մեր Մայրէն սորվինք ականջալուր ըլլալ Աստուածային Խօսքին, զայն ընդունինք ու պահպանենք, որպէսզի փոխակերպէ մեր սրտերը ու զանոնք դարձնէ իր ներկայութեան տապանակներ, դարձնէ հիւրընկալ տուներ ուր աճիլ յոյսով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2025, 09:25

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031